Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այն, Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Նախատեսուած Մարտահրաւէրներու Ծիրին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ահմետ Շարհ

Մարտ 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ փոխանցման շրջանի նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ Դամասկոսի Մազզէ թաղամասի մզկիթին մէջ արշալոյսի նամազի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Կ՛ուզեմ, որ չմտահոգուիք այս երկրով, անիկա ուժի, հպարտութեան ու արժանապատուութեան բազմաթիւ մեծ ներուժ ունի»:

«Այն, ինչ որ երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, նախատեսելի սնամէջ մարտահրաւէրներու շարքին է, պէտք է ազգային միասնականութիւնը պահպանենք, եւ Աստուծոյ կամքով, կրնանք այս երկրին մէջ միասնաբար ապրիլ», յայտարարեց Շարհ:

Սուրիոյ նախագահը շեշտեց. «Այնքան ատեն որ յեղափոխութիւնը այսպիսի մզկիթներէ դուրս եկաւ, եւ մզկիթները մեր զաւակներուն սորվեցուցին ազնիւ բարոյականութիւնը, անոնց քաջութիւն ու արդարութիւն սորվեցուցին, ապա Աստուած ուզէ, Սուրիոյ վրայ վախ չկայ»:

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի զինեալներու, ապահովական ուժերու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միաւորներու աջակցութեամբ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջան մուտք գործելէն ի վեր զոհերուն թիւը հասած է 1018-ի, որուն 745-ը քաղաքայիններ են, «որոնք սպաննուեցան համայնքային ջարդերու ընթացքին»:

«Մնացեալ զոհերէն 125-ը ապահովական ուժերէն, պաշտպանութեան նախարարութեան անդամներէն ու աջակից ուժերէն են, որոնց շարքին են առնուազն 93 սուրիացիներ: Նախկին վարչակարգի անդամ եւ անոնց համակիր զինեալներէն արձանագրուած է 148 զոհ»:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Թարթուսի գիւղական շրջանի Քատմուս շրջան` այդտեղի կայունութիւնը ամրապնդելու եւ հանդարտութիւնը վերականգնելու համար:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը Քատմուսն ու Թարթուսի գիւղական շրջանը կը խուզարկէ` նախկին վարչակարգի մնացորդը հետապնդելու համար:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Ասատի վարչակարգի մնացորդը գործի լծողը Իրանն է»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու ապահովական ուժերը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:

Դատապարտումներ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ աւելի քան հազար անձերու սպանութիւնը որակեց «ցնցիչ»:

«Փոխանցման կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է արգիլել յաւելեալ յարձակումներու կատարուիլը, հետաքննել դէպքերն ու անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկել», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Բուռն կերպով բոլոր կողմերը կը յորդորենք բռնութեան վերջ տալու»:

ՄԱԿ իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքին մէջ ամբողջ ընտանիքներու սպանութեան վերաբերեալ չափազանց մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը ստանանք»` կոչ ուղղելով` «բռնարարքը անմիջապէս դադրեցնելու»:

«Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը պէտք է անմիջապէս դադրի», հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ ՄԱԿ-ը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ դատապարտեց «Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուող ջարդերը»:

«Միացեալ Նահանգները կը դատապարտեն իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչները, ներառեալ օտար ժիհատականները, որոնք վերջին օրերուն Սուրիոյ արեւմուտքին մէջ մարդիկ սպաննեցին», յայտարարեց Ռուպիօ` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ կրօնական ու ազգային փոքրամասնութիւններուն կողքին կը կանգնին, ներառեալ քրիստոնէական, տիւրզի, ալեւի եւ քիւրտ հասարակութիւնները, եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն»:

«Սուրիոյ փոխանցման իշխանութիւնները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ այս ջարդերուն հեղինակները», աւելցուց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Նախագահական Որոշումով Ստեղծուեցաւ Սուրիոյ Ծովափի Շրջանի Ոտնձգութիւնները Հետաքննելու Ազգային Անկախ Մարմին

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ օրեր շարունակ Սուրիոյ ծովափի շրջանին մէջ տեղի ունեցան բախումներ Սուրիոյ ապահովական ուժերուն եւ նախկին վարչակարգի զինեալ մնացորդներուն միջեւ: Երկու կողմերէն ալ զոհեր արձանագրուեցան:

Բախումներու ընթացքին ոտնձգութիւններ արձանագրուեցան նաեւ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ, որուն ի տես բողոքի ձայներ բարձրացան հասարակական ցանցերու վրայ:

Սուրիոյ նախագահութիւնը քաղաքացիական համերաշխութիւնը պահպանելու եւ երկրի ազգային բարձրագոյն շահերը պաշտպանելու համար ազգային անկախ մարմին մը կազմեց: Մարմինը 6 մարտէն սկսեալ Սուրիոյ ծովափի դէպքերը պիտի հետաքննէ, պատասխանատու կողմերն ու պատճառները ճշդէ, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ոճրային արարքներ եւ ապահովական ուժերուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ իրագործողներն ու պետական ենթակառոյցներուն վրայ յարձակողները ճշդէ, որպէսզի անոնք դատական մարմիններու յանձնուին:

Նշեալ մարմինը պիտի գործակցի տարբեր անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ապա երեք շաբթուան ընթացքին իր պատրաստած թղթածրարը պիտի ներկայացնէ նախագահութեան:

 

 

 

Նախորդը

Սիրելի՛ Ուսուցիչներ, Պատի՛ւ Ձեզի

Յաջորդը

Լաթաքիոյ Մէջ Երկու Հայ Զոհ

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?