ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր անձով զբաղելու, ասիկա եսասիրութիւն չէ, ունիք սեփական աշխատանքներ, որոնք պիտի յաջողին ձեր ջանքերով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ մէկը վիրաւորական խօսք ըսած է ձեզի, ներեցէք զայն: Ամէն անձ սխալական է, կրնաք օր մըն ալ դուք սխալիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Քիչ կը պատահի, որ ձեր քով գտնէք անձ մը, որ ձեր ըսածները հասկնայ: Այս պարագային լռութիւնը լաւագոյնն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր պիտի ստիպուիք երկու տեսակ գործ կատարել, մէկը` ձեր պաշտօնին վերաբերեալ, իսկ միւսը` ընտանեկան: Պիտի կարենաք երկուքն ալ յաջողցնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խոհեմ եղէք եւ գաղտնապահ: Ձեզի վստահուած գաղտնիքը ուրիշին մի՛ փոխանցէք: Հաւատարիմ եղէք ընկերային կեանքի մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւ գաղափար մը ունիք` պտոյտ մը կատարելու ծառուղիով շրջապատուած վայրի մը մէջ: Նման պտոյտներ հաճելի եւ առողջարար են:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փափուկ կացութիւնները պիտի կարենաք դիմագրաւել խոհեմութեամբ: Այս կացութեան բարելաւումը կը պարտիք ձեր տաղանդին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարենաք օրուան հարցերը կարգադրել իմաստութեամբ: Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը` հեռու աղմուկէ եւ տաղտւկէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամական ճաշ մը ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխէ ամբողջ օրուան ընթացքին: Պարբերաբար նման առիթներ ստեղծեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խոհանոցային աշխատանք տարէք եւ բարեկամներ հրաւիրեցէք ճաշի: Առանձին ճաշելը հաճելի չէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր շնչառութիւնը բարելաւելու համար դուրս ելէք տունէն, քալեցէք կամ հեծանիւ քշեցէք: Մարզաքը առողջութեան պահապանն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գործ մը պիտի կատարէք, հոգիով սրտով նուիրեցէք, ապա թէ ոչ չէք կրնար ձեր որոշումը իրագործել:
