Զօր. Քլիրֆիլտ Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգման խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ զօր. Քլիրֆիլտի շարք մը օգնականներուն: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան եւ խմբակի աշխատանքին: Պըրրի շեշտեց. «Իսրայէլ իր խախտումներն ու Լիբանանի ու Հարաւի վրայ իր յարձակումները նոյեմբեր 2024-էն...




















