ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ մտածէք ձեր ապագային մասին եւ մոռնաք ձեր հոգերը: Օրուան ընթացքին նորութիւններու պիտի հանդիպիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամական յարաբերութիւն մը պիտի վերածուի մնայուն կապի: Լաւ պահեցէք այս զգացումը, որովհետեւ լաւ բարեկամ մը հարազատի մը արժէքը կ՛ունենայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունեցէք յստակ որոշումներ: Արագ որոշում տալը օգտակար չէ, որովհետեւ կը խանգարէ ձեր տրամադրութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընթերցանութեամբ զբաղեցէք` հետեւելով ձեզի մօտիկ անձի մը խրատին: Մի՛ մոռնաք, որ գերիները լաւ բարեկամներ են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր նիւթական վիճակը կայուն պիտի մնայ, որովհետեւ գալիք օրերը նուազ ծախսալից պիտի ըլլան: Խնայասիրութիւնը առաւելութիւն մըն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ընկերային յարաբերութիւնը սառած վիճակ պիտի ունենայ: Դժուար է նման պարագաները հասկնալը, խնայասէր եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն տեղի ունեցող զեղչ-վաճառքները օգտակար պիտի ըլլան ձեզի: Գացէք վաճառատուները` պրպտումներ կատարելու եւ կամ ալ` համացանցի միջոցով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ շփոթէք վախը եւ յարգանքը: Դուք ձեզ տկար մի՛ զգաք զօրաւոր խօսող անձին դիմաց: Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր գիտութիւնը բաժնեցէք ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն հետ: Պէտք է օգնել անոնց` սորվեցնելու համար կեանքին բոլոր հարստութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ գործ մը պիտի կատարէք` հեռու մնալով ծանր ծախսեր կատարելէ: Օրը յարմար է ձեր սիրած արժէքները գործի վերածելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ամուրի էք, մասնակցեցէք խմբական գործունէութեան: Պիտի ունենաք խոստմնալից հանդիպումներ եւ պիտի ուրախանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք հմայել` նոյն ատեն մնալով անդրդուելի: Ձեր աստղին նշանը իրագործեցէք` առանց դանդաղելու: