Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մասնագիտական Արժեչափերու Որդեգրում (Կանանց Եւ Ուսուցչաց Տօներուն Առիթով)

Մարտ 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ Լիբանանի մէջ կը համատեղուին, թուականի կարգով, Կանանց եւ Ուսուցչաց տօները: Եթէ առաջինը միջազգային օրացոյցին մաս կը կազմէ եւ ունի համաշխարհային գաղափարաքաղաքական հնչեղութիւն, ապա երկրորդը Լիբանանի մէջ նշուող տօն է եւ չի տարածուիր այլ երկիրներու մէջ, որոնք ունին ուսուցիչներու արժեւորման այլ օրեր:

Մինչ առաջինը ընկերային խնդիրներ, գաղափարական հարցեր, իրաւահաւասարութեան սկզբունքներ առաջադրելու, արծարծելու, քննարկումներ ծաւալելու, նոյնիսկ ընտրական ծրագիրներու մէջ ներառելու հետ սերտօրէն կը կապուի, երկրորդը բացի տեղայնականութենէն, խորհրդանշօրէն արժեւորելու, մեծարելու եւ բարոյական հարթութեան վրայ ուղերձներ յղելու երեւոյթներով սահմանափակուած է: Առաւելագոյն պարագային, արհեստակցական միութիւններու (սենտիքաներ) ճամբով իրաւազրկումներու անդրադարձող գործողութիւններու մասին է խօսքը:

Ճիշդ պիտի չըլլար կիներու իրաւունքներու յարգման պետական թէ հասարակական առումներով չափաբաժիններու (քոթա) ճշդումով անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու մօտեցումներու օրինականացումը: Ասպարէզներու կամ պաշտօններու ընտրութեան կամ նշանակման համար անհրաժեշտ է բացառապէս նկատի առնել անձին, այս պարագային տղամարդուն կամ կնոջ հմտութիւնը մասնագիտութիւնը, փորձառութիւնը: Նման սկզբունքի գերադասումը կրնայ հետզհետէ կոտրել կարծրատիպերը, մինչ այժմ տիրող ընդհանուր ընկալումները արմատապէս շրջելու համար:

Մասնագիտացումը կամ մասնագիտականութեան պայմանականութիւնը միայն հասարակագիտական իմաստ չունի այս պարագային: Այլ խօսքով` սեռային իրաւահաւասարութիւն կիրարկելու նպատակով չէ, որ պիտի ընկալուի:

Առաջադրանքը ուրեմն գործի արդիւնաւէտութիւնն է: Մանաւանդ ներկայ դարուն, ուր տեղեկացուածութիւնն ու հետզհետէ աւելի նեղ, գերմասնագիտականութիւնն է, որ իբրեւ արժեչափ, իբրեւ համակարգ նոյնիսկ կը գերակայուի, անհրաժեշտ է, որ որդեգրուի մեր կեանքին մէջ եւս:

Իւրաքանչիւր ասպարէզ ուրեմն իր մասնագէտով պիտի ղեկավարուի: Խտրական որեւէ մօտեցում կանխարգիլելէ առաջ եւ ետք գործի արդիւնաւորումը պիտի շարունակէ մնալ գերակայ նպատակ հանրային, պետական ոլորտներուն մէջ:

Այսպէս է նաեւ կրթական մարզին մէջ: Այսպէս պիտի ըլլայ նաեւ դպրոցավարութեան, մանկավարժութեան եւ կրթութեան մեթոտականութեան պարագային: Համալիր յղացքի մասին է խօսքը, բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Գիտելիքահէնք հասարակութիւն ունենալը ներկայ դարուն գլխաւոր առաջադրանք է, որ մեր պարագային զուգորդուած պիտի ըլլայ հայեցի դաստիարակութեամբ:

Կրկնակի առաքելութիւն ունի սփիւռքահայ դպրոցը, իրականացնելու: Թէ՛ գիտելիքի փոխանցումը եւ թէ՛ հայեցի կրթութիւնը արդիւնաւէտ կ՛իրականանան, եթէ ուսուցչական ասպարէզը ընտրողը ունի միաժամանակ լեզուի իմացութիւնը, պատմութեան քաջածանօթութիւնը եւ մանկավարժական մեթոտաբանութեան կիրառական տիրապետումը:

Նոյնիսկ այս ստորոգելիները տակաւին չեն կրնար առանձին արդիւնաւորուիլ, եթէ կը բացակայի նման մասնագիտութիւններով մանկավարժ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը:

Այդ ծրագիրը սակայն պէտք է ներառէ նաեւ մասնագէտ ուսուցիչներուն համարժէք վարձատրութեան հարցը:

Պետութենէ մը ակնկալուած պարտաւորութիւններու մասին են նշուածները: Ուսուցչական մարդուժի պատրաստութիւնը, սփիւռքահայ համայնքները իրենց բոլոր օրակարգերու առաջինը համալրելու բոլոր պատճառները ունին: Եթէ կը շարունակենք համոզուած մնալ, որ հայ դպրոցն է հիմքը կազմակերպ համայնքին, անոր քաղաքական եւ մշակութային գործօն ըլլալու հանգամանքին:

Մասնագէտ մարդուժի պատրաստութիւնը հեռանկար պիտի ունենայ ջնջել սեռային ամէն անհաւասարութիւն եւ գիտելիքահէնք հասարակութեան ձեւաւորման համար մասնագէտ ուսուցիչներով ապահովուած կրթութիւն:

Նախորդը

Պաապտայի Պալատին Մէջ Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 194-ի Լուծում

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?