Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկայ Շաբաթ Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

March 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները յաջորդ շաբաթ պիտի հանդիպին Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Այս մասին կը յայտնեն Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, «Ֆոքս Նիուզ»-ը եւ «Աքսիոս»-ը:

«Ուքրանիոյ եւ ամերիկայի խումբերը վերսկսած են աշխատանքը, եւ յոյս ունինք, որ յաջորդ շաբաթ բովանդակալից հանդիպում պիտի ունենանք», «Էքս»-ի վրայ գրած է Ուքրանիոյ նախագահը:

«Ֆոքս Նիուզ»-ի Սպիտակ տան թղթակից Ճեքի Հենրիխ գրած է, որ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 11 մարտին Ռիատի մէջ: Հանդիպումին պիտի մասնակցին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուոլցը, Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը:

«Աքսիոս», վկայակոչելով խնդիրին ծանօթ երկու աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 12 մարտին նախատեսուած բանակցութիւններու օրակարգին վրայ են Ռուսիոյ հետ պատերազմի զինադադարի հաստատման ջանքերը:

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ ըսած է, որ Թրամփ կը ձգտի դադրեցնել բռնութիւնը եւ ոչ թէ ուքրանական պատերազմը ներկայացնել իբրեւ կողմի մը միւսին վրայ յաղթանակը:

Քելլոկ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ Թրամփի եւ Զելենսքիի հանդիպումին ժամանակ տեղի ունեցածը նկատած է երկու կողմերու մօտեցումներու եւ նպատակներու տարբերութեան արդիւնք:

Զելենսքի. «Երկուշաբթի
Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելեմ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ուքրանացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպումին նախօրեակին թագաւորութիւն պիտի այցելէ:

Զելենսքի նշեց, որ այցելութեան նպատակը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին հետ հանդիպիլն է:

«Ատկէ ետք, աշխատանքային խումբս Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ աշխատելու համար: Ուքրանիան արագ ու տեւական խաղաղութեան հաստատումը կ՛ուզէ», նշեց Զելենսքի:

Ուիթքոֆ. «Ուաշինկթըն Եւ Քիեւ Ռիատի Մէջ
Պիտի Քննարկեն 6-Ամսեայ Զինադադարի Հարցը»

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի հարցերով յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ուքրանիան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ պիտի քննարկեն 6-ամսեայ զինադադարի հարցը:

«Մենք այժմ կը քննարկենք ուքրանացիներու հետ Ռիատի կամ Ժետտայի մէջ հանդիպում կազմակերպելու կարելիութիւնը: Այսպիսով, քաղաքը կրնայ փոխուիլ, սակայն ատիկա պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եւ ես կը կարծեմ, որ գաղափարը խաղաղութեան համաձայնագիրի, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ 6-ամսեայ զինադադարի հիմքեր դնելն է», ըսած էր Ուիթքոֆ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց. «Թագաւորութիւնը սիրով կը հիւրընկալէ յառաջիկայ շաբաթ Ժետտայի մէջ Ամերիկայի եւ Ուքրանիոյ միջեւ հանդիպում մը»:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Վտանգաւոր Մագլցում. Աւելի Քան 70 Զոհեր` Ապահովական Ուժերու Եւ Զինեալներու Միջեւ Բախումներու Հետեւանքով

Յաջորդը

Լաթաքիոյ Հայկական Դպրոցն Ու Եկեղեցին Փակ Պիտի Մնան Զգուշութեան Նկատառումներով

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 27, 2026
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.