50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1965)
Ակնարկ Ֆրանսական Արբանեակը «A - 1» արբանեակին արձակումով Ֆրանսա դարձաւ անջրպետային երրորդ տէրութիւնը: Խորհրդային Միութենէն ութ տարի ետք ու Միացեալ Նահանգներէն` եօթը, Ֆրանսա երկրային ծիրի վրայ զետեղեց իր առաջին արբանեակը, Սահարայի Համակիր խարիսխէն: Անկախ այս արձակումին գիտական եւ թեքնիք յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են ֆրանսացի գիտնականներն ու մասնագէտները, այս դէպքին նախագահական ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ պատահիլը կը գրաւէ դիտողներու ուշադրութիւնը:...



