Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի Բանտէն Յայտարարեց. «Ոչ Թէ Զիս Եւ 15 Հոգիներ Կը Դատեն, Այլ Բոլոր Հայերը»

Մարտ 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան 7 մարտին ընտանիքին միջոցով ձայնային ուղերձ փոխանցած է` հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին խնդրելով ձայնագրել իր ձայնը եւ հրապարակային դարձնել զայն: Ուղերձին մէջ ան յատկապէս խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ` հիմնուած մարդկային հիմնարար արժէքներու եւ արժանապատուութեան վրայ:

«Նախ եւ առաջ, կը ցանկամ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել` միտքերով, աղօթքներով եւ նամակներով ինծի աջակցելու, այստեղ կատարուողին նկատմամբ անտարբեր չըլլալու համար: Ես այդ կը զգամ, ու այդ ինծի ուժ կու տայ: Միտքը նիւթական է: Ես լաւ վիճակի մէջ եմ, ամուր եմ, առողջութիւնս բնական է, ես ինծի հետ հաշտ եմ ու ոգիով ուժեղ, ինչպէս երբեք: Կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել իմ սիրելի կնոջմէս, իմ ընտանիքէս, բոլոր հարազատներէս ու մերձաւորներէս, որոնց իմ այս որոշումով ցաւ ու յուզմունք կը պատճառեմ: Բայց դուք գիտէք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճանապարհը ունի, եւ ես ինծի համար այս ճանապարհը ընտրած եմ: Մեր ճակատագիրները կանխորոշուած են Աստուծոյ կողմէ, իսկ ճանապարհները միշտ մենք կ՛ընտրենք: Եթէ նոյնիսկ կը հրաժարինք մեր ընտրութենէն, այդ մեր փոխարէն միշտ կ՛ընէ մէկ ուրիշը», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան:

Վարդանեան ընդգծած, որ իր այս որոշումը ոչ մէկ ձեւով պայմանաւորուած է իրմով , իր վիճակով կամ մեկուսարանին մէջ իր պայմաններով, ինչպէս անցեալ անգամ, երբ 20 օր շարունակ, մինչեւ ապրիլ 24 հացադուլի մէջ էր: Սա… բողոք է ընդդէմ գործընթացի, ընդդէմ անոր, թէ ինչպէ՛ս կ՛իրականացուի այս դատական գործընթացը:

«Ես գիտակցած եմ, թէ ինչի կ՛երթամ, պատրաստ եղած եմ եւ պատրաստ եմ աւելի վատ պայմաններու: Ես զոհ չեմ, ինծի պէտք չէ խղճալ, քանի որ սա գիտակցուած որոշում է», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան` աւելցնելով. «Իմ պահանջներս նոյնն են: Եթէ կը դատէք` դատեցէք արհեստավարժ կերպով, բաց ու հրապարակային, Ազրպէյճանի բոլոր օրէնքներուն ու ընթացակարգերուն համաձայն, միւսներուն հետ միասին, միջազգային լրատուամիջոցներու, դիտորդներու ներկայութեամբ, եթէ այդքան վստահ էք ձեր արդարացիութեան մէջ: Իմ գործս արհեստականօրէն մի՛ առանձնացնէք»:

«Իմ բոլոր հայրենակիցներուս, սիրելի ու հարազատ մարդոց կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը` կը դատեն ոչ թէ զիս ու միւս 15 հոգին, այլ բոլոր հայերը: Ու եթէ դուք այդ չէք հասկնար, ուրեմն այդ մեծ ողբերգութիւն է, քանի որ սա ամբողջ պատմութեան, հակամարտութեան վերջը չէ, այլ ընդամէնը հերթական փուլը` ի ափսոսանք բոլոր կողմերուն», նշեց Վարդանեան` ընդգծելով. «Երբ կը տեղափոխուէի Արցախ, ես գիտէի ինչի կ՛երթամ: Ոեւէ մարդ իր կեանքին մէջ ամէն բան կ՛ընէ միայն իրեն համար, յանուն իրեն, եւ Աստուծոյ առջեւ պատասխան կու տայ միայնակ` իր բոլոր միտքերուն, խօսքերուն, գործողութիւններուն համար: Ես ատոր մէջ խորապէս համոզուած եմ: Եւ եթէ նոյնիսկ մէկը ինքզինք կը զոհէ յանուն հայրենիքի, ընտանիքի կամ սկզբունքներու, այդ միմիայն իր անձնական որոշումն է եւ իր պատասխանատուութիւնը: Այնպէս որ, այս իմաստով ես ամէն ինչ գիտակցուած ըրած եմ»:

«Չեմ գիտեր` ես կ՛ունենա՞մ արդեօք կարելիութիւն ձեզի հետ շփուելու, թէ ոչ, ուստի կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել բոլոր անոնցմէ, որոնց երբեւէ նեղացուցած եմ խօսքով, գործով կամ անուշադրութեամբ: Ներող եղէք: Ես այդ չեմ ըրած վատ միտքով, նախանձէ, գոռոզութենէ կամ վրէժխնդրութենէ դրդուած: Ես չէի ուզեր ոեւէ մէկուն ցաւ պատճառել», շեշտած է Վարդանեան:

Նախորդը

Լաթաքիոյ Հայկական Դպրոցն Ու Եկեղեցին Փակ Պիտի Մնան Զգուշութեան Նկատառումներով

Յաջորդը

Ապտալլա. «Սուրիոյ Մասնատումը Իսրայէլէն Բացի Ոչ Ոքի Շահերէն Կը Բխի»

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?