Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իրանը պատասխանատու կը նկատէ՞ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւի միջադէպին յայտարարեց, որ անձնապէս կը կարծէ, որ Իրանը իրապէս պատասխանատու է:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարած էր, թէ մինչեւ հիմա Իրանի մեղսակցութեան վերաբերեալ որեւէ կտրուկ ապացոյց չէ տեսած:
«Միշտ դրական տրամադրուած եմ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու նկատմամբ, եւ անոր հետ պատերազմը այս կամ այն կերպով արագօրէն պիտի աւարտի», նշեց Թրամփ:
«Գոյութիւն ունէին սպառնալիքներ, որոնք մեզ մղեցին ռմբաձիգները բրիտանական «Ֆայրֆորտ» ռազմակայանէն հեռացնելու, եւ զանոնք շատ հեռու վայր փոխադրեցինք», ըսաւ ան:
Թրամփ աւելի ուշ ալ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իրանի մէջ պատերազմը «այս կամ այն կերպով» շուտով պիտի աւարտի, եւ նախատեսեց, որ պատերազմի աւարտէն ետք վառելանիւթի գիները նուազին:
Ան ըսաւ, որ Իրանի մէջ ամերիկեան գործողութիւնը աշխարհին կը խնայէ «բացարձակապէս յոռեգոյն աղէտը»` աւելցնելով, որ վառելանիւթի գիներու բարձրացումը աշխարհի անվտանգութեան պահպանման դիմաց չնչին գին է:
Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, թէ քարիւղը շաբաթական դրութեամբ աննախադէպ քանակով կը հոսի դէպի Միացեալ Նահանգներ:
Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, թէ Հորմուզի նեղուցը այլեւս պենզինի գիներու բարձրացման գլխաւոր ազդակը չէ, որովհետեւ ներկայիս նեղուցէն մրցանշային քանակով քարիւղի տակառներ կ՛անցնին` աւելցնելով. «Սակայն «քարիւղի մշակման գործարաններ» բառը… Մինչ Ուքրանիան կը պայթեցնէ Ռուսիոյ գործարանները, մերինները կը փակուին «կապոյտ» նահանգներուն մէջ, օրինակ` Քալիֆորնիոյ մէջ «յիմար դեմոկրատականներու կողմէ»:
Միւս կողմէ, իրանեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Իրանի խորհրդարանին մէջ սկսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի պաշտօնազրկման հոլովոյթը: Տեղեկութիւնը հաստատած է խորհրդարանի նախագահութեան անդամ Մոհամետ Ռաշիտի:
Անոր համաձայն, Արաղչիի պաշտօնազրկման հարցումը արձանագրուած է խորհրդարանական համակարգին մէջ, սակայն տակաւին հետագայ քննարկման համար չէ փոխանցուած նախագահութեան:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Թեհրանէն ընտրուած երեսփոխան Ամիրհոսէյն Սապեթիին: Ան նախապէս յայտնած էր, որ նախաձեռնութիւնը արձանագրած է եւ դիմած խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆին` զայն ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբ ուղարկելու խնդրանքով:
Դիմումին դրդապատճառը Արաղչիի Նիւ Եորքի մէջ ամերիկեան կողմին հետ հանդիպումն է: Սապեթի կը պնդէ, որ արտաքին գործոց նախարարը ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում ունեցած է առանց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի արտօնութեան:
Ներկայիս պաշտօնազրկման նախաձեռնութիւնը կը գտնուի միայն արձանագրման փուլին մէջ եւ տակաւին խորհրդարանի նախագահութեան չէ փոխանցուած:


