ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր այցելութիւններուն պիտի չպատասխանեն: Ժամանակը կ՛անցնի, եւ նոր որոշումներ կու տաք: Փոխեցէք ձեր կարծիքը եւ առաջին քայլը դուք առէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ժամանակ տրամադրեցէք կարդալու եւ երաժշտութիւն ունկնդրելու: Աղմուկէ եւ իրարանցումէ հեռու մնալով` քիչ մը հանգստացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ձեր տնտեսական վիճակը դժուարացած է, անգիտակիցի վիճակ մի՛ ունենաք, ընդհակառա՛կը, լրջութեամբ նկատի առէք զայն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեզ գովաբանեն այսօր, անկեղծ են, ընդունեցէք. թոյլ տուէք, որ փայլիք ուրիշներու նայուածքին մէջ: Գոհունակութիւն պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հանգիստի բնական ձեւ մը որդեգրեցէք: Ձեր յոգնութիւնը կրնաք փարատել երաժշտութիւն ունկնդրելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մոռցուած ծրագիր մը պիտի վերայայտնուի: Անտարբեր մի՛ մնաք նման պարագաներու, գործի անցէք, ապահով արդիւնք պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեր վրայ վստահութեան պակաս ունիք, առիթները նուազ պիտի ըլլան, հետեւաբար խնամեցէք ձեր արտաքին տեսքը եւ ուրախացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր գիրք մը առէք եւ ընթերցանութիւն կատարեցէք: Անգամ մը, որ աւարտէք, այդ գիրքին մասին շատ պիտի մտածէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր հանգստաւէտ վիճակէն դուրս ելէք իրագործելու համար կարեւոր աշխատանքներ: Ձեր շուրջիններն ալ պիտի օգնեն ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արտաքին յարաբերութիւնները քիչ մը դժուար պիտի ըլլան. տրամադիր էք դուք ձեզ տան մէջ փակելու, եւ ուրիշներ ձեզ պիտի չփնտռեն: Գոնէ հանգստացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զուարճացէք, շաբաթավերջ է: Ձեր ուրախութեան մասնակից ըրէք ձեր բարեկամները. կրնաք խումբով հաճելի պտոյտ մը կատարել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի շրջապատուիք հաճելի անձերով, սիրալիր տրամադրութեամբ: Առիթ պիտի ստեղծուի բարեկամական այս հանդիպումին զիրար լաւ ճանչնալու: