Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատիկը Աշխարհի Չորս Ծագերուն

Մարտ 24, 2016
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայաստան

Easter-Armenia_32416

Հայկական տօներու շարքին Զատիկը բնութեան զարթօնքը խորհրդանշող ամենամեծ եւ ամենասպասուած տօնն է:

Շարժական այս տօնը (մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25) կը նշուէր ճոխ հանդիսութեամբ եւ մեծ կազմակերպուածութեամբ: Եւ հաւանաբար այս էր պատճառը, որ ի տարբերութիւն այլ տօներու, անիկա նոյն ձեւով կը նշուէր Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ամէնուր ծանօթ էր միեւնոյն անուանումով` «Զատիկ», «Մեծ Զատիկ», «Ճոչ Զատիկ»…

Շատ մը ժողովուրդներու նման հայերս եւս մեծ կարեւորութիւն տուած ենք հաւկթախաղերուն. պայման էր, որ հաւկիթը կարմիր ներկուէր:

Բացի հաւկթախաղէն, կը կազմակերպուէին զանգուածային կամ ընտանեկան ուխտագնացութիւններ, յատկապէս` գիւղէն դուրս գտնուող մօտակայ սրբավայրեր: Ուխտաւորները իրենց հետ կը տանէին մատաղցու գառնուկ, գինի, անհամար հաւկիթ, բաղարջ հաց եւ կաթնեղէն:

Զատկուան տօնին անբաժան մասն էր նախնիներու պաշտամունքը, որ կը դրսեւորուէր մեռած հարազատներու գերեզմանները այցելութեամբ: Գերեզման կը տարուէր տօնական ուտելիքներուն մէկ մասը եւ խնճոյքներ կը կազմակերպուէին: Իսկ Զատկուան ամբողջ օրը եւ գիշերը տօնական սեղանը բաց կը մնար, նոյնպէս ալ` տան դուռներն ու պատուհանները, որպէսզի մահացած հարազատները կարենան օգտուիլ տօնական հիւրասիրութենէն:

* * *

Ֆրանսա

easter-France_32416

Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրերը Ֆրանսայի մէջ եկեղեցիներուն զանգակները կը լռեն: Ըստ աւանդութեան, անոնք դէպի Հռոմ կը թռչին եւ պապին օրհնութիւնը առնելէ ետք միայն, կիրակի կը վերադառնան Ֆրանսա, ուր մեծ շուքով կը կատարուին եկեղեցական արարողութիւնները: Զատկուան պատարագի աւարտին զանգակները կրկին կը ղօղանջեն, իսկ երեխաները պարտէզները կ՛իյնան` պահուած նախշուած հաւկիթները փնտռելու:

Ֆրանսական զատկուան սեղանէն անպակաս կ՛ըլլայ խորոված գառնուկը: Իսկ Զատիկը շնորհաւորելու համար թէ՛ մեծերը եւ թէ՛ փոքրերը տուրմէ հաւկիթ, նապաստակ եւ զանգակ կը ստանան ու կը նուիրեն:

* * *

Ռումանիա

oeufs-de-paques-Roumanie_32416

Ռումանացիք սովորութիւն ունին Զատիկը ընտանեկան յարկի տակ տօնելու. անոնց Զատկուան ուտեստներն են` աւանդական թթու-կծու ապուրը, աղցանը, մանր վարունգի թթուաշը, խորոված գառնուկը…

Հաւկթախաղը եւս կարեւոր տեղ կը գրաւէ տօնական յայտագիրին մէջ: Զատկուան յաջորդող առտուն աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ ամէն մարդ երեսը լուայ ջուրով, որուն մէջ զետեղուած ըլլայ կարմիր ներկուած հաւկիթ մը եւ արծաթեայ դրամ մը: Կարմիր հաւկիթը կը խորհրդանշէ առողջութիւնը, իսկ արծաթը` անարատութիւնը:

* * *

Իտալիա

colomba-di-pasqua_32416

Իտալիոյ իւրաքանչիւր քաղաք թափօրներ կը կազմակերպէ եւ մեծ շուքով կը նշէ Քրիստոսի խաչելութիւնն ու յարութիւնը: Երեք օրուան վրայ երկարող այս հանդիսութիւններուն ընթացքին նաեւ կը ցուցադրուին Քրիստոսին եւ Աստուածածնին արձանները:

Ամէնէն տպաւորիչը, սակայն, Զատկուան պատարագն է, որ կը կատարուի պապին հովանաւորութեամբ, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ: Տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ կը հաւաքուին տաճարին դիմաց` հետեւելու Զատկուան պատարագին եւ պապին օրհնութիւնը ստանալու համար:

Ինչ կը վերաբերի իտալական տօնական սեղանին, տիրական ուտելիքը խորոված գառնուկը կ՛ըլլայ, իսկ աղանդերը` «քոլոմպա» կոչուած կարկանդակը, որ աղաւնիի ձեւ կ՛ունենայ եւ կը յիշեցնէ Կաղանդի «փանէթթոն» կարկանդակը` իր համով:

* * *

Գերմանիա

easter-Germany_32416

Գերմանիոյ մէջ Զատկուան արարողութիւնները կը սկսին Աւագ հինգշաբթի եւ այդ օրը կը կոչուի «Վիշտի հինգշաբթի»: Այս օրը սովորութիւն է միայն կանաչեղէն ուտել: Ամէնէն ընդհանրացած կերակուրը 7 խոտերէ պատրաստուած ապուրն է:

Որպէս աղանդեր` Զատկուան առթիւ տուներէն անպակաս կ՛ըլլան տուրմէ հաւկիթները, բայց մանաւանդ` «Օսթըրլամ» կոչուած գառնուկի տեսքով կարկանդակը:

Գերմանիոյ մէջ նաեւ սովորութիւն է հաւկիթներով զարդարել գարնանային առաջին ճիւղերը: Ամէն տուն կ՛ունենայ  իր Զատկուան ծառը:

* * *

Սպանիա

paques-espagne_32416

Զատկուան նախորդող օրերուն Սպանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ թափօրներ կը շրջին եւ կը ներկայացնեն Քրիստոսի խաչելութիւնը: Թափօրներուն կ՛ընկերակցին շատ ճոխ զարդարուած ծանր պատգարակներ. առանձնաշնորհեալ անձեր այդ կառքերը իրենց ուսերուն բարձրացուցած, նուագախումբին դանդաղ կշռոյթով կը հետեւին թափօրին:

Հաւատացեալներ իրենց կարգին երկար, ճերմակ հագուստներ հագած եւ տարօրինակ ճերմակ դիմակներ դրած` կը միանան տողանցողներուն:

Զատկուան սպանացիները կը պատրաստեն «Մոնա» անունով համեղ կարկանդակ մը, որուն մէջ տեղ-տեղ նաշխուած հաւկիթ կը զետեղեն:

* * *

Ֆինլանտա

easter+in+Finland_32416

Ֆինլանտացիները կը հաւատան, որ Զատկուան նախորդող շաբաթ օրը հալածուած կ՛ըլլայ չար ոգիներով: Այս պատճառով փոքրիկները իբրեւ վհուկ կը ծպտուին եւ «ուրախութեան կրակ»-ներ կը վառեն ոգիները հեռացնելու համար:

Կիրակի երեխաները տան ծակնուծուկը իրենց ծնողներուն պահած տուրմէ հաւկիթները կը փնտռեն: Պարտէզը պահել կարելի չէ, քանի որ ձիւնով ծածկուած կ՛ըլլայ:

Ֆինլանտական այլ աւանդութիւն մըն է «մամմի» կոչուած աղանդերին պատրաստութիւնը, որ երեքէն չորս օր կը տեւէ: Այս աղանդերը կը հրամցուի բաժակներու մէջ` սերով եւ նարինջի կեղեւի տաշուքներով զարդարուած:

* * *

Աւստրալիա

Australia-easter-bunny_32416

Աւստրալիոյ մէջ Աւագ ուրբաթ օր պայման է «հաթ քրոս պանզ» կոչուած պրիոշը ուտել: Անիկա կը պատրաստեն համեմներով, չամիչով եւ տուրմի մանր կտորներով, իսկ երեսը խաչ մը պատկերուած կ՛ըլլայ:

Մինչեւ վերջերս նապաստակներն էին, որ տուրմէ հաւկիթներ կը բերէին փոքրիկներուն, վերջին տարիներուն, սակայն, նապաստակները երկրին իսկական աղէտ դարձած են, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք փոխարինուած են պիլպի կոչուած երկար ականջներով եւ սուր դունչով անասուններով, որոնք անհետանալու վտանգին տակ են:

* * *

Լիբանան

Easter-Lebanon_32416

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի որոշումով այս տարի մայրաքաղաքի փողոցներէն պիտի բացակային գունաւոր ճուտիկները: Անոնց վաճառքը արգիլուած է թէ՛ երեխաներուն առողջութեան եւ թէ՛ ճուտիկներուն պաշտպանութեան համար: Նահանգապետին այս որոշումը ընկերային ցանցերուն վրայ դրական արձագանգ գտած է եւ մեծապէս ողջունուած` անասուններու պաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ:

Կը մնայ, որ Շպիպի որոշումը վարակիչ դառնայ Լիբանանի մնացեալ նահանգներուն համար:

* * *

Զատիկ Կղզին

Ile-de-Paques_32416

Խաղաղական ովկիանոսին մէջ կը գտնուի Զատիկ կղզին: Անոր անունը ոչ մէկ կապ ունի տօնին հետ: Ճեքոպ Ռոկեվըն զայն յայտնաբերած է 1722-ին, Զատկուան օրը…

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Գեղատիպ Եւ Ուշագրաւ Գիրք Մը` Ասատուրի Արուեստին Նուիրուած

RelatedPosts

Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ
Կնոջական

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Մայիս 8, 2025
Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով
Կնոջական

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Մայիս 1, 2025
Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով.  Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար
Կնոջական

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Ապրիլ 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?