ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնութեան մէջ պտոյտի մը առիթը ստեղծեցէք: Փակագիծի մէջ դրէք եւ մոռցէք տխուր միտքերը: Կրնաք օրուան բարիքը վայելել ամենայն սրտով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Փոքր ուշադրութիւն մը անցուդարձի վրայ` պիտի վերածէ օրը ուրախ ժամանցի: Մէկ կողմ դրէք ձեր բոլոր հոգերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուրիշներուն նայուածքներուն շատ ուշադրութիւն մի դարձնէք: Պէտք է անտարբերութեամբ յառաջանալ` առանց կարեւորութիւն տալու ուրիշներու կարծիքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անկարելի ծանօթութիւն մը պիտի բացակայի այսօրուան ձեր աշխատանքին մէջ: Եթէ նման տրամադրութիւն մը ունենաք, հանդարտեցէք եւ մտածեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սքանչելի վերաբերում մը ձեզ պիտի վերածէ սքանչելի եւ գիտակից հաշուապահի մը: Օրը ունի բարեկամներով ուրախանալու լաւ առիթներ: Արժեւորեցէք պահը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ամուսնացած էք, պիտի ապրիք շատ սիրալիր պահեր: Ձեր սիրելին հաճելի անակնկալներ պիտի մատուցէ ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ անկողինէն ելլէք, դուք ձեզ հիւանդի մի՛ վերածէք: Սքանչելի օր մը ձեզ կը սպասէ, վայելեցէք, որքան որ կ՛ուզէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեծ հաճոյք պիտի առնէք այսօր ձեր ընկերներով պտոյտ մը կատարելու ընթացքին: Օրը պիտի անցնի ձեր ակնկալածէն աւելի ուրախ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր անցեալին կապուած մի՛ մնաք, ազատ զգացէք եւ կատարեցէք այն ինչ որ կ՛ուզէք: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ եւ բեղուն աշխատանք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանիքը պիտի ըլլայ ձեր ապաստարանը: Մտիկ պիտի ընէք բազմաթիւ խրատներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կրնաք խնայողութիւն ընել՝ առանց նեղ զգալու: Արժէքը գիտցէք ձեր ունեցած դրամին: Օրուան ընթացքին պիտի ընդունիք հաճելի հիւրեր եւ պիտի ուրախանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ունեցած հաճելի հմայքը օգտագործեցէք, որպէսզի ոչ ոք մերժէ ձեր խնդրանքը: Ունիք ապահով շահեր եւ պաշտօնի բարձրացում: