Նախագահ Աուն Ընդունեց Սիմոն Քարամը
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահը դեսպան Քարամէն տեղեկացաւ անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ լիբանանեան, ամերիկեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւններուն միջեւ ժողովներուն ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին եւ անոր տուաւ յաջորդ փուլին վերաբերեալ իր ցուցմունքները: Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի նոր նշանակուած...




















