Այլազան

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1966)

Հայկական Դատը Լիբանանեան Մամուլին Մէջ «Անկախ Հայաստանը Ցնորք Չէ» Կը Յայտարարէ Ընկեր Սիմոն Վրացեան «Լը Ժուր»-ի «Լը Ժուր»-ի այսօրուան (19 մարտ) թիւին մէջ Նեժիպ Աուն առաջին էջին վրայ կ՛անդրադառնայ տեսակցութեան մը, որ ունեցած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի հետ: «ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՑՆՈՐՔ ՉԷ» կը յայտարարէ մեզի Հայաստանի վերջին վարչապետը» խորագրին ներքեւ լիբանանցի լրագրողը կու տայ Ս. Վրացեանի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անոնք, որոնք հեռու են իրենց ընտանիքէն, դժուարութիւն պիտի ունենան համբերելու. անոնք, որոնք ձեզ կը սիրեն, ձեր սրտին մէջն են: Անոնք շատ մօտիկ են ձեզի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ճամբայ ունիք երթալիք, կանուխ դուրս ելէք, որպէսզի չուշանաք: Կանուխ արթնցողը յաջող իրագործումներ կը կատարէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դրամը զուր տեղ չի հոսիր. բայց...

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1966)

Խմբագրական Բանական Լուծումը (Ոսկեղէն Միջինին Ուղիով) Երէկուան մեր խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, թէ Հայկական Բարձրաւանդակը, աշխարհագրական իր դիրքին պատճառով, Մերձաւոր Արեւելքի գօտիին մէջ, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կը խաղայ ճիշդ այն դերը, որ կը խաղայ Զուիցերիա Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ: Նոյն բանը կ՛ըսէ նաեւ պատմական ճշմարտութիւնը, այն հիմնական միակ պայմանով, որ Հայաստան, իբրեւ անկախ եւ միացեալ պետութիւն,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի մասնակցիք անիմաստ վիճաբանութեան մը ժամանակ մի՛ կորսնցնէք ջղայնանալով, վնասով դուրս կու գաք: Հանդարտ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ժամանակը անցուցէք ձեր զաւակներուն եւ ընտանիքին հետ: Անոնք պիտի ուրախացնեն ձեզ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքին մէջ իրական բարելաւում պիտի ըլլայ: Այս իրողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Լուսինը...

Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

Տօներ-Աւանդութիւններ. Ծաղկազարդ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ` Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին: Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով: Բայց տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած էր գարնան զարթօնքէն, յարութիւն առնող բնութեան: Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար, որ դարձեալ նուիրուած էր գարնանամուտին: Մարդիկ այդ...

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1966)

Խմբագրական Ոսկեղէն Միջինը (Քաղաքական Հնաւանդ Իմաստութեան Ուղիով) Ամէն տարի ճակատագիրը հիմնապէս կը նախասահմանուի իր երկրի աշխարհագրական դիրքով: Եւ եթէ երկրի մը աշխարհագրական կառուցուածքը իր անջնջելի դրոշմը կը դնէ ժողովուրդի մը խառնուածքին, անոր հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ, ապա, միաժամանակ, նո՛յնքան վճռական, բախտորո՛շ նշանակութիւն ունի նաեւ տուեալ ազգի քաղաքական ճակատագիրին մէջ: Այս ճշմարտութիւնը ամէնէն աւելի ցայտուն ձեւով երեւան կու գայ առանձնապէս հայ ժողովուրդին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրը պիտի անցնի հարցերով` ծնողներու եւ զաւակներու միջեւ: Օգտուեցէք ձեր գիտակից նախատեսութենէն` հարցերը փարատելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի շրջապատուիք այնպիսի անձերով, որոնք ձեզ չեն դատեր, այլ ձեզ կ՛ընդունին այնպէս, ինչպէս որ էք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր մէջ շատ հմայք պիտի տեսնեն ձեր շուրջինները: Եթէ չէք գիտեր, թէ այս հմայքը ուրկէ...

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1966)

«Բանախօսութիւններ» Հեղինակ` Տոքթ. Ռ. Թագւորեան Նոր լոյս տեսաւ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի «Բանախօսութիւններ» 120 էջնոց պատկերազարդ գրքոյկը, որուն հրատարակութեան մեկենասութիւնը սիրայօժար յանձն առած է Յակոբ Տէր Մելքոնեան: Հեղինակը` տոքթ. Ռուբէն Թագւորեան, շուրջ կէս դար ապրած է Կիպրոսի մէջ եւ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն: «Բանախօսութիւններ»-ու այս գրքոյկը կը բովանդակէ տոքթ. Ռուբէն Թագւորեանի ազգային տօնակատարութիւններու եւ յիշատակի հանդիսութիւններու ընթացքին խօսած ազգայնաշունչ բանախօսութիւնները:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ուրիշներուն օգտակար ըլլալու տրամադրութիւն չունիք, անոնք ալ իրենց կարգին ձեզմէ երես պիտի դարձնեն: Բարիքը փոխադարձ կ՛ըլլայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Սեփական գործի տէրերը այսօր դժուարութիւն պիտի ունենան իրենց գործերը յաջողցնելու: Այս իրողութեան դիմաց պէտք է ըլլաք համբերատար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Առանձին չէք կրնար որոշում տալ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ գործունէութեան...

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1966)

Երուսաղէմի Հայոց Վանքի Մեծարժէք Ձեռագրերը Երուսաղէմի հայոց Ս. Յակոբեանց դարաւոր վանքը հիմնուած է խաչակիրներու արշաւանքէն շատ առաջ, ըստ աւանդութեան, հայոց Տրդատ Գ. թագաւորի օրերուն: Ս. Յակոբայ վանքին մէջ մինչեւ այսօր կը պահուին Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորին մականը, արժէքաւոր շուրջառներ, եպիսկոպոսական թագեր, ոսկեայ սկիհներ եւ մեծարժէք աւետարաններ: 1897-էն ի վեր վանքի ձեռագրերը կը պահուին յատուկ պատրաստուած 16 գրապահարաններու մէջ եւ կը գտնուին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նախքան ամսականի յաւելում պահանջելը` լաւ պատրաստեցէք ձեր վիճակացոյցը: Առանց հիմնական պատճառի` պահանջներ մի՛ ներկայացնէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր փափաքները արտայայտեցէք: Պէտք է գիտնաք, թէ ինչպէս կարելի է կարգադրել հարցերը: Առանց որոշ պատճառի` ոչինչ պահանջեցէք գործի կամ տան մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Սորվեցէք ապաւինիլ դուք ձեզի: Անկեղծ եղէք ձեր յարաբերութեան մէջ` ձեր...

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1966)

Խմբագրական Առաքելութիւն (Ուսուցիչներու «Օր»-ուան Առթիւ) Այսօր ամբողջ Լիբանանը կը տօնէ ուսուցիչներուն «օր»-ը: Կը տօնենք նաեւ մենք: Աղուոր օր մըն է ուրեմն: Արդար տօն մը` արժանաւորներուն առ ի գնահատութիւն: Ճիշդ է` շատերու համար բառ մըն է ուսուցչութիւնը: Ուրիշներու համար սանկ-նանկ արհեստ մըն է: Ոմանց համար ողբերգութիւն է ուղղակի, իսկ ոմանց համար ալ տարապարհակ բեռ մըն է պարզապէս: Կան ալ, որ տեսակ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճաշկերոյթը փափաքելի է ամէնուն համար: Հաճոյքով եւ սիրով պատրաստեցէք ձեր ճաշը` հրամցնելով ընտանիքին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր վրայ վստահութիւն պիտի ունենան ձեր շուրջինները` տեսնելով ձեր դէմքին վայելչութիւնը եւ ճաշակը: Ձեր այս լաւատեսութեամբ բարեկամութիւնը աւելի պիտի զարգանայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի ունենաք մեծ յոգնութիւն եւ փոքր անհանգստութիւն: Եթէ չէք ուզեր դեղերով բուժուիլ,...

«Մանուկներուն Ձայնը»

«Մանուկներուն Ձայնը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Տելհիի մէջ, Հնդկաստան, փողոցը լքուած մանուկները իրենց անձնական թերթը կը պատրաստեն եւ զայն կը բաժնեն աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր: Հնդկաստանի մէջ միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ապրին փողոցը կամ շատ աղքատիկ արուարձաններու մէջ: Հնդիկ պզտիկներուն առնուազն 30 առ հարիւրը աղքատ կը նկատուի: 2003 թուականին փողոցը լքուած շուրջ քսան պատանիներ կ՛որոշեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ խօսիլ իրենց...

50 տարի առաջ (11 Մարտ 1966)

50 տարի առաջ (11 Մարտ 1966)

Ի՞նչ Անուն Տալ Քանի մը տարի առաջ, երբ արտագաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Աւստրալիա ծաւալուն համեմատութիւններ կը ստանար, այս սիւնակներէն սրտի խոր կսկիծով ու դառնութեամբ կը մատնանշէինք հայութեան ներկային ու ապագային սպառնացող վտանգը` ազգային աղէտ որակելով զայն: Դէպի հեռաւոր հորիզոններ գաղթելու, անծանօթ երկիրներու մէջ նոր բոյն շինելու եւ նոր տնտեսութիւն ապահովելու բաղձանք ունեցողները ամէնէն առաջ մեր այն հայրենակիցներն էին,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր ի վիճակի էք խելքով եւ գործով: Յաջողութիւնը ձեր դիմացն է, օգտուեցէք եւ յառաջացէք մեծ ինքնավստահութեամբ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ինքնավստահութիւնը լաւ տրամադրութիւն է, զոր պիտի ունենաք այսօր: Պիտի զգաք, որ թեթեւցած են ձեր հոգերը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամութիւնը պատնէշ մը պիտի ըլլայ չարակամութեան դէմ: Ձեր հարազատներուն հետ միշտ պիտի ունենաք նորութիւններ:...

Մեծ Մայրիկի Հնարքներ

Մեծ Մայրիկի Հնարքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 1- Կերակուրը շատ աղի է, ի՞նչ ընել: Կեղւուած գետնախնձոր մը երկուքի կիսեցէք, կերակուրին աւելցուցէք եւ քիչ մը եւս եփեցէք: -2- Ի՞նչ ընել, որպէսզի պտուղով աղցանը չսեւնայ: Պարզապէս պտուղները ցօղուել կիտրոնի, կրիֆոնի, կամ նարինջի հիւթով: -3- Ի՞նչ ընել դեղձը դիւրին կեղուելու համար: Զայն սառցարանը դնել, յետոյ եռացած ջուրի մէջ մխրճել: -4- Ի՞նչ ընել, որպէսզի գետնախնձորը չծլի: Զայն ածուխի...

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1966)

Համազգայինի Էշրեֆիէի Մասնաճիւղ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին կազմակերպած արտասանական մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 1966, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» սրահին մէջ: Մրցումին կը մասնակցէին հինգ երկրորդական վարժարաններ` Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճ, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան եւ Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան: Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Հայկազուն Թրթռեան: Ան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ մտածէք ձեր ապագային մասին եւ մոռնաք ձեր հոգերը: Օրուան ընթացքին նորութիւններու պիտի հանդիպիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամական յարաբերութիւն մը պիտի վերածուի մնայուն կապի: Լաւ պահեցէք այս զգացումը, որովհետեւ լաւ բարեկամ մը հարազատի մը արժէքը կ՛ունենայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ունեցէք յստակ որոշումներ: Արագ որոշում տալը օգտակար չէ, որովհետեւ...

Page 317 of 361 1 … 316 317 318 … 361

Արխիւներ