Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առտու ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Եւրոպական Միութեան հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութիւնը ստորագրելու, մանաւանդ որ ան շրջանին մէջ միութեան հիմնական գործընկերն է:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի, Եւրոպայի եւ շրջանի կայունութիւնները իրարու կապուած են:

Աուն նշեց, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութիւնը հիմնուած է պատմական ու մշակութային խոր կապերու վրայ, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքներուն, որոնց գլխաւորները մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի եւ մշակութային բազմազանութեան պետութիւնն են:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց յետՖԻՆԻՒԼ-եան շրջանին մէջ բացի ստեղծումէն խուսափելու համար Եւրոպական Միութեան թափած ջանքերը` աւելցնելով, որ իր գրաւը կը դնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքի ձեւաչափի մը յառաջացման նկատմամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան վրայ:

Ան ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ իր տարածուած շրջաններուն մէջ ամբողջական կերպով կը գործադրէ շրջագծային համաձայնութիւնը, որուն կէտերը կը մերժէ Իսրայէլը գործադրել եւ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ իր յարձակումները:

Աուն ըսաւ, որ Լիբանան համոզուած է բանակցութեան, որ այլընտրանքն է պատերազմին, որուն ճամբով Իսրայէլ պիտի չկարենայ իր նպատակները իրագործել, եւ համաձայնութիւնը միակ միջոցն է երկու երկիրներուն միջեւ թշնամանքի իրավիճակին վերջ տալուն:

Նախագահը բացատրեց, որ Լիբանան յանձնառու է իրականացնելու տնտեսական բարեփոխումներ եւ որդեգրելու ելեւմտական բացի մասին օրէնքը, որ կարելիութիւն պիտի տայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնագիր կնքելու:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան Լիբանանի տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան համար` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով պետութեան երկարաժամկէտ եւրոպական աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը` աւերուած տարածքներու վերականգնման աշխատանքներուն ձեռնարկելու համար:

Քալլաս իր կարգին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Լիբանանին, մասնաւորաբար բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ընկերային ու մարդասիրական ոլորտներով զբաղող կողմերուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնները տրամադրելու»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարը Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ հանդիպումի ընթացքին ալ յայտնեց. «Լիբանան պէտք է իր բոլոր հողերուն վերահսկէ, Հըզպալլան զինաթափէ, եւ Լիբանանի անվտանգութիւնը կապուած է Սուրիոյ մէջ փոխանցման հոլովոյթին»:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար պէտք է միջազգային ներկայութիւն ըլլայ, եւ ձեւաչափի վերաբերեալ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են», նշեց ան:

Քալլաս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Նախորդը

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

RelatedPosts

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Փորձէ Անծանօթ Աղբիւրներու  Ճամբով Պատմութիւններ Տարածել, Սակայն  Անոր Խօսած Գումարները Գոյութիւն Չունին»
Լիբանանեան

Փիկըթ. «Հըզպալլան Կը Փորձէ Անծանօթ Աղբիւրներու Ճամբով Պատմութիւններ Տարածել, Սակայն Անոր Խօսած Գումարները Գոյութիւն Չունին»

October 9, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  Ռաժժիի Յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը  Երկարաձգելու Դիմում Մը
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը Ռաժժիի Յանձնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Երկարաձգելու Դիմում Մը

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.