50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1966)
Արա Կիրակոսեան Հմայեց Իր Ունկնդիրները Հալէպահայ երաժշտասէր ընտրանին եւ պետական աւագանիէն մաս մը, մարտ 31-ի երեկոյեան, յուսախաբ չեղան, երբ փութացին «Սէրքլ կաթոլիկ»-ի սրահը, երաժշտական վայելքի մը համար: Արդարեւ, Սուրիոյ 8 մարտի յեղափոխութեան 3-րդ տարեդարձին առիթով, Համազգային մշակութային ընկերակցութեան հրաւէրով, լիբանանահայ թենոր Արա Կիրակոսեան, ճոխ յայտագիրով մը հայկական հին ու նոր երգերու գեղեցիկ փունջ մը նուիրեց, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի...




