ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անոնք, որոնք հեռու են իրենց ընտանիքէն, դժուարութիւն պիտի ունենան համբերելու. անոնք, որոնք ձեզ կը սիրեն, ձեր սրտին մէջն են: Անոնք շատ մօտիկ են ձեզի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ճամբայ ունիք երթալիք, կանուխ դուրս ելէք, որպէսզի չուշանաք: Կանուխ արթնցողը յաջող իրագործումներ կը կատարէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամը զուր տեղ չի հոսիր. բայց պիտի գիտնաք, թէ կարեւոր հարցը ուրիշ տեղ մըն է` շնորհիւ ձեր մերձաւորներուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուրի՞ էք: Պիտի ունենաք յաջողութիւն մը: Պիտի ունենաք առիթը սիրալիր յարաբերութիւն ստեղծելու անձի մը հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր արտաքին տեսքին կարեւորութիւն տուէք` գնելով նոր զգեստներ: Առաջին անգամ մարդիկ ձեզ կը դատեն ձեր արտաքին տեսքէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առիթ մը պիտի ունենաք հանգստանալու, որուն շատ պէտք ունէիք: Գիծ մը քաշեցէք ձեր հոգերուն վրայէն, որովհեհեւ գալիք օրերը պիտի ուրախացնեն ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարեւոր նախասիրութեան մը դիմաց պիտի կորսնցնէք ձեր առիթները: Այս մասին խօսեցէք անձի մը, որ պիտի կարենայ ձեզ առաջնորդել ձեր ուզած տեղը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ստանաք անփոխարինելի օգնութիւն մը: Այս իրողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ, եւ ապագային պիտի նայիք յոյսով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկու հոգիով աւելի գործ կը կատարուի: Ջանքն ու գործին մասնակցութիւնը եւ նաեւ համաձայնութիւնը սքանչելի առիթներ են յաջողելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նոյնիսկ ստիպեն ձեզ գործ մը կատարել դրական պատասխան տուէք: Ընդունեցէք ձեզի եղած առաջարկները, ինչ որ ալ ըլլան անոնք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փորձեցէք բաներ` առանց դուք ձեզ յոգնեցնելու: Ընկերովի գործի պարագային, աշխատանքին մեծ մասը դուք վերցուցէք, որպէսզի համաձայնութիւնը յաջողի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանիքի մէջ սիրալիր կեցութիւն պիտի ունենաք, կամ եթէ ամուրի էք, առանձին պիտի չմնաք այս իրիկուն: Պիտի շրջապատուիք հաճելի անձերով:
