Սէուտական Արաբիան, Փաքիստանն ու Թուրքիան Ռիատի մէջ գումարած են Մեքքայի պաշտպանութեան դաշինքի ռազմավարական քաղաքական ու պաշտպանական յանձնախումբի արտակարգ նիստ` քննարկելու համար Սէուտական Արաբիոյ առջեւ ծառացած անվտանգութեան զարգացումներն ու սպառնալիքները: Այս մասին կը հաղորդէ Սէուտական Արաբիոյ պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Մեքքայի պաշտպանութեան դաշինքի հաստատութենական կառուցման ծիրին մէջ, յանձնախումբը որոշած է Փաքիստանէն հանգստեան կոչուած դերզօրավար Նոհման Մահմուտին նշանակել իր առաջին ընդհանուր քարտուղարը` երեք տարուան ժամկէտով:
Անդամ պետութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտած են Մեքքան ու Մետինէն թիրախաւորելու փորձը, եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ քաղաքները, քաղաքային ու տնտեսական կառոյցները թիրախաւորող յարձակումներու շարունակումը` կտրուկ կերպով մերժելով Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ որեւէ յարձակում կամ սպառնալիք:
Յանձնախումբը որոշած է անյապաղ անցնիլ միացեալ պաշտպանական պարտաւորութիւններու գործնական իրականացման եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ` համաձայնեցուած զինուորական ուժերն ու կարողութիւնները տրամադրելու եւ զանոնք Սէուտական Արաբիոյ մէջ արագ տեղակայելու համար` համաձայն անդամ պետութիւններու հաստատուած կարգաւորումներու եւ ազգային օրէնսդրութեան` զինուորական պատրաստուածութիւնն ու համարկումը, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներուն դէմ դնելու եւ անոնց հակազդելու հաւաքական կարողութիւնը բարձրացնելու համար:
Մեքքայի դաշինքի անդամները ընդգծեցին. «Իւրաքանչիւր պետութեան անվտանգութիւնը երեք պետութիւններու հաւաքական անվտանգութեան անբաժանելի մասն է, եւ միացեալ պաշտպանութեան մասին Մեքքայի համաձայնագիրի գործնական քայլերու վերածումը կը մարմնաւորէ միացեալ պաշտպանութեան նկատմամբ յանձնառութեան հաւաստիութիւնը, կը բարձրացնէ զսպման արդիւնաւէտութիւնը եւ կը հաստատէ երեք պետութիւններու միասնութիւնն ու անոնց վճռականութիւնը` պաշտպանելու իրենց անվտանգութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը` ըստ համաձայնագիրի կէտերուն»:
Հուսիներու զինուորական բանբեր գնդապետ-զօրավար Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ իրենց ուժերը կ՛ամրապնդեն գետնի վրայ արձանագրուած ձեռքբերումներուն վրայ իրենց վերահսկողութիւնը, եւ «թշնամիին շրջանառութեան մէջ դրածը յօրինուած հերոսութիւններ են»:
Ան աւելցուց, որ հուսիները անցնող ժամերուն տասնեակներով հարուածներ հասցուցած են Ժաուֆ նահանգի արեւելքը գտնուող «թշնամի» ուժերու կուտակումներուն` պատճառելով մեծաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ եւ ոչնչացնելով շարք մը մեքենաներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ մէկ օր առաջ նշեց. «Ամերիկան Սէուտական Արաբիոյ հետ պարտադիր ապահովական համաձայնութիւն ունի, եւ մտադիր ենք զայն յարգել»:
«Սէուտական Արաբիան ու եմէնեան ուժերը հուսիներուն Պապ Մանտեպ նեղուցին մօտիկ շրջանին վրայ վերահսկողութիւն չեն ուզեր», ըսաւ ան
«Այն, ինչ որ ներկայիս Եմէնի մէջ տեղի կ՛ունենայ, հակայարձակում է` վերատիրանալու համար այն հողերուն, որոնց հուսիները կը վերահսկեն, եւ այդ մէկը կը նախատեսէինք», յայտնեց Ռուպիօ:
«Սէուտական Արաբիան հուսիներէն յարձակումներու ենթարկուեցաւ, կը գիտակցի անոնց ներկայացուցած վտանգը եւ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը ունի», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:


