Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանին վերաբերող բանաձեւ մը ընդունած է, որով կը դատապարտէ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բռնաճնշումները եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ քաղաքական բանտարկեալները եւ ռազմագերիները, ներառեալ` Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
«Եւրոպական խորհրդարանը կրկին իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, շարունակուող կալանաւորման կապակցութեամբ, կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զանոնք եւ յարգել անոնց հիմնարար իրաւունքները», նշուած է բանաձեւին մէջ:
Բանաձեւը ընդունուած է 492 կողմ եւ 23 դէմ ձայներով: Հայ գերիներուն վերաբերեալ դրոյթները վերջնական բնագիրին մէջ ներառուած են բանաձեւի համահեղինակ, Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Մարինա Մեզիւրի ջանքերուն շնորհիւ:
Քուէարկութենէն ետք Մեզիւր խստիւ քննադատած է Եւրոպական միութիւնը` Ազրպէյճանին ուղղուած իր բազմակի դատապարտումները յստակ գործողութիւններով չամրապնդելու համար: Ան զգուշացուցած է, որ վտանգուած է Եւրոպական Միութեան վստահելիութիւնը, եւ կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան Պաքուի հետ բոլոր յարաբերութիւնները խստօրէն պայմանաւորելու մարդու իրաւունքներու պահպանումով:
Կը նշուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը կը ցաւի Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Ազրպէյճան կատարած վերջին բարձր մակարդակի այցելութիւններուն ժամանակ քաղաքական բանտարկեալներու հարցերը հրապարակայնօրէն չբարձրաձայնելու եւ անոնց ազատ արձակումը պահանջելու համար: Կը զգուշացնէ, որ նման լռութիւնը կրնայ խաթարել Եւրոպական Միութեան մարդու իրաւունքներու քաղաքականութեան հեղինակութիւնը: Կը պնդէ, որ Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու հետագայ խորացումը պայմանաւորուած ըլլայ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուած անձերու անյապաղ ազատ արձակումով եւ անկախ լրատուամիջոցներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ քաղաքական ընդդիմութեան նկատմամբ ճնշումներու դադարեցումով: Կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանին լիովին կատարելու ՄԻԵԴ-ի որոշումները քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներուն վերաբերեալ:


