Լիբանանի կառավարութիւնը 8 հոկտեմբեր 2026-ին նախագահական պալատին մէջ իր գումարած ժողովին կատարեց կարգ մը նշանակումներ, որոնց շարքին ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն:
Տիանա Վարդանեան-Մարատեան իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` հանրային կառավարման (Public Administration) մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը` նոյն համալսարանէն` հանրային կառավարման մասնագիտութեամբ եւ հոգեբանութեան երկրորդ մասնագիտութեամբ:
Ան շուրջ քսան տարուան մասնագիտական փորձառութիւն ունի միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, անոնցմէ շուրջ տասնհինգ տարին աշխատած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Զարգացման ծրագիրի Լիբանանի գրասենեակին մէջ: Իր գործունէութեան ընթացքին ան զբաղած է հանրային կառավարման եւ պետական հաստատութիւններու բարեփոխումներու, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան, խորհրդարանական զարգացման, մարդու իրաւունքներու եւ հակափտածութեան ոլորտներուն մէջ կարողութիւններու զարգացման ծրագիրներու մշակումով եւ իրականացումով:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին մէջ իր տարբեր պաշտօններուն ընթացքին ան աշխատած է Լիբանանի խորհրդարանին, պետական հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Ան մասնակցած է նախարարական յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրն ու լիբանանեան կողմը ազգային եւ միջազգային գործընթացներու եւ համաժողովներու մէջ:
Ներկայիս ան Անվտանգութեան ոլորտի կառավարման Ժընեւի կեդրոնի Լիբանանի գրասենեակին մէջ աւագ ծրագրային կառավարիչ եւ Անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներու խորհրդատու է: Ան կը ղեկավարէ Լիբանանի զինեալ ուժերու քաղաքացիական-զինուորական համագործակցութեան ամրապնդման ծրագիրներուն իրականացումը` միաժամանակ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն: Ան նաեւ կը վերապատրաստէ Լիբանանի զինեալ ուժերու համապատասխան անձնակազմը` մասնաւորաբար ծրագիրներու կառավարման եւ գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ծրագիրներու նախագիծերու պատրաստութեան ոլորտներուն մէջ:
Ան մասնակցած է մասնագիտական բազմաթիւ վերապատրաստումներու եւ ձեռք բերած է ծրագիրներու կառավարման, հսկողութեան եւ գնահատումի համապատասխան վկայագիրներ:
Ան բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է իբրեւ բանախօս շրջանային եւ միջազգային համաժողովներու:
Ան նաեւ տարիներու ընթացքին կամաւորական գործունէութիւն ծաւալած է հայկական համայնքային կեդրոններու մէջ:


