Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի սահմանադրութեան որդեգրման եւ Լիբանանի Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած «Սահմանադրութեան տողերուն միջեւ» ցուցահանդէսի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Լիբանանը իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական հայրենիք է, ինքնութեամբ ու պատկանելիութեամբ արաբական է»` աւելցնելով. «Լիբանանի վարչակարգը խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնն է, ան հիմնուած է իշխանութիւններու անջատման, հաւասարակշռութեան ու գործակցութեան վրայ»:

«Թաէֆի համաձայնութիւնը կեդրոնացաւ պետութեան իր սեփական ուժերով իր տարածքին վրայ ամբողջական իշխանութեան տարածման վրայ, եւ անիկա այն հիմքն է, առանց որուն պետութեան իսկական վերականգնում չկայ, որովհետեւ Թաէֆը քաղաքական բարեկարգումը պետութեան իշխանութեան վերականգնումէն, միլիսներու լուծարումէն եւ ուժի կիրարկման իշխանութիւնը անոր հաստատութիւններուն մենաշնորհը դարձնելէն չանջատեց», ըսաւ ան:

«Ժողովուրդի գերիշխանութիւնը իմաստ չունի, եթէ անոր ներկայացուցած հաստատութիւններէն դուրս իշխանութեան աղբիւրները բազմազան ըլլան: Օրէնքի իշխանութիւնը իմաստ չունի, եթէ օրէնքը բոլորին վրայ չի կիրարկուիր, եւ պետութեան գերիշխանութիւնը ամբողջական չէ, եթէ պատերազմի ու խաղաղութեան եւ ազգային անվտանգութեան նման գերիշխանական որոշումները անոր սահմանադրական կառոյցներէն դուրս կը տրուին», նշեց վարչապետը:

«Արդեօք իրականութեան մէջ գործադրեցի՞նք Թաէֆի համաձայնագիրը, թէ՞ գործադրեցինք միայն այն, ինչ որ կը վերաբաշխէր իշխանութիւնը: Ամրագրեցինք հաւասարութիւնը, սակայն չստեղծեցինք ծերակոյտը, եւ քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը ազգային նպատակ յայտարարեցինք, բայց անոր իրագործման գործնական ուղի չմշակեցինք, խօսեցանք ապակեդրոնացման մասին, սակայն անիկա մնաց յետաձգուած նախագիծ», յայտնեց Սալամ:

«Շատ խօսեցանք հաստատութիւններու պետութեան մասին, մինչ շատ պարագաներու արտօնեցինք, որ սովորութիւններն ու ուժերու հաւասարակշռութիւնը գերակշռեն բնագիրին ու հաստատութիւններուն», աւելցուց ան:

«Եթէ իսկապէս կառչած ենք Թաէֆին, ապա նախ պէտք է զայն ամբողջութեամբ գործադրենք: Մենք չենք կրնար յայտարարել Թաէֆին մեր նուիրուածութեան մասին` միեւնոյն ժամանակ անոր բարեփոխումներուն մեծ մասը ձգելով չկատարուած: Ո՛չ ալ իւրաքանչիւր խումբ կրնայ օգտագործել այն, ինչ որ իրեն յարմար է, եւ անտեսել այն, ինչ որ պարտաւոր է ընել», ըսաւ Սալամ:

«Պէտք է աշխատինք ուղղելու Թաէֆի համաձայնագիրի իրականացման ընթացքին անոր աղաւաղուած կէտերը, փակելու այն բացերը, որոնք բացայայտուած են վերջին տասնամեակներուն ընթացքին գործնական գետնի վրայ, եւ անհրաժեշտութեան պարագային մշակելու մեր սահմանադրութիւնը` համաձայն անոր կանոններուն, եւ ոչ թէ զանոնք շրջանցելով», յայտնեց վարչապետը:

Նախորդը

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.