ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի մասնակցիք անիմաստ վիճաբանութեան մը ժամանակ մի՛ կորսնցնէք ջղայնանալով, վնասով դուրս կու գաք: Հանդարտ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ժամանակը անցուցէք ձեր զաւակներուն եւ ընտանիքին հետ: Անոնք պիտի ուրախացնեն ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ իրական բարելաւում պիտի ըլլայ: Այս իրողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լուսինը պիտի պաշտպանէ ձեզ: Ինչ որ որոշած էք, կատարեցէք այսօր յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հին օրերու յատուկ գործելակերպով պիտի յաջողիք իրագործումներ կատարել: Արդիականութենէ հեռու գործելակերպ մըն է այս:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կ՛ապաւինիք ձեր բարեկամներուն, բայց անոնք անկարելին չեն կրնար կատարել: Մի՛ յուսահատիք, շարունակեցէք հետապնդել ձեր աշխատանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այն տպաւորութիւնը ունիք, որ միշտ փորձառութեան մէջ էք, բայց այս վիճակէն դուրս պիտի ելլէք յաջողութեամբ: Մի՛ յուսահատիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ներդաշնակութիւնը պիտի գտնէք դուք ձեզմով: Ձեր կեանքը բարելաւելու համար ուրիշներու օգնութեան մի՛ դիմէք: Եղէք ձեր անձին տէրը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ապագան դիմաւորեցէք լաւատեսութեամբ, յուսահատելու պատճառ մը չունիք, ձեր գործին ընթացքը բնական է եւ ընկերային կեանքը` հաճելի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախքան համաձայնագիր մը ստորագրելը` խնամքով կարդացէք առաջարկուած գրութիւնը, մանաւանդ երբ ձեռագիր գրութիւնը անընթեռնլի է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր փորձառութիւնը օգտակար տուեալ մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Այս մասին անհոգ եղէք: Ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք այսօր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզական խաղեր կատարելու համար պէտք ունիք մարզանքի յատուկ զգեստ գնելու: Առանց յատուկ զգեստի` չէք յաջողիր:
