ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութիւն մը պիտի ընէք ընթերցանութեամբ: Նոր վայրեր տեսնելու հաճոյքը պիտի զգաք, նոյն ատեն նոր գիտելիքներով պիտի հարստանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի պիտի օգնեն ճիշդ ժամանակին: Ի՜նչ լաւ զուգադիպութիւն: Հաճելի զգացումներ պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Չէք սիրեր առանձին զբաղիլ ամէն ինչով: Ձեր ունեցած պարտականութիւնը կը բաւէ ձեր ներկայութիւնը փաստելու: Նոր աշխատանք մի՛ ստանձնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է ընտանիքին մէջ: Իւրաքանչիւր անձ գիտակից է իր պարտականութեան: Հետեւաբար օրը պիտի ընթանայ խաղաղ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ազատ ժամերու զբաղումները նոյնքան արժէքաւոր են: Աշխատանքի մը չափ կարեւոր է հաճելի պահեր ունենալը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքի մէջ եւս փոխադարձ մտածումներ կը ստեղծուին: Կարեւորը վստահութեամբ զիրար հասկնալն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ցուցահանդէս, երգահանդէս, շարժապատկեր` այս բոլորն ալ կարեւոր են զարգանալու եւ մշակուելու, ընտրեցէք մէկն ու մէկը` հաճոյանալու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տնտեսական ձեր վիճակը մնայուն հաւասարակշռութիւն մը պիտի ունենայ: Այս կապակցութեամբ անհոգ եղէք: Օրերը պիտի ուրախացնեն ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ գովասանքի պիտի արժանանաք: Ձեր աշխատանքները պիտի գնահատուին նիւթապէս եւ բարոյապէս:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիտողութիւններ պիտի լսէք եւ ըստ այնմ պիտի անդրադառնաք հետեւանքին, ջանացէք տէր ըլլալ ձեր աշխատանքին, որպէսզի խօսքի առիթ չտաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր բարեկամները ձեզ պիտի բարձրացնեն, ձեզի բերելով իրենց օժանդակութիւնը, քանի որ շատ պէտք ունիք այդ օգնութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքին մէջ ընդունեցէք փոքր նկատողութիւնները: Վերջապէս մարդ անսխալական չէ, սրբագրեցէք ձեր թերութիւնը, որքան ալ աննշան ըլլայ անիկա: