ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լուսինը ձեզմէ կը պահանջէ հանգիստ պահ մը ապրիլ: Օրուան հարցերը իրագործելու ուժ տուէք, ապա թէ ոչ անիմաստ կ՛ըլլայ օրը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրական ներշնչում ունեցէք, որպէսզի կարենաք լաւ արտադրել: Բոլոր տուեալները ունիք օրը յաջողութեամբ պսակելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ասպարէզին վիճակը բարդ պիտի ըլլայ: Կան մարդիկ, որոնք պիտի չհասկնան ձեր միտքը եւ ձեզ յանցաւոր պիտի նկատեն: Զգուշացէ՛ք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երեք յաջորդական օրհնուած օրերը պիտի ունենաք օգտուելու համար կեանքի փոքր հաճոյքներէն` առանց խնդիրներ յարուցանելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւագոյն ժամանակն է ձեր թուղթերը կարգի դնելու համար: Ձեր հաշիւները ճշդեցէք, կամ կարգադրեցէք առկախ մնացած հարցերը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ջանացէք յետաձգուած գործերը կարգադրել. մտահոգիչ խնդիր մը չունիք: Օրը պիտի ըլլայ խաղաղ եւ շինիչ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ յոգնած էք, կամ առօրեան ձեր վրայ կը ճնշէ, ըրէք այնպէս, որ կարենաք փրկուիլ այս նեղութենէն: Իրար անցնելու պէտք չունիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գրաւիչ ծրագիրներ, հետաքրքրական լուրեր պիտի լեցնեն ձեր համակարգիչը եւ բջիջային հեռաձայնը: Որոշ է, որ բախտը պիտի ժպտի ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լուսինը ձեր ջիղերը պիտի գրգռէ, եւ դուք հեռու պիտի մնաք ընկերութենէն: Ձեզ փնտռողը կը գտնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ շփումներ պիտի ունենաք շրջապատին հետ, պէտք է տեղափոխուիք կամ նախաձեռնէք յարաբերութեան մը: Այսպիսով, ձեր հարցերը պիտի կարգադրուին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ շատ յոգնած էք, ձեզի պիտի օգնէ աւելի լաւ կազմակերպուած աշխատանք մը, որով պիտի առնէք լաւ որոշումներ` առանց ջղայնանալու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործունեայ պիտի ըլլաք այսօր: Հարցերը պիտի լուծէք դիւրութեամբ: Ձեր յանդգնութիւնը յաւելեալ շահեր պիտի ապահովէ ձեզի: