Այլազան

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1966)

Ուխտի Օրը Անթիլիասի Մէջ Այս տարի եւս, խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու, երէկ, կիրակի, ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած արարողութեանց: Արդարեւ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, աւանդական հանդիսութիւններով տօնակատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վերապրումի տօնը, որ տարիներէ ի վեր կաթողիկոսարանի ուխտի օրը հռչակուած է: Պատարագեց եւ քարոզեց Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս: «Ի վերայ սրբոյ Աջոյն Լուսաւորչի հաստատեալ կայ եկեղեցին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անձնական տեսանկիւնէ մի՛ դատէք ձեր շուրջինները: Խոհեմ եւ համբերտար եղէք, որպէսզի ձեր կարգին չքննադատուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ շփոթէք երազը եւ տեսիլքը` երեւակայութեան միջոցին: Իրական հարցերը քննելու առողջ տրամադրութիւն ունեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Իւրաքանչիւր անձ կը յամառի իր կեցուածքին վրայ: Այս պատճառով կացութիւնը կը բարդանայ: Զիրար հասկնալու ձեւ մը որոնեցէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1966)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Օրուան Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.-ի եւ նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի, Պուրճ Համուտի «Սինեմա Սեւան»-ի ընդարձակ սրահին մէջ եւս, ծայրէ ծայր լեցուն հանդիսականներու ներկայութեան, շաբաթ, 26 մարտ,  երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի օգնութեան խաչի օրուան փառահեղ տօնակատարութիւնը: Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լոլա Սասունի բացման խօսքէն ետք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութիւն մը պիտի ընէք ընթերցանութեամբ: Նոր վայրեր տեսնելու հաճոյքը պիտի զգաք, նոյն ատեն նոր գիտելիքներով պիտի հարստանաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզի պիտի օգնեն ճիշդ ժամանակին: Ի՜նչ լաւ զուգադիպութիւն: Հաճելի զգացումներ պիտի ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Չէք սիրեր առանձին զբաղիլ ամէն ինչով: Ձեր ունեցած պարտականութիւնը կը բաւէ ձեր ներկայութիւնը փաստելու: Նոր աշխատանք...

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Զատկուան Անսովոր Սովորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սովորութիւն է Զատիկին հաւկիթներ ներկել, հաւկթախաղ ընել, տուրմէ նապաստակներ ուտել... Սակայն գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին նաեւ կարգ մը «անսովոր» սովորութիւններ: 1. Հաւկիթի մրցում նախագահին հետ «Իսթըր էկ ռոլ» մրցումը ամերիկեան աւանդութիւններէն մէկն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան պարտէզին մէջ, նախագահին ներկայութեամբ: Խաղին օրէնքը շատ պարզ է. դգալ մը գործածելով` խաշուած հաւկիթ մը քշել,...

50 Տարի Առաջ (26 Մարտ 1966)

Խմբագրական Միջնաբերդը (Ճեմարանի Շրջ. Միութեան 30-Ամեակին Առիթով) Երկու մեծ հայեր, երկու ճշմարիտ հայ մտաւորականներ, երկու գլխագիր նուիրեալներ, երեսունվեց տարի առաջ, գրեթէ համատարած ամայութեան մէջ հայ իրականութեան, հիմը կը դնէին հայեցի կրթութեան օճախի մը: Ջահ մը կը վառէին, ակօս մը կը բանային մատաղ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան անդաստանին մէջ: Ապա իրենց անձին  դրոշմով իրենց շունչով ու ոգիով կը լեցնէին կրթական այն հաստատութիւնը,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր այցելութիւններուն պիտի չպատասխանեն: Ժամանակը կ՛անցնի, եւ նոր որոշումներ կու տաք: Փոխեցէք ձեր կարծիքը եւ առաջին քայլը դուք առէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ժամանակ տրամադրեցէք կարդալու եւ երաժշտութիւն ունկնդրելու: Աղմուկէ եւ իրարանցումէ հեռու մնալով` քիչ մը հանգստացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ձեր տնտեսական վիճակը դժուարացած է, անգիտակիցի վիճակ մի՛ ունենաք, ընդհակառա՛կը, լրջութեամբ...

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1966)

Հայ Դատի Արծարծման Առթիւ  Թուրք Մամուլը Խռովքի Մատնուած Է «Թուրք Հողերուն Վրայ Հայաստան Կ՛ուզեն Հիմնել», Կը Գանգատի «Ագշամ» - «Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Խնդիր Չկայ», Կ՛ըսէ Ատալեթի Փոխնախագահը - «Պէտք Եղած Ատեն Պէտք Եղած Պատասխանը Կրնանք Տալ», Կը Ձայնակցի Արտաքին Գործավարութեան Բանբերը Թուրք մամուլը, հարազատ թարգմանը թուրք վարիչներու մտայնութեան, անհանգիստ վիճակ մը կը պարզէ: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով խումբ մը անձնաւորութիւններ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նախընտրելի է լռել, քան խօսիլ` ջղայնութեան պարագային: Տէրը եղէք ձեր ջիղերուն, որպէսզի չնեղացնէք ոեւէ մէկը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Վերջապէս հանգիստի պահ մը պիտի ունենաք. ոչ մէկ պարտականութիւն պիտի ունենաք` որեւէ մէկու հաշիւ տալու: Հանդարտօրէն շարունակեցէք ձեր գործը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Թերեւս յոգնութիւն զգաք մարզանքէ ետք, բայց նոյն ատեն ձեր մարմինը անոր...

Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայաստան Հայկական տօներու շարքին Զատիկը բնութեան զարթօնքը խորհրդանշող ամենամեծ եւ ամենասպասուած տօնն է: Շարժական այս տօնը (մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25) կը նշուէր ճոխ հանդիսութեամբ եւ մեծ կազմակերպուածութեամբ: Եւ հաւանաբար այս էր պատճառը, որ ի տարբերութիւն այլ տօներու, անիկա նոյն ձեւով կը նշուէր Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ամէնուր ծանօթ էր միեւնոյն անուանումով` «Զատիկ», «Մեծ Զատիկ»,...

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1966)

Խմբագրական  Հանրանուէր Կազմակերպութիւն Մը (Օգնութեան Խաչի Օրուան Առթիւ) Պէյրութի հայութիւնը անցեալ կիրակի տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնեց Օգնութեան խաչին օրը` «Սինեմա Տիւնիա»-ի ընդարձակ սրահին մէջ: Կիրակիի հանդիսութիւնը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը իր սրտին որքան մօտ կը զգայ կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ ծնաւ այս գաղութին մէջ` զուգահեռաբար այլ գաղութներու օգնութեան միութիւններուն, հասակ նետեց ընդհանուր գուրգուրանքի մէջ եւ ուռճացաւ` տարուէ...

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1966)

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակը Թորոնթոյի Մէջ Ինը Նորագիրներ Կը Մտնեն ՀՅԴ Շարքերը ՀՅ դաշնակցութեան 75-ամեակը մեծ շուքով տօնուած է Թորոնթոյի (Քանատա) Ուքրանացիներու սրահին մէջ: Հոծ բազմութիւն մը, մինչեւ անգամ մօտակայ քաղաքներէն ներկայ գտնուած է: Ատենապետած է Յակոբ Մուրատեան: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Ուղերձներ կարդացած են` ՀՕ միութեան մասնաճիւղին կողմէ Ե. Գույումճեան եւ Հայ երիտ. դաշնակցութեան կողմէ Արթօ Յակոբեան: Բանախօսած է...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ գործնական էք, թոյլ պիտի տաք, որ ամէն ոչինչ խանգարէ ձեզ` ո՛չ ձեր տան մէջ եւ ո՛չ ալ գործատեղիին մէջ: Ամէն ինչ կատարեալ է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր շատ զբաղած պիտի ըլլաք գործի մէջ, թէ բարեկամներու հետ յարաբերութեան ընթացքին: Հանգստանալու առիթ մը գտէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տան մէջ թէ աշխատանքի` բոլոր...

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1966)

Խմբագրական Ի՞նչ Մնաց Մեր նախորդ խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, թէ հայ ունեւոր, քաղքենի դասակարգը առհասարակ չազգայնացաւ, չհայրենացաւ, ազգային-քաղաքական նպատակներ չհետապնդեց, հայ կեանքի այլազան տագնապներով չապրեցաւ, հիմնական որեւէ դեր չկատարեց հայոց պատմութեան մէջ եւ միշտ մնաց հայ կեանքի լուսանցքին վրայ: Այս տխուր երեւոյթը աղէտ դարձաւ ոչ միայն պատմական, այլեւ մեր ազգային կեանքի զարգացման մէջ ընդհանրապէս եւ նոյն այդ դասակարգին համար` մասնաւորաբար:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լուսինը ձեզմէ կը պահանջէ հանգիստ պահ մը ապրիլ: Օրուան հարցերը իրագործելու ուժ տուէք, ապա թէ ոչ անիմաստ կ՛ըլլայ օրը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դրական ներշնչում ունեցէք, որպէսզի կարենաք լաւ արտադրել: Բոլոր տուեալները ունիք օրը յաջողութեամբ պսակելու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ասպարէզին վիճակը բարդ պիտի ըլլայ: Կան մարդիկ, որոնք պիտի չհասկնան ձեր...

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1944)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Ներկայ Եղան Կաթողիկոսը, Վարչապետը Երեսփոխաններ Եւ Ծանօթ Ազգայիններ Լոլա Սասունի Պարգեւատրուեցաւ «Լիբանանի Մայրիներու Ազգային Կարգ»-ի Շքանշանով Ընտիր հասարակութիւն մը երէկ` կիրակի, 20 մարտ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ներկայ եղաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի օրուան շքեղ տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ «Սինեմա Տիւնիա»-ի ընդարձակ սրահին մէջ: Հանդէսին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա., իսկ նախագահութիւնը`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞Նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սիրալիր կացութիւն մը պիտի տիրէ ձեր շուրջը` առանց խօսակցութիւն ունենալու: Նայուածքներու փոխանակումը հասկնալի պիտի ըլլայ արդէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ժառանգական հարց մը անհամաձայնութիւն պիտի ստեղծէ ձեր շուրջը: Այս հարցը ձեր կեանքը մտահոգիչ պիտի դարձնէ, համբերատար եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Անոնք, որոնք ծարաւը ունին սորվելու, կրնան հետեւիլ ուսումնական կազմաւորման ընթացքի մը: Ըրէք`...

Page 316 of 361 1 … 315 316 317 … 361

Արխիւներ