Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին` Եւրոպական Միութեան մերձենալու ճանապարհին, յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս:

«Սա մեծ ճանապարհային քարտէս է նաեւ մեզի համար` Եւրոպական Միութեան մէջ պատրաստուելու եւ թեկնածու երկիրներուն ազդանշան տալու, որ մենք պատրաստ ենք: Եթէ անոնք կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները, մենք ալ կը կատարենք մերը», ըսած է Քոս` աւելցնելով. «Մենք մեր պարտաւորութիւնները կը կատարենք նաեւ Հայաստանի նկատմամբ»:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատարին համաձայն, Հայաստանը «իսկապէս կը շարժի Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ»: Իբրեւ օրինակ ան նշած է վիզաներու ազատականացման գործընթացը:

«Այս պահուն Հայաստանը միակ երկիրն է, որուն հետ մենք կը բանակցինք վիզաներու ազատականացման շուրջ», ըսած է Քոս:

Ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան Եւրոպական Միութեան աջակցութեան` նշելով, որ անիկա յատկապէս կարեւոր է Ռուսիոյ կողմէ հայկական ապրանքներու ներմուծման սահմանափակումներու խորապատկերին վրայ:

«Մենք մեծապէս կ՛օգնենք, քանի որ Ռուսիան արգիլած է ձեր երկրէն ներմուծումները», յայտարարած է Քոս:

Խօսքը Եւրոպական Միութեան առաջարկած նոր առեւտրական արտօնութիւններուն մասին է, որոնցմով հայկական քանի մը հարիւր տեսակի ապրանքներ կարելիութիւն պիտի ստանան եւրոպական շուկայ արտահանուիլ առանց մաքսատուրքի: Պրիւքսել այդ արտօնութիւնները առաջարկած է ռուսական սահմանափակումներու խորապատկերին` հայ արտահանողներու համար նոր շուկաներ բանալու նպատակով: Կը նախատեսուի, որ արտօնեալ դրութիւնը գործէ սահմանափակ ժամկէտով:

«Անդամ պետութիւններու եւ Եւրոպական խորհրդարանի աջակցութեամբ մենք ընդունած ենք ինքնավար առեւտրական միջոցներ, որպէսզի Հայաստան կարենայ իր արտադրանքի 80 տոկոսը առանց մաքսատուրքերու արտահանել Եւրոպական Միութիւն», ըսած է Քոս` յիշեցնելով նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար նախատեսուած առանձին աջակցութեան ծրարը:

Նախորդը

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի  Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ  Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Այս Շրջանը Պէտք Չէ Վերածուի Օտարերկրեայ Տէրութիւններու Միջեւ Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Թատերաբեմի»

October 7, 2026
Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ  Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը  Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները
Հայկական

Պայրամով Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը Հետ Քննարկած Է ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծը Եւ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

October 7, 2026
Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին.  «19 Հայ Գերիներու Հարցը  Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է»
Հայկական

Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին. «19 Հայ Գերիներու Հարցը Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.