Քաց. «Էրտողան Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւններու Մէջ Կը Ներքաշէ»
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ամբաստանեց «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ վտանգաւոր արկածախնդրութիւններու մէջ» ներքաշելու յանցանքով: «Իսրայէլ որեւէ կողմի պիտի չարտօնէ իր անվտանգութեան սպառնալ», ընդգծեց ան: «Էրտողանի համար աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ բաւարարուէր թրքական խորհրդարանին մէջ Իսրայէլի դէմ իր դատարկ ու երեւակայածին ճառերը արտասանելով, փոխանակ դէպի ուղղակի ճակատում մղում տալու», նշեց Քաց: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նշեց. «Սուրիոյ...




















