ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յոռետես մի՛ ըլլաք: Եթէ ոեւէ մէկը վիրաւորած է ձեզ, մի՛ կարծէք, որ գիտակցաբար ըրած է, այլ` ակամայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կարողութեան վրայ վստահութիւն չունիք, չէք կարծեր, որ կը յաջողիք, սակայն ձեզի մօտիկ անձեր վստահութիւն պիտի ներշնչեն ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ մէկը մերժած է ձեզի բարիք մը ընել, մի՛ յուսահատիք, կրնայ սրբագրուիլ այս մերժումը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը փափաքներ պիտի չիրագործուին այս տարուան սկիզբը: Եթէ քիչ մը համբերէք, կրնաք հասնիլ ձեր նպատակին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երբեմն երազները դժուար կ՛իրականանան, մանաւանդ երբ կարգ մը արգելքներ կան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիրքի մը ընթերցումը ձեր սրտին պիտի խօսի: Կիսատ մի՛ ձգէք ընթերցումը, շնորհակալութիւն յայտնեցէք հեղինակին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր առողջութեան համար լաւ որոշումներ պիտի տաք: Ասոր բարիքը շուտով պիտի տեսնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս օրերուն հեռու մնացէք անուշեղէն եւ շաքարեղէն ուտելէ: Շատակերութիւնը առողջութեան կը վնասէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Իրարու պիտի միացնէք հարազատներն ու բարեկամները եւ սքանչելի օր մը պիտի անցընէք միասնաբար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խուսափելու համար աւելորդ վճարումներէ եւ տուգանքներէ` օրը օրին վճարեցէք ձեր տուրքերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ բարեկամներով միշտ կարելի է զիրար լաւ հասկնալ եւ մնալ սիրալիր: Այսօր պիտի փաստէք այս իրողութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անցած տօնական օրերուն շատ ուրախացած էք, սակայն միեւնոյն ատեն` յոգնած: Ամէն ինչ չափաւոր պէտք է ըլլայ:
