Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիրքի համահայկական ցուցահանդէսին:

Կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ընթերցասէրներու ներկայութեան կայացած այս հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց հրատարակչատան անձնակազմէն Մեղեդի Պետրճիքեան, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթերեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի եկեղեցիներու յարաբերութիւններու համակարգող վեր. Նշան Պագգալեան: Հրատարակչատան խօսքը արտասանեց տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, իսկ եզրափակիչ պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Համազգային «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսանողները:

Թարգմանչաց տօնին զուգադիպող հայ գիրքի այս ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00, ի բաց առեալ կիրակի օրէն:

Հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտները իրենց կարգին պիտի այցելեն ցուցահանդէս եւ ծանօթանան հրատարակութիւններուն:

Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին երեկոյեան ժամը 7:00-ին նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակի մատենաշարի ցարդ լոյս տեսած հատորներու շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.