Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 5, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններու նոր մագլցումը ենթադրել կու տայ, որ իրանեան ճակատը երկրորդ գիծ մղուած է միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Եմէնի հետ համեմատած արդէն Կազան, Լիբանանն ու նոյնիսկ Իրանը կը նկատուին եթէ ոչ անպայման սառեցուած, ապա աւելի մեղմ բախման կէտեր:

Հուսիներու աշխուժացումը, պարզ է, որ իրանեան ներշնչում ունի, նկատի ունենալով Իրանի կարեւորագոյն արտաքին յենակէտ ըլլալու հանգամանքը: Թեհրանի մարտավարութիւնը Եմէնի շրջանը աշխուժացնելու եւ իր ազդեցութեան տակ գործող հուսիներուն յառաջխաղացքը առաջադրելու, ռազմախաղի մեծ կանոն կը փոխէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններու նախօրէին:

Այստեղ կայ երկրորդ Հորմուզի պարագան` Պապ Մանտեպը: Աւելի ճիշդը, արտահանման քանակները նկատի ունենալով թերեւս Հորմուզը ինք երկրորդ Պապ Մանտեպ մըն է, որուն փակուիլը մարդասիրական մեծ տարողութեամբ նոր ճգնաժամերու պատճառ կը հանդիսանայ: Այսպիսով ռազմատնտեսական պատերազմը նոր տարածք կը նուաճէ եւ դուրս կու գայ արդէն իսկ համաշխարհային մակարդակով իր հետեւանքները արձանագրած պատերազմի միջինարեւելեան սահմաններէն:

Սէուտական Արաբիան առաջին հարուածուողն է պատերազմի այս ճակատէն: Միացեալ Նահանգներու դաշնակից  եւ ռազմական յենակէտ նկատուող Ռիատը արդէն իսկ հարուածուած էր Իրանէն: Իր տարածքին վրայ գտնուող ռազմավարական եւ ուժանիւթային նշանակէտեր թիրախ էին Իրանի բանակին կողմէ: Հիմա, հուսիները անարգել յառաջանալու միտումներ կը դրսեւորեն եւ ամէնէն կարեւորը լիակատար վերահսկողութիւն կը հաստատեն Պապ Մանտեպի վրայ:

Ամէնէն ուշագրաւը այս բոլորին մէջ այն է, որ Միացեալ Նահանգներ զինուորապէս չեն օժանդակեր Սէուտական Արաբիոյ` հուսիներու յարձակումները զսպելու համար: Աւելի՛ն. յայտարարած էին, որ պիտի չներգրաւուին այս պատերազմին մէջ: Հանելուկային այս կրաւորականութիւնը քաղաքական հետեւութիւններ կ՛ունենայ անշուշտ:

Տնտեսական այս մեծ պատերազմին մէջ առեւտուրի եւ ուժանիւթային պաշարներու արտահանման համաշխարհային կեդրոն նկատուող այս հանգոյցը այսօր կը գտնուի Իրանի ազդեցութեան տակ գործող ուժի վերահսկողութեան ներքոյ: Չյայտարարուած համաձայնութեան մը ուրուականը կը սաւառնի նեղուցի այս տարածքին վրայ:

Ուաշինկթըն պիտի չուզէր նոր ճակատի մը բռնկումին մէջ ներքաշուիլ յատկապէս նոյեմբերի նախօրեակին: Իրանի մարտավարութիւնը, հիմա բռնկեցնելու եմէնեան ճակատը, պահու ընտրութեան առումով կը կապուի միջանկեալ ընտրութիւններուն: Պապ Մանտեպի ամբողջական փակումը սրընթաց նոր մրցանիշներ պիտի ապահովէր վառելիքի շուկային մէջ, ինչ որ իր անդրադարձը կ՛ունենար անշուշտ հանրապետականներու վարկանիշին վրայ: Մրցապայքարը շատ մօտ է դեմոկրատականներուն եւ հանրապետականներուն միջեւ, եւ նոր ներգրաւումը պատերազմական այլ ճակատի մէջ իր ճակատագրական հետեւանքները կրնար ունենալ:

Անշուշտ միայն ներքին լսարանով չեն բացատրուիր աշխարհաքաղաքական այս շարժումները: Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացում, Սէուտական Արաբիա-հուսիներ պատերազմին մէջ չներքաշուիլ եւ հիմա Մոսկուայի հետ ուժանիւթային խնդիրներու շուրջ որոշ պայմանաւորուածութիւններու համար խորհրդակցելու տրամադրութիւններ հրապարակելը միեւնոյն տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուին: Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները շփումները կը բարձրացնեն. ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական համագործակցութեան թեման՝ յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Համաշխարհային ուժանիւթային քարտէսին մէջ  գոյավիճակ (սթաթիւս քօ) է Հորմուզը, բռնկած է Պապ Մանտեպի շուրջ իրավիճակը, եւ ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ կը սկսին այդ ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը վերագործարկելու: Ահաւասիկ ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմատնտեսական համապատկերը, այսօր:

«Ա.»

Նախորդը

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 5, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.