Այլազան

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1966)

Համազգայինի Տարեկան Ցուցահանդէսը Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղը այս տարի եւս, հաւատարիմ իր աւանդութեան, կը ներկայացնէ 19 լիբանանցի հայ եւ արաբ նկարիչներու գործերը, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Այս ցուցահանդէսի ամէնէն ինքնատիպ մասը կը կազմէ իր խորագիրը` «Arts Graphiques», կամ այն, ի՛նչ որ կապ ունի տպագրութեան հետ: Իր տեսակին մէջ առաջինը` Լիբանանի մէջ: Ցուցահանդէսին ըստ օրինի կրնային մաս կազմել...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հեռաւոր տեղերէ բարեկամներ պիտի գան ձեզ տեսնելու. զանոնք ընդունեցէք հոգուով ու սրտով: Ուրախութիւնը պիտի ըլլայ երկուստեք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ գնումներ պիտի կատարէք, զեղչ-վաճառքի խանութները գացէք: Պիտի կարենաք ձեր ուզածը գնել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դուրս ելէք սովորական ընթացքէ եւ գտէք նորութիւններ: Ձեր ասպարէզը կարիքը ունի նոր գիտութիւններու եւ թարմացման: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

50 Տարի Առաջ (8 Մարտ 1966)

Խմբագրական Ուրախառիթ Երեւոյթ Ո՛վ որ մօտէն կը հետեւի մամուլին, խոր բերկրանքով պիտի հաստատէ,  որ հայ տաղանդը կը փթթի ամէնուրեք եւ նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ քիչ մը ամէն մարզի մէջ: Հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները գրեթէ ամէն օր նոր անունի մը կը հանդիպինք, որ փաստը կու տայ մեր կենսունակութեան ու ստեղծագործ ոգիին, եւ որ պատիւ կը բերէ հայութեան: Առանց չափազանցութեան մէջ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Վեհանձնութիւն ցուցաբերելու տրամադրութիւն պիտի ունենաք, եւ ձեր յարաբերութիւնը ուրիշներու հետ պիտի ըլլայ օգտաշատ: Զուարթ եւ հաճելի օր մը պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր շուրջը եղած հակասական խօսակցութիւնները գէշ պիտի ազդեն ձեր վրայ, ինչ որ ձեզ պիտի մղէ ունենալու վատ տրամադրութիւն` ձեզի մօտիկ անձերու հանդէպ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Առանձնաշնորհեալ օրեր պիտի...

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1966)

ՀՅԴ 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Ուոթըրթաունի Մէջ Կիրակի, 27 փետրուար 1966, Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Մեծագոյն Պոսթընի ՀՅԴ միջկոմիտէականին կազմակերպած` ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակին շքեղ տօնակատարութիւնը: Ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուած է: Նախագահած եւ բացման խօսքը ըրած է Վարուժան Ազապլար: Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուած է հայրենքի ազատութեան համար ինկած դաշնակցական հերոսներուն յիշատակը: Գործադրուած է...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզմէ պիտի խնդրեն յաւելեալ աշխատանք` առանց հատուցումի: Դժուար է այս խնդրանքը ընդունիլը, բայց պիտի կատարէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան մը վերաբերեալ հարց մը պիտի ունենաք, զոր պիտի լուծէք համակարգիչի միջոցով: Պիտի յաջողիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր գործերը կարգաւորեցէք եւ տնային աշխատանքով զբաղեցէք: Պիտի կարենաք մոռցուած գործ մը իրագործել եւ ուրախանալ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

Թռչուններու Գաղթը

Թռչուններու Գաղթը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն տարի մենք երկնքին մէջ կը տեսնենք միլիոնաւոր թռչուններ, որոնք կը բռնեն գաղթի ճամբան: Հետեւինք այս մեծ արկածախնդիրներու հետքերուն: Թռչուններու գաղթ: Դուն վստահաբար լսած ես այս երեւոյթին մասին, սակայն ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ գաղթել: Պարզապէս` տեղէ տեղ տեղափոխուիլ: Եւ մենք գիտենք, թէ թռչունները որքան կը շարժին: Գիտէի՞ք, որ երկու թռչունի վրայ մէկ թռչուն գաղթող թռչուն է:...

50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1966)

Ամերիկահայ Գիտնական Վահէ Քիւփելեան Վահէ Քիւփելեան ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան կարեւոր գիտնականներէն է: Ծնած է Թուրքիա, 1913-ին, Տարագրութենէն ետք, 1923-ին, իր մօր հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ: Շրջանաւարտ` Էքրընի համալսարանի ճարտարագիտութեան ճիւղէն, 1939-ին, Մասաչուսեցի մէջ կը ստանայ գիտութեանց պսակաւորի տիտղոս: Օդանաւաշինական ընկերութեան մը մէջ աշխատելէ ետք, պատերազմի տարիներուն իբրեւ պատասխանատու ճարտարագէտ «Էֆ 2 Ճի» օդանաւերու պատրաստութեան մէջ լայն փորձառութիւն ձեռք կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք է շարունակել աշխատանքը եւ յառաջդիմել ձեր ասպարէզին մէջ` նախքան հաշուեկշիռ մը ընելը: Այս ձեւով աւելի արագ պիտի յառաջդիմէք ձեր ճիւղին մէջ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի ստանաք ձեզի մօտիկ անձերու օգնութիւնը` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Այս կեցուածքը նկատի կ՛առնուի ի նպաստ ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր մտածումները պիտի գնահատուին: Իրաւունք ունիք հաւատալու...

50 Տարի Առաջ (4 Մարտ 1966)

Գեղարուեստական Կեանք Փոլ Կիրակոսեանի Ցուցահանդէսը «Լ՛Օրիան»-ի ցուցասրահին մէջ ցուցադրութեան դրուած են Փոլ Կիրակոսեանի նկարները: Ահաւասիկ նկարիչ մը, որուն նկարներուն, ցուցադրութեան կ՛արժէ երթալ, ո՛չ միայն այս տարի, այլեւ յառաջիկայ տարիներուն: Կ՛ըսենք` յառաջիկայ տարիներուն, որովհետեւ իրապէս հետաքրքրական է անոր արուեստին հոլովոյթը: Տեսակցութեան մը ընթացքին Կիրակոսեան անկեղծօրէն ու համոզումով կը խօսի ընդհանրապէս նկարչական արուեստի մասին: Իր գաղափարները յստակ ու պարզ են: «Ինծի համար...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հոգ տարէք ձեր մարմնին, որպէսզի ձեր հոգեկան վիճակը բարելաւուի: Տարբեր մարզաձեւեր կիրարկելը պիտի օգնէ ձեր ֆիզիքական առողջութեան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նոր գործի մը ձեռնարկելը լաւ է, սակայն կը պահանջէ ուշադիր վերաբերում` նիւթական թէ բարոյական իմաստով: Գործի մը մի՛ նետուիք առանց հեռուն տեսնելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գործի մէջ ուշադիր եղէք շահի եւ...

Հոգեբանական.  Վառ Գոյներ` Առողջութեան Համար

Հոգեբանական. Վառ Գոյներ` Առողջութեան Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գիտնականներու կարծիքով, տեսողական աշխարհաընկալման մէջ գոյնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ: Բժշկութեան, մասնաւորապէս` հոգեբանութեան  մէջ, յաճախ կ՛օգտագործեն գոյնի միջոցով դարմանումը: Գունային ճիշդ երանգները շատ լաւ կ՛ազդեն ջղային համակարգին վրայ, նոյնիսկ աւելի լաւ, քան` շատ մը դեղեր: Վերջերս հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կարմիր-նարնջագոյն գոյնին երկար նայողներուն մօտ զարկերակը կ՛արագանայ եւ արեան ճնշումը կը բարձրանայ, որմէ ետք նոյն...

50 Տարի Առաջ (3 Մարտ 1966)

Հայ Կեանք Պոլսոյ Պատրիարքին Զեկոյցը` Ամերիկա Իր Այցելութեան Մասին Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոս, որ 1965 սեպտեմբերին Ամերիկա մեկնած էր առողջական պատճառներով եւ «Ս. Խաչ» դպրեվանքի նիւթականը աւելի հաստատ հիմերու վրայ դնելու համար, վերադարձէն ետք, Կրօն. ժողովի փետրուար 21-ի նիստին մէջ, գրաւոր զեկոյցով տեղեկութիւններ տուած է իր առաքելութեան մասին: Սրբազան պատրիարքը այցելած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայաշատ քաղաքները: Արժանացած է...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութիւններ նոր կապեր պիտի ստեղծեն: Գեղեցիկ հանդիպումներ պիտի ունենաք ձեր ճամբուն վրայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լաւ լուր մը կը սպասէք նամակաբաշխէն: Համբերեցէք եւ անպայման պիտի ստանաք այդ լուրը: Օրը պիտի անցնի ուրախ տրամադրութեամբ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պէտք ունիք ուրիշներու օգնութեան` յառաջդիմելու համար: Մի՛ առանձնանաք, մտէք ընկերութեան մէջ եւ պիտի յաջողիք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1966)

Ուրուկուէյի  Հայ Գաղութը Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն փոքր երկիրն է Ուրուկուէյ: Ունի 186.926 քառ. քմ. տարածութիւն եւ 2.914.00 բնակիչ: Ուրուկուէյի ազգային հերոսն է Արթիկաս, որ ապստամբութեան դրօշ պարզած էր 1814-ին: Մայրաքաղաքն է Մոնթեւիտէօ: Շուրջ 10,000 հայեր կ՛ապրին Ուրուկուէյի մէջ: Առեւտուրի բոլոր ճիւղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ հայերու: Շատեր նպարավաճառ են: Ուրիշներ հիմնած են միսի մեծաքանակ վաճառման տուներ: Կարեւոր տեղ մը կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք է հաւատալ հարցի մը, եթէ նոյնիսկ անիկա անկարելի թուի: Լաւատեսութիւնը զօրաւոր ուժ մըն է, որ կը բարելաւէ մթնոլորտը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գործնական պէտք է ըլլալ կալուած մը գնելու կամ ծախելու պարագային: Այս մարզին մէջ դուք առանձին չէք, հետեւաբար հարցը ձգեցէք բախտին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ քնանալու վարժութիւն մը, լաւ սննդականոն...

50 Տարի Առաջ (1 Մարտ 1966)

Խրախուսիչ Երեւոյթով Շաբաթ, 19 փետրուարին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգ. քոլեճի Բարեկենդանի տարեկան մեծ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ ազգ. բարերար Գ. Չաթալպաշեանի: Գիշերուան ժամը 9:30-էն ետք, հետզհետէ ստեղծուեցաւ խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտ` շուրջ 700 հայրենակիցներու ներկայութեան Ժամը 10:00-ին, երբ Գ. Չաթալպաշեան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ ժամանեց, ժողովրդական խանդավառութիւնը իր լիութեան հասաւ: Պատուոյ սեղանը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի ստանաք լաւ լուր մը, որ կը վերաբերի ձեր կատարելիք յանդուգն աշխատանքին: Կատարեցէք ինչ որ պէտք է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի կարենաք համաձայնիլ ձեր շուրջիններուն հետ. իւրաքանչիւր խօսող պիտի տայ իր կարծիքը եւ փափաքը, որով կարելի պիտի ըլլայ բոլորը գոհացնել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի մէջ յստակ ուղղութիւն պիտի տաք ձեր շուրջիններուն:...

50 Տարի Առաջ (29 Փետրուար 1966)

Արժանթինի Հայ Գաղութը Հարաւային Ամերիկայի ընդարձակ երկիրներէն է Արժանթին: Ունի 2.794.000 քառ. քմ տարածութիւն եւ շուրջ 22 միլիոն բնակիչ: Արժանթին անկախութիւն հռչակած է 1816-ին: Ազգային հերոսն է Սան Մարթին: Մայրաքաղաքն է Պուէնոս Այրէս: Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն հայաշատ կեդրոնն է Արժանթին: Շուրջ 40-50 հազար հայեր կը բնակին: Լաւ կազմակերպուած գաղութ մըն է: Ունի եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ շուրջ 60 միութիւններ: Առաջնորդն...

Page 318 of 361 1 … 317 318 319 … 361

Արխիւներ