Այլազան

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1965)

Ակնարկ Տը Կոլ Եւ Սինսինաթի Զօրավարը պիտի մնայ: Յաղթահարելով արժանապատուութեան հետ կապուած որոշ դիւրազգածութիւններ, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը, կիրակիի ընտրութիւններուն ձայներու 43 առ հարիւրը ստանալէ ետք, որոշեց մասնակցիլ դեկտեմբեր 19-ի նախագահական ընտրութիւններուն` մրցակից ունենալով ձախակողմեան հոսանքներու միակ թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանը: Կասկած չկայ, որ զօրավար տը Կոլ պիտի ընտրուի դեկտեմբեր 19-ին, որովհետեւ այն ձայները, որոնք դեկտեմբեր 5-ին պատճառ դարձան իր ձախողութեան (Լըքանուէի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անոնք, որոնք վարչական գործունէութեան համար աշխատանք մը պիտի տանին, պէտք է սերտեն յատուկ գիտական թուղթեր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կարգ մը զոյգեր պիտի կարենան լուծել դժուար հարցեր: Վէճերը կարծր պիտի ըլլան, բայց կարելի պիտի ըլլայ զիրար հասկնալը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի մէջ երբեմն պէտք է քաջալերել աշխատող խումբերը` ըստ օրէնքի: Այսպիսով կատարուած...

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1965)

Սիմոն Վրացեանի Բացման Խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութեան Առիթով 75 տարիներ առաջ, 1890 թուականի ամառը, արեւելահայութեան մտաւոր եւ տնտեսական կեդրոն Թիֆլիս քաղաքի մէջ հիմը դրուեցաւ մի կազմակերպութեան, որի 75-ամեակը կը տօնենք այսօր: Այդ կազմակերպութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է: Սկիզբի շրջանին կը կոչուէր Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն: Որովհետեւ հիմնադիրներու նպատակն էր միացնել մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող բոլոր յեղափոխական կազմակերպութիւնները, խումբերը, անհատները մէկ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի փոխադրուիք գաւառային շրջան մը, հոն պիտի գտնէք աւելի պարզ եւ նուազ ծախսով կեանք մը: Ի՜նչ լաւ փոփոխութիւն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ընկերային յարաբերութեան ընթացքին պիտի կարենաք գտնել լաւագոյնը: Ասիկա դրական երեւոյթ մըն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ընտանի անասուններով կը զբաղիք, անոնք ձեզմէ աւելին պիտի պահանջեն: Պատրաստ եղէք անոնց օգտակար...

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1965)

Ձեռնարկներու Նախօրէին Հայկական Ժամադրութիւն Խօսք կու տաս ժամը 9:00-ին գալ, կը հասնիս ժամը 10:00-ին: Երբ մեղադրանքի խօսք լսես, իբրեւ ինքնարդարացում` կը բաւէ, որ ժպտիս եւ ըսես. - Աղուո՛րս, հայկական ժամադրութիւն է, չէ՞... Հարցը կը փակուի: Եւ երբ ուզես, որ ժամադրութիւն մը յարգուի, անպայման պէտք է ընդգծես. - Նայէ՛, ժամը 9:00-ին, հա՞: Մեր ժամադրութիւնը հայկական չըլլայ... Հայկական շատ բաներ պատուական են:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք պիտի ունենաք որոշ գումարի մը` ճամբորդութիւն մը կատարելու համար: Լաւ պատրաստուեցէք եւ մի՛ աճապարէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզի կրնան առաջարկել նոր բնակավայր մը: Լաւ ճշդեցէք, որպէսզի սխալ մը չգործէք այս պարագային: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժամանակը հասած է կանոնաւորելու ձեր գործերը, որպէսզի ձեր նոր աշխատանքին մեկնարկը յաջող ըլլայ: Ինքնավստահ եղէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

Կատուներու Մոլորակը

Կատուներու Մոլորակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անոնք ծնած են Ասիոյ մէջ եւ հետզհետէ նուաճած ամբողջ մոլորակը: Սակայն անոնք միշտ նոյն ձեւով չեն ընդունուած մարդոց կողմէ... Աստուածային Հին ժամանակներէն ի վեր արդէն, կատուն ընտանի անասուն մը եղած էր Եգիպտոսի մէջ, ուր ան երկար ատեն պատկառանքի արժանի եղած էր: Ան նոյնիսկ ունէր իր պատկերով աստուածուհի մը` Պասթէթ: Հին եգիպտական աւանդութեան մէջ Հէլիօփոլիսի մեծ  կատուն,...

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1965)

«Քափիթոլ»-ի Ընդարձակ Սրահին Մէջ Եւ Խուռներամ Բազմութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակը Փառահեղ Շուքով Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ Տօնակատարուեցաւ Երէկ ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, փառահեղ եւ արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Դաշնակցութեան 75-ամեակը, երէկ` 5 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին սինեմա «Քափիթոլ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ, ուր խուռներամ բազմութեամբ փութացած էին ընկերներ, համակիրներ ու բարեկամներ` լսելու մեր կուսակցութեան խօսքը: Հանդիսութեան ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ, քաղաքական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ նոր յարկաբաժին մը գնելու մասին կը մտածէք, այսօր պիտի յետաձգէք այս ծրագիրը:  Հետագային խոհեմութեամբ վարուեցէք նման նախաձեռնութեան մը նկատմամբ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հետաքրքրեցէք ձեր շուրջինները, ձեզի օգնելու համար, այս պարագային խմբային աշխատանքը հաճելի է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Սէրը կը թակէ ձեր դուռը: Այսօր  տեղի ունենալիք այցելութենէն բնաւ դժգոհ պիտի չմնաք,...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ղազար Վարագեանի մահուան առիթով` - ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութիւն 100.000 լ. ո. - Նագաշի «Հրայր Մարուխեան» ակումբի վարչութիւն 75.000 լ. ո. Գրիգոր Իսրապեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Սարգիս Տիլսիզեան 100$

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական  Նոր Հորիզոններ (ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակին Առիթով) «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներու թափօրն է», ըսեր էր առիթով մը Ալեւոր Գրագէտը` Յ. Օշական: «Դաշնակցութիւնը մեր հերոսներու փառահեղ շքերթն է», կրնանք աւելցնել մենք: Նահատակներու եւ հերոսներու կամաւոր բանակ մը, արդարեւ, որ հրաբխային երկունքէ մը ետք պայթեցաւ կարծես Հայկական Բարձրաւանդակի խռովայոյզ ընդերքներէն, հայոց հնաւանդ պատմութեան խորագոյն խորերէն, մեր ոգեկան Արարատի խորախորհուրդ վիհերէն: Գաղափարական յօժարակամ մահակիրներու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Չէք սիրեր, որ ուրիշներ ձեզի ստիպեն աճապարանքով գործ մը կատարել: Լաւ գիտէք, որ այս ձեւը արդիւնք մը չի տար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր ձեր ժամերը տրամադրեցէք պտոյտի, մասնաւորաբար` լուսաւոր փողոցներու մէջ. շատ պիտի ուրախանաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Անցեալէն եկած տխուր մտածումները հեռացուցէք ձեզմէ: Ապագային մասին մտածեցէք լաւ տրամադրութեամբ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

Փորձ-Հարցարան.  Ձեր Պայուսակը Կը Պատմէ Ձեր Բնաւորութեան Մասին

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Պայուսակը Կը Պատմէ Ձեր Բնաւորութեան Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձեր պայուսակին մէջ այլազան իրեր պահելով` դուք հաւանաբար չէք ալ կռահեր, որ այդ իրերը եւ զանոնք տեղաւորելու ձեւը կրնան որոշ պատկերացում մը տալ ձեր բնաւորութեան մասին: Իսկ ձեր բնաւորութիւնը իմանալու համար անմիջապէս բացէք ձեր պայուսակը: - 1 - Ինչպիսի՞ պայուսակ կը նախընտրէք. ա.- Մեծ չափի, որպէսզի որքան հնարաւոր է, շատ իրեր տեղաւորեմ: բ.- Ոչ մեծ չափի, բայց...

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1965)

Ասմունքի Վարպետ Սուրէն Քոչարեանի Արուեստը Հայաստանի արուեստի վարպետներուն մէջ Սուրէն Քոչարեան մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Ան հայ արուեստի մէջ գեղարուեստական ասմունքի հիմնադիրն է եւ անոր մեծ վարպետներէն մէկը` ամբողջ Խ. Միութեան մէջ: Բանաստեղծութիւններու, արձակ ոչ մեծ ստեղծագործութիւններու եւ մենախօսութիւններու գեղարուեստական ասմունքը գոյութիւն ունէր իրմէ առաջ ալ: Սակայն Ս. Քոչարեանի կատարողական արուեստը ինքնատիպ է իր բազմաթիւ առանձնայատկութիւններով: Ահա կը սկսի անոր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Տկար առողջութիւն ունիք: Դժուարութիւն ունիք կազմակերպուելու: Ամէն ինչ շուտով պիտի կարգադրուի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր արեան ճնշումը բարձր է: Ֆիզիքական աշխատանք մը ձեզ ոտքի վրայ կրնայ պահել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Անոնք, որոնք ընտանիք չունին, ընկերութեան մէջ պիտի կարենան գտնել իրենց փնտռած սէրը: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Փոքրիկներ կը ստեն եւ...

50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1965)

Ուղեւորը Ուղեգիր (Ս. Վրացեանի Գիրքին Առիթով) Կեանքի ուղիներուն վրայ լման վաթսուն տարի դեգերելէ ետք, մեր երախտաւոր ընկերը` Սիմոն Վրացեան հիմա դարձեալ եղած է այդ ուղիներուն անխոնջ վիպերգուն: Այս աշխատանքին համար բացառաբար օգտագործած է իր համապարփակ ու լայնածիր յիշողութիւնը: Երեւակայութիւնը գրեթէ դեր չունի իր գործին մէջ, որ աւելի շատ դիտողութեան ու դատողութեան արդիւնք է, քան` վերասլաց երեւակայութեան: Կեանքի մէջ սակաւախօս, գրականութեան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պարտականութիւններ տուէք ձեր փոքր զաւակներուն` պատասխանատուութիւն սորվելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր կարելիութիւնը ըրէք խանդավառութեամբ` ձեր սիրած անձին սիրտը գրաւելու համար: Վիպային եղէք` առանց վախնալու, թէ կրնաք ծիծաղի առարկայ դառնալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ոչինչի պիտի հասնիք ուրիշներու գործին միջամուխ ըլլալով: Փորձեցէք ընել ազնուութեամբ, ինչ որ անոնք կ՛ակնկալեն: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ ( 1 Դեկտեմբեր 1965)

Բերիոյ Թեմ  Թեմական Այցելութիւններ Հոկտեմբեր 31, կիրակի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Քաղաքական ժողովի ատենապետ Ժոզեֆ Պայրամեանի եւ տոքթէոր Գասպարեանի, Ռագգա մեկնեցաւ եւ ներկայ եղաւ Ս. պատարագին ու քարոզեց: Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Վահան քհնյ. Գրիգորեանի, քաղաքական ժողովի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն, այցելեց նահանգապետին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ: Նոյեմբեր 17, չորեքշաբթի, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Համազասպ քհնյ. Շաքարեանի եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սէրը կը ճառագայթէ ձեր շուրջը: Արտայայտեցէք ձեր զգացումները: Օրը շատ հաճելի պիտի անցնի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընտանիքին գործունէութիւնը եւ առեւտուրը լաւ վիճակի մէջ են: Պիտի աշխատիք ազդու կերպով եւ լաւ մթնոլորտի մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտանեկան համաձայնութիւնը սքանչելի պիտի ըլլայ, մանաւանդ` քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ, որոնք իրարու նեցուկ պիտի կանգնին առանց...

Page 327 of 361 1 … 326 327 328 … 361

Արխիւներ