ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY-ի) Պալքանեան եւ Սեւծովեան շրջանային յանձնախումբի նիստին, Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոպյէի մէջ:
Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան Պալքանեան եւ Սեւծովեան շրջանային յանձնախումբի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սքոպյէի մէջ, 10-13 սեպտեմբեր 2026-ին, «Կազմակերպուի՛լ, համախմբուիլ եւ ժողովրդավարականացուի՛լ. յառաջադէմ երիտասարդութիւնը` ընդդէմ հեղինակապաշտութեան» խորագիրով:
ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Սիւնէ Գէորգեան մասնակցեցաւ բազմօրեայ հանդիպումին, շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարական նահանջի եւ երիտասարդութեան կողմէ արդիւնաւէտ յառաջընթացի վերաբերող քննարկումներուն:
Քննարկումներուն ընթացքին Գէորգեան բարձրաձայնեց շրջանին առնչուող` մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հրատապ հարցերը, մասնաւորաբար անդրադառնալով 2020-էն սկսեալ Արցախի շրջափակման, ապա` Արցախի հայ բնիկ բնակչութեան բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, ընդգծելով նաեւ Արցախի ժողովուրդի` իր պատմական հայրենիք վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը` նշելով, որ վերադարձի իրաւունքը պէտք է մնայ միջազգային օրակարգի առաջնահերթ հարցերէն մէկը:
Ան շեշտեց նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը` պահանջելով միջազգային յստակ եւ հետեւողական հաշուետուութիւն, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակումը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ Ազրպէյճանի ռազմական ներխուժումներուն` ընդգծելով, որ նման գործողութիւնները լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն շրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան համար:
Իր ելոյթներուն մէջ, ան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ պատմական արդարութեան հաստատումը եւ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ միջազգային հետեւողական դիրքորոշումը կարեւոր դեր ունին ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան, երիտասարդական մասնակցութեան հզօրացման եւ շրջանային միասնականութեան ուղղութեամբ մասնակիցներու հաւաքական զօրակցութեան վերահաստատումով:
ՀՅԴ Երիտասարդականը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ` բարձրաձայնելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին առնչուող` ազգային, քաղաքական, անվտանգային եւ մարդու իրաւունքներու հարցերը եւ նպաստելով անոնց նկատմամբ միջազգային իրազեկման ձեւաւորման:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ


