Այլազան

50 Տարի Առաջ (17 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք  Յիսնամեակի Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Պելճիքայի Մէջ Ներկայ Կ՛ըլլան Կրօնական Եւ Պետական Անձնաւորութիւններ Պելճիքայի հայկական գաղութը կիրակի, նոյեմբեր 7-ին մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ շուքով ոգեկոչած է յիշատակը մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն` յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութեամբ մը: Պելճիքական ամբողջ մամուլը հետեւեալ օր լայնօրէն անդրադարձած է այս հանդիսութեան` ընդգծելով անոր վեհութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դատին արդարութիւնը: Պրիւքսէլի պատկերասփիւռը, ինչպէս կը հաղորդէ Էտտի Էմիրզեան, աւելի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Չնախատեսուած այցելութիւններ պիտի տան ձեզի ձեր բարեկամները, ինչ որ մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ ձեզի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նուիրեալ աշխատանք կը տանիք ձեր գործունէութեան մէջ: Ձեր այս վերաբերումը կը նշմարուի ձեր շուրջիններէն: Շարունակեցէք նոյն ձեւով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր հարցումներուն դրական պատասխան պիտի գտնէք այսօր: Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առաջ (16 Նոյեմբեր 1965)

Ակնարկ  Ներքին Փոխառութիւն Լիբանանեան պետութիւնը մտադիր է արտաքին փոխառութիւններու դիմելու` Հնգամեայ ծրագրին առաջին մասը իրագործելու համար: Կը խօսուի Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մասին: Քուէյթ արդէն 45 միլիոն լ. ոսկիի փոխառութիւն մը ըրած է Պէյրութի քաղաքապետութեան: Ամերիկեան դրամագլուխներու համար Ուաշինկթըն կը պահանջէ պետական երաշխաւորութիւն: Ֆրանսայի պայմանները տակաւին յայտնի չեն: Սկզբունքով հակառակ չըլլալով հանդերձ արտաքին փոխառութիւններու, որոնք կը հանդիսանան արտայայտութիւնը արտասահմանի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքի մէջ աճապարանք չկայ: Ժամանակ առէք` չափելու եւ կշռելու ձեր ընելիքները, հանդարտութեամբ որոշում տուէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մարզանքի կարիքը ունիք. եոկա փորձեցէք, որուն անմիջական օգուտը պիտի տեսնէք: Արժեւորեցէք ձեր ֆիզիքականը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեզի մօտիկ անձ մը ձեզ պիտի քաջալերէ այնպիսի պահու մը, երբ յուսալքումի մատնուած էք: Մի՛ մտահոգուիք անիմաստ հարցերով:...

Սումոյի Դպրոցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Սումօն իշխող մարզանքն է Ճափոնի մէջ: Հայաթօ, Թօանոսուքէ եւ իրենց ընկերները կ՛երազեն սումոյի մարզիկ դառնալ: Սակայն աշխատանքը դիւրին չէ: Սումօն Ճափոնի մէջ հնարուած գօտեմարտի տեսակ մըն է: Յաղթելու համար, պէտք է հակառակորդը շրջանակէն դուրս հրել, կամ շրջանակին մէջ գետին ձգել զայն: Մարզիկին ծանրութիւնը կարեւոր է կարենալ հակառակորդին յարձակումներուն դիմադրելու համար: Չափահաս սումօթօրիները կը կշռեն 130-էն 150 քիլոկրամ:...

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւններ Լիբանանի թեմի ազգային Քաղաքական ժողովին որոշումով, կիրակի, 14 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, տեղի ունեցաւ վիճակով դադրած ազգային Գաւառական ժողովի լրացուցիչ երեսփոխաններուն եւ իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած թաղականութեանց տեղ նորերու ընտրութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող, քսան տարիքը լրացուցած Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, օրինակելի կարգապահութեամբ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը: Ազգային երեսփոխան ընտրուեցան Արամ Ամասեան,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Խոհանոցի աշխատանքը ձեզ պիտի մղէ անծանօթ ճաշեր սորվելու: Նորութիւններ ստեղծելու ձեր փափաքը պիտի աճի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մեծ փոփոխութեան շրջան մը կը նախատեսուի ձեզի համար, դուրս պիտի ելլէք ձեր հանգիստ կացութենէն: Յառաջացէք, որովհետեւ ձեր կեանքին մէջ հաճելի նորութիւններ պիտի կատարուին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շուտով մի ջղայնանաք, գիտցէք ձեր հանդարտութիւնը պահել հարկ...

50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1965)

Խմբագրական Կենդանի Օրինակը («Մեզ Խօսքեր Չեն Հարկաւոր, Այլ` Գործեր») Բազմազան են կեանքը ապրելու ձեւերը: Առաւե՛լ եւս բազմաթիւ են գաղափարները ապրելու, այլ մանաւանդ կենսագործելու եղանակները: Յամենայն դէպս այդ ձեւերէն, այդ եղանակներէն կախում ունի մեր իմացեալ կեանքին, ինչպէս նաեւ մեր դաւանած գաղափարներու լինելութիւնը, ճակատագիրը: Այսպէս է ոչ միայն անհատներու, այլեւ ժողովուրդներու պարագային: Առաւե՛լ եւս` հանրային, քաղաքական կազմակերպութեանց պարագային: Կարելի է, օրինակ, աշխարհի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աւելի հանդարտ կշռոյթ մը կիրարկեցէք: Հոգ տարէք ձեր բոյսերուն, որմէ հաճոյք պիտի ստանաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր գործերուն համար օրը շատ լաւ է, մանաւանդ` առեւտուրի վերաբերեալ, նոյնպէս ապագայի վերաբերեալ ձեր ծրագիրները պիտի յաջողին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ի՛նչ նախաձեռնութիւն որ կատարէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Օրը յարմար է նոր ծրագիրներ մշակելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

Վաղը` Նոյեմբեր 13-ը` Ազնուութեան Միջազգային Օր

Վաղը` Նոյեմբեր 13-ը` Ազնուութեան Միջազգային Օր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ազնիւ մարդիկ կեանքի մէջ աւելի առողջ են, հանգիստ եւ խաղաղ, քանի որ ազնուութիւնը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ աւելի լաւատես կը դարձնէ խնդրոյ առարկայ անձը: Դժբախտաբար պարագան նոյնը չէ շրջապատին հետ անհաշտ, կռուազան եւ անազնիւ մարդուն համար: Ազնուութեան միջազգային օրուան գաղափարը ծնունդ առաւ 2000-ին Սինկափուրի մէջ, եւ շատ չանցած` որդեգրեցին զայն: «Ազնուութիւնը...

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1965)

Ու Ես Կ՛երթամ... Տարօնի Ճամբուն Վրայ 1964 յուլիս 13, երկուշաբթի: Այս եղանակը դաշտային աշխատութեանց ամէնէն բեղմնաւոր շրջանն է: Գիւղացիները, մեծով ու պզտիկով, գաւառական ասութեամբ, մարով ու ձագով, արտէն կալ, կալէն ջաղացք, ջաղացքէն տուն, սարէն ձոր, ձորէն անտառ կ՛երթան ու կու գան: Հասկերը իրենց կանաչ պատմուճանը հանած` ոսկեգոյն մետաքսով զարդարուած են: Ատոնք հասկերը աւելի դանդաղաշարժ են, քան կանաչները: Հովը կ՛երգէ, հասկերը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքին մէջ պիտի շրջապատուիք վստահելի անձերով: Պիտի զգաք իրարու օգնութեան եւ համակեցութեան արժէքը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Միշտ ուրիշէն սորվելիք ունիք, նոյնիսկ եւ մանաւանդ բոլորը հեռացած են ձեզմէ: Սկիզբէն մի՛ դատէք, որպէսզի դուռը չփակուի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր զօրաւոր կեցուածքը պիտի բաւէ համոզելու անոնք, որոնք դժուար կը հասկնան: Շարունակեցէք ձեր մարդկային վերաբերումը:...

50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1965)

Դաշնակցական Պատանիներուն ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուելու եկո՛ղ պատանիներ, հայ ժողովուրդին ծառայելու համար Դաշնակցութեան գի՛րկը եկած պատանիներ, դաշնակցակա՛ն պատանիներ, դո՛ւք, որ կը կարդաք այս տողերը, գիտցէ՛ք` դժուար է դաշնակցական ըլլալը: Դժուար չէ Դաշնակցութեան մէջ մտնելը, սակայն շատ դժուար է դաշնակցական ըլլալը, որովհետեւ չի բաւեր շարքերուն մէջ ըլլալ, չի բաւեր երդում կատարել, չի բաւեր մինչեւ անգամ կանոնաւորաբար պատանեկանի կամ, ապագային, դաշնակցական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր լաւ պէտք է մտածէք ձեր գործունէութիւնը ճիշդ դասաւորելու համար: Հապճեպ որոշում տալը սխալ է: Խոհեմ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր դժուարութիւն պիտի ունենաք ձեր գործունէութիւնը դասաւորելու, մանաւանդ` ամուսնական կեանքի մէջ, որ ձեր ուզածին պէս չ՛ընթանար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լուսինը եւ արեւը կարելիութիւն պիտի ստեղծեն ձեր գործունէութիւնը կատարելու այնպէս, ինչպէս որ...

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1965)

Արարատի Փէշերուն Վերջերս Հայաստան այցելեց պուլկար գրագէտ Վլատիմիր Նայտենով: Սոֆիա վերադարձին «Ռապրթնիչեսքօ Տելօ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայեց տպաւորութիւններու շարք մը: Ստորեւ` ակնարկներէն մէկը. Արարատ լեռը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն առանց անոր դժուար է պատկերացնել այդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Այս լեռը անզգուական զարդ մըն է, որուն հետ թերեւս կարելի է համեմատել միայն Ֆուճիյաման (Ճափոն) եւ մասամբ ալ` Վիտոշը...: Արարատը միայն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւ լուր մը, որ առանձինը պիտի չգայ, իրաւունք պիտի տայ ձեզի լաւատես ըլլալու: Օրը հետաքրքրական է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ամուսնական կեանքին մէջ ձեր կողակիցը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Կեանք ապրելու լաւագոյն ձեւն է այս: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ քուն մը պիտի փարատէ ձեր յոգնութիւնը: Քնանալը բուժիչ յատկութիւն ունի, լա՛ւ քնացէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք  Ականջի Անուանի Մասնագէտ Տոքթ. Արամ Կլորիկ Միջազգային Համբաւի Տիրացած Տոքթ. Արամ Կլորիկ այսօր ծանօթ անուն մըն է միջազգային չափանիշով եւ լսողութեան պահպանման մարզին մէջ ամէնէն տեղեակ մարդն է: Տոքթ. Արամ Կլորիկ ծնած է 1908-ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը եւ երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան եւ 19...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Գործի մէջ կացութիւնը ի նպաստ քեզի չէ. քիչ մը գլուխդ ծռէ եւ աշխատէ` առանց դժգոհելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզ կը մեղադրեն անկանոն գործունէութեան համար, մինչդեռ ամէն մարդ կը սպասէ, որ դուք լաւ արդիւնք տաք եւ օգտակար ըլլաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պէտք ունիք ֆիզիքական մարզանքի, պէտք է որ յարատեւօրէն հետեւիք մարզանքի, որպէսզի...

Page 329 of 361 1 … 328 329 330 … 361

Արխիւներ