Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «(Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփ Ուքրանիոյ հարցով կը փորձէ իմանալ, թէ դէպի խաղաղութեան ուղի գոյութիւն ունի՞»:
«Կարիքը ունինք տագնապին վերջ տալու ուղի մը գտնելու, եւ ատիկա Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն զիջումներ պիտի պահանջէ», նշեց Ռուպիօ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց. «Պէտք է երկու կողմերը բանակցութեան սեղանի շուրջ բերել, եւ ուքրանացիները պէտք է այդտեղ ըլլան, որովհետեւ հարցը իրենց երկրին կը վերաբերի, ինչպէս նաեւ ռուսերը պէտք է մասնակից ըլլան պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն, եւ Թրամփը միակն է, որ կրնայ ատիկա կարելի դարձնել»:
«Պէտք է շարունակենք ռուսերուն հետ խօսիլ` պատերազմին վերջ տալու համար, եւ ատիկա (պատերազմին վերջ տալը, «Ա.») դժուար է կատարել, երբ միւս կողմը կ՛ըսէ, թէ հետաքրքրուած չէ», շեշտեց Ռուպիօ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թրամփի շրջապատի չորս բարձրաստիճան անդամներ Քիեւի մէջ գաղտնի բանակցութիւններ վարած են Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հիմնական քաղաքական հակառակորդներու հետ:
Ըստ երեք ուքրանացի երեսփոխաններու եւ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութենէն արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտի, Թրամփի բարձրաստիճան օգնականները բանակցութիւններ վարած են ուքրանացի ընդդիմադիր ղեկավար, յաւակնոտ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի եւ Զելենսքիի նախագահութեան անմիջական նախորդի` Փիոթր Փորոշենքոյի կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներու հետ:
Քննարկումները կեդրոնացած են այն հարցին շուրջ, թէ արդեօք Ուքրանիան կրնա՞յ արագ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Անիկա կը յետաձգուի երկրի սահմանադրութեան համաձայն, որովհետեւ Ուքրանիոյ մէջ տակաւին զինուորական դրութիւն կը գործէ:
Ընտրութեան կայացման քննադատները կ՛ըսեն, թէ անիկա կրնայ քաոսային ըլլալ եւ ձեռնտու Ռուսիոյ համար, որովհետեւ մեծաթիւ կարողական քուէարկողներ կը ծառայեն ճակատի վրայ կամ իբրեւ փախստական կ՛ապրին արտերկրի մէջ:
«Փոլիթիքօ» կը յայտնէ, որ Թրամփի օգնականները վստահ են, որ Զելենսքին պիտի կորսնցնէ բոլոր քուէները պատերազմէն յոգնածութեան եւ մոլեգնող փտածութեան պատճառով հասարակութեան հիասթափութեան պատճառով:
Լրատուամիջոցը կ՛ընդգծէ. «Իսկապէս, հանրային կարծիքի հարցախոյզներու մէջ անոր վարկանիշը տարիներ շարունակ նուազած է, թէեւ անոնք բարձրացած են անցեալ շաբաթ Ձուաձեւ աշխատասենեակի վէճէն ետք, երբ Ուքրանիոյ ղեկավարին դուռը ցոյց տուին, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի անոր հայհոյելնէն ետք»:
Վերջին հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ Զելենսքի կը շարունակէ գլխաւորել նախագահական ընտրապայքարը: Ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Թրամփ չի միջամտեր Ուքրանիոյ ներքին քաղաքականութեան:
Այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Հաուըրտ Լաթնիք հերքած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը «կը միջամտէ ուքրանական քաղաքականութեան»` աւելցնելով, որ Թրամփի ուզածը խաղաղութեան համար գործընկեր գտնելն է:
Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վէճէն ետք բրիտանական «Սըրվէյշըն» ընկերային հարցախոյզի գործակալութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքին համաձայն, մասնակիցներուն 44 առ հարիւրը կը զօրակցի Զելենսքիի թեկնածութեան, 24 առ հարիւրը ցամաքային զօրքերու նախկին հրամանատար, այժմ Բրիտանիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վալերի Զալուժնիին, 10 առ հարիւրը Փորոշենքոյին, իսկ 5,7 առ հարիւրը` Թիմոշենքոյին:


