ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճաշի հիւրեր պիտի ունենաք: Ձեր խոհանոցային աշխատանքը պիտի գնահատուի բոլորէն: Օրը պիտի անցնի համերաշխ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած մէկ բարեկամէն, որ օտար երկիր մը կ՛ապրի, պիտի ստանաք նամակ մը կամ հեռաձայն մը: Ձեր կարգին գրաւոր պատասխանեցէք անոր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամներով ծրագրած էք պտոյտ մը կատարել լեռնային կամ դաշտային վայր մը, օրը յարմար է այս ձեռնարկը իրագործելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարօտը եւ զղջումը պիտի խանգարեն ձեր տրամադրութիւնը, բայց այս վիճակը երկար պիտի չտեւէ: Եղէք լուսամիտ եւ լաւատես:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր զաւակները եւ ձեր թոռները ձեզի համար անակնկալներ պիտի պատրաստեն: Անոնց ուրախութեամբ դուք եւս պիտի ուրախանաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծայրահեղ տրամադրութեամբ լեցուած էք, պէտք է հանդարտիք` ականջ տալով փորձառու անձերու կարծիքին: Ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ երիտասարդ էք, վստահ չէք ձեր ապագային, բայց անցնող ժամանակը ձեզի նոր ուժ պիտի պարգեւէ լաւատես ըլլալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կամքը մի՛ պարտադրէք ձեր շուրջիններուն: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր սեփական կարծիքը: Կրնաք միայն միտքերու փոխանակում կատարել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամութիւն մը ցոյց պիտի տայ խաբեբայութիւն մը, որ նախանձի արդիւնք չէ, այլ` ուրիշ պատճառով: Ձեր զրոյցին ընթացքին զուսպ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ ջղային էք աշխատանքային այս օրերուն: Ձեր պահանջները պիտի չլսուին, պէտք է համբերէք ժամանակ մը եւս: Մի՛ աճապարէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներով զբաղելով` շատ յոգնած էք: Հարկ է միայն ձեր մասին մտածէք: Ուրիշներով հետաքրքրուիլը իմաստ չունի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ յաճախ ուրիշին դիմէք չնչին բաներու համար, պիտի գայ ժամանակ մը, որ ոչ ոք պիտի օգնէ ձեզի: