Այլազան

50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1966)

Ուիլիըմ Սարոյեան Ինք Իր Մասին Թէեւ ես գրում եմ անգլերէն եւ թէեւ ծնունդով ամերիկացի եմ, բայց ես ինձ համարում եմ հայ գրող: Իմ գործածած բառերը անգլերէն են: Միջավայրը, որի մասին գրում եմ, ամերիկեան է: Ոգին, սակայն, որ մղում է ինձ գրելու, հայկական է: Ուստի ես հայ գրող եմ: Ես խորապէս սիրում եմ հայ գրողների մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը: Ես հպարտ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճաշի հիւրեր պիտի ունենաք: Ձեր խոհանոցային աշխատանքը պիտի գնահատուի բոլորէն: Օրը պիտի անցնի համերաշխ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած մէկ բարեկամէն,  որ օտար երկիր մը կ՛ապրի, պիտի ստանաք նամակ մը կամ հեռաձայն մը: Ձեր կարգին գրաւոր պատասխանեցէք անոր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամներով ծրագրած էք պտոյտ մը կատարել...

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1966)

Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը Պաթանեան Պատրիարքին Յուշագիրը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Ու Թանի Յուշագիրը, Որ Պատմականը Կ՛ընէ Հայկական Ողբերգութեան, Կը Դիմէ Մարդկային Խղճմտանքին` Արդարութիւն Պահանջելով Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը Լեւոն Քէշիշեան 18 յունուար թուակիր մասնաւոր հեռագրով մը կը հաղորդէ մեզի. Այսօր, 18 յունուար 1966, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ու Թանի յուշագիր մը յանձնուեցաւ, որ ղրկուած էր հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ....

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ չէք կրնար ձեր անձնական հարցերը լուծել առանձին, մի՛ գանգատիք: Ուրիշներ պարտաւոր չեն ձեր գործերը կատարելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի կարենաք որոշել օրուան ձեր յայտագիրը: Ուրիշներուն մի՛ վստահիք ձեր ընելիքը: Աշխատելու օրն է այսօր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դրական խօսակցութեամբ մը պիտի կարենաք լուծել վէճ մը: Ականջ տուէք բարեկամական զրոյցներու` առանց անձնական...

Առողջապահական.  Ձմրան Ինչպէ՞ս Ամբողջացնել Տէ. Կենսանիւթի Պակասը

Առողջապահական. Ձմրան Ինչպէ՞ս Ամբողջացնել Տէ. Կենսանիւթի Պակասը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ձմրան եղանակին մեր մարմինը կը տառապի արեւի պակասէն եւ, բնականաբար Տէ. կենսանիւթէն, որ տարուան միւս եղանակներուն կը ստանայ արեւէն: Տէ. կենսանիւթի շնորհիւ` կիրը, ֆոսֆորը, Ա. կենսանիւթը, մակնիզիոմը եւ այլ օգտակար նիւթեր սնունդի ճամբով կը ներծծուին մեր մարմնին կողմէ, բարակ աղիքին միջոցով: Այս պատճառով ալ Տէ. կենսանիւթին պակասը նաեւ կը խանգարէ օգտակար միքրօտարրերու ներթափանցումը մեր մարմինին մէջ: Տէ....

50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1966)

Ակնարկ Ինտիրա Կանտի Կին մը պիտի վարէ 400 միլիոն ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Ինտիրա Կանտի, 48 տարեկան, աղջիկը` հանգուցեալ վարչապետ Ժաւահարլալ Նեհրուի, Քոնկրեսի կուսակցութեան կողմէ, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, կոչուեցաւ Լալ Պահատուր Շասթրիի դժուար յաջորդութեան: Դժուարին, որովհետեւ Նեհրուի մահէն 19 ամիս ետք Հնդկաստան անճրկած կը մնայ այն բոլոր խնդիրներուն առջեւ, որոնք ցցուեցան հսկայ ցամաքամասին` քաղաքական ու տնտեսական անկախութեան ճամբուն վրայ: Ժաւահարլալ Նեհրու,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր անձով զբաղելու, ասիկա եսասիրութիւն չէ, ունիք սեփական աշխատանքներ, որոնք պիտի յաջողին ձեր ջանքերով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ մէկը վիրաւորական խօսք ըսած է ձեզի, ներեցէք զայն: Ամէն անձ սխալական է, կրնաք օր մըն ալ դուք սխալիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Քիչ կը պատահի, որ ձեր քով գտնէք անձ մը, որ...

50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1966)

Ու Ես Կ՛երթամ...  Աշտիշատ 19 յուլիս 1964, կիրակի: Օրն է կիրակի, Մութն ու լուսուն կ՛արթննամ: Տարբեր աշխարհի մը մէջ եմ... Հոգիս ցնծութեան մէջ է: Քանի վայրկեանները կը սահին, ես անհանգիստ կ՛ըլլամ: Ներսս հրաբուխի պէս կ՛եռայ: Շարժավարը խօսք տուած էր, պէտք էր կանուխ գար... Արեւը չծագած պէտք է Աշտիշատ ըլլամ... Կառքի մը դղրդիւնը սիրտս ուրախութեամբ կը լեցնէ: Անմիջապէս դուրս կը խոյանամ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները լարուած պիտի ըլլան: Լաւ կ՛ընէք, որ տուեալ հարցերուն մասին հասկացողութեան գաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անհաւատարմութիւնը զոյգերու միջեւ անշուշտ վնասակար է: Ուշադիր եղէք զիրար վիրաւորելէ, որպէսզի հարցը չբարդանայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեզի շատ պէտք ունի ձեր ընտանիքը, որուն մասին բնաւ չէիք մտածած: Զիրար լաւ հասկցէք եւ եղէք ներողամիտ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

50 Տարի Առաջ (19 Յունուար 1966)

Նախագահ Շարլ Հելուի Պատգամը Ժողովուրդին  Նախագահը Բոլոր Քաղաքացիներէն Կը Սպասէ Արդիւնաւոր Գործակցութիւն Մը` Ազատական, Արդար Եւ Արդիական Պետութեան Մը Կերտումին Համար Երէկ` երեքշաբթի իրիկուն, Հանրապետութեան նախագահը ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն պատգամ մը ուղղեց լիբանանեան ազգին: Նախագահական պատգամը կը շօշափէ երեք հիմնական հարցեր. հաշտեցնել տնտեսական զարգացման եւ ընկերային յառաջդիմութեան պահանջները, պետութեան ապահովել ելեւմտական բաւարար աղբիւրներ եւ զարգացման ծրագիրները իրագործելու ատակ անձնակազմ, նորութիւն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յոռետես մի՛ ըլլաք: Եթէ ոեւէ մէկը վիրաւորած է ձեզ, մի՛ կարծէք, որ գիտակցաբար ըրած է, այլ` ակամայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր կարողութեան վրայ վստահութիւն չունիք, չէք կարծեր, որ կը յաջողիք, սակայն ձեզի մօտիկ անձեր վստահութիւն պիտի ներշնչեն ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ մէկը մերժած է ձեզի բարիք մը ընել, մի՛ յուսահատիք,...

50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1966)

Ակնարկ Նախագահական Պատգամը Նախագահ Հելու այսօր պիտի խօսի ժողովուրդին: Լիբանանեան հանրապետութեան մէջ, ըստ աւանդութեան, նախագահը երկու անգամ առիթ կ՛ունենայ խօսելու իր ժողովուրդին` Նոր տարիին եւ նոյեմբեր 22-ի անկախութեան տօնին: Բացառիկ պարագաներու միայն նախագահներ անհրաժեշտ կը նկատեն ուղղակի դիմել ժողովուրդին, պարզել անոր` երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վիճակը: Նախագահ Հելու անհրաժեշտ նկատած է այս ուղղակի շփումը լայն զանգուածներուն հետ, ձայնասփիւռի եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Փոխանակ վիճելու` ձեւ մը գտէք հաշտարար մնալու: Անտեղի խօսքերէ եւ անօգուտ վէճերէ հեռու մնացէք, սիրալիր եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Սիրող սրտերու համար աղմկոտ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի: Հեռու մնացէք վիճաբանելէ, որովհետեւ հաշտութիւնը դժուար կ՛ըլլայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտանեկան կեանքի մէջ խանգարուած տրամադրութիւն մը պիտի ստեղծուի: Որքան որ կրնաք, ձեր լեզուն կարճ...

Մարդկային Մարմինը Եւ Ձմեռը

Մարդկային Մարմինը Եւ Ձմեռը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ձմեռը մենք կը մսինք եւ պէտք է պաշտպանուինք: Սակայն մեր մարմինը ինչպէ՞ս կը բանի այս եղանակին տոկալու համար, եւ մենք ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնենք: Մեր մարմինը շատ իւրայատուկ է: Անկախ ցուրտէն կամ տաքէն` մեր մարմինը միշտ նոյն ջերմաստիճանը կը պահէ: Սակայն ուշադրութի՛ւն. ասիկա չի նշանակեր, որ մենք կրնանք ամէն ինչի տոկալ: Ցուրտը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:...

50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1966)

Հայ Կեանք Ս. Խաչ Դպրեվանքի Նախկին Սան Մը Գնահատանքին Արժանացաւ Անգլիոյ Թագուհիին Ս. Խաչ դպրեվանքի 1961-62 շրջանի ընթացաւարտներէն եւ բնիկ տիգրանակերտցի Գէորգ Մալիքեան, որ դպրեվանքի անգլերէն նախկին ուսուցիչ հայր Հարտինկի հետ միասին Անգլիա մեկնած եւ, բեմական արուեստին հանդէպ  իր զգացած բնածին հակումին ընդառաջելով, արձանագրուած էր Լոնտոնի Արքայական թատերական վարժարանի տրամի բաժինին մէջ, փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է այդ բաժինը: Գէորգ Մալիքեան,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզ հովանաւորող աստղերը բարկացած են, նոր աշխատանքի մի՛ ձեռնարկէք, ֆիզիքական մարզաձեւեր կիրարկեցէք, որպէսզի ձեր ջղային վիճակը հանդարտի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նախանձն ու գրգռութիւնը գէշ պիտի ազդեն ձեր ամուսնական կեանքին վրայ: Այս պարագային հարկ է պաղարիւն ըլլալ եւ հեռու մնալ աղմուկէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ծայրայեղ անկեղծութենէ հեռու մնացէք, որովհետեւ կրնայ ձեզ մղել...

50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1966)

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Սիտնիի Մէջ ՀՅԴ 75-ամեակը աննախընթաց շուքով տօնուեցաւ կիրակի, 12 դեկտեմբեր 1965, Հայ մշակութայինի սրահին մէջ: Ժողովուրդը կանուխէն լեցուցած էր սրահը. ներկաներուն մեծ մասը նոր սերունդին կը պատկանէր, եկած էր յայտնելու իր յարգանքը մեր ազգային մեծ կուսակցութեան հանդէպ եւ հաստատելու, թէ պատրաստ է միշտ հետեւելու այն ուղիին, ուրկէ քալեցին մեր անմահ հերոսները` ջան ֆետայիները: Ամէն հանդիսական, սրահէն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ օրուան գործերը ձախող կ՛ընթանան, փնտռեցէք սխալը եւ ըստ այնմ սրբագրեցէք եւ ապա մտածեցէք նոր ծրագիրներու մասին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընտանեկան կեանքին մէջ հարցեր պիտի ունենաք քննարկելու: Ըրէք այնպէս, որ առանց զիրար նեղացնելու` լուծումներ գտնէք: Օրը խոհեմութիւն կը պահանջէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ջղայնութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ, որպէսզի սխալ քայլ մը չառնէք: Հասկացողութիւն...

Փորձ-Հարցարան.  Արդեօք Ճիշդ Ձեւով Կը Սնանի՞ք

Փորձ-Հարցարան. Արդեօք Ճիշդ Ձեւով Կը Սնանի՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Պատասխանեցէք այս փորձ-հարցարանին` իմանալու համար, որ արդեօք ճիշդ ձեւով կը սնանի՞ք, թէ՞ սխալներ կը գործէք ուտելու ընթացքին: - 1 - Օրական 3 ճաշի ժումերը (նախաճաշ, ճաշ, ընթրիք) կը յարգէ՞ք: ա.- Այո բ.- Օրուան զբաղումներէն կախեալ է գ.- Ոչ, ոչ միշտ - 2 - Գործէն վերադարձին, մինչեւ սեղան նստիլը որքա՞ն ժամանակ կ՛անցընէք: ա.- Կէս ժամ բ.- Մէկ ժամ...

50 Տարի Առաջ (14 Յունուար 1966)

Հալէպահայ Կեանք ՀՄԸՄ-ի Յաղթանակը Մարզական գետնի վրայ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի խումբը, որ Սուրիոյ ախոյեանն է, բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Կիպրոսի ախոյեան Ափոէլ խումբին դէմ, կիրակի, 26 դեկտեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Հակառակ խիստ աննպաստ օդին` կոկիկ հասարակութիւն մը ներկայ էր խաղավայր: Խաղը տեղի ունեցաւ անձրեւին տակ: Սակայն բոլոր այս աննպաստ պայմանները չկրցան կասեցնել ՀՄԸՄ-ի խումբին արագութիւնն ու խոյանքները եւ, սքանչելի ու...

Page 323 of 361 1 … 322 323 324 … 361

Արխիւներ