Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան եւ խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեան 8 հոկտեմբերին հանդիպած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի հետ:
Քննարկուած են Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու խորացման ու համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր:
«Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները խօսած են մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական գործընթացներուն մասին, ներկայացուցած են իրենց դիտարկումները խօսքի ազատութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն առնչութեամբ:
Պատգամաւորները մտահոգութիւն յայտնած են, իրենց կարծիքով, քրէական որոշ հետապնդումներու ու ժողովրդավարական յետընթացի վերաբերեալ:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին վերաբերեալ:


