ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծախսերը խոշորացոյցով պիտի դիտէք: Կեանքը ձեր ենթադրածէն աւելի դիւրին է, երբ ծախսելու կարիքը ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տան մէջ ձեզի ուղղուած գովասանքները պիտի ամչցնեն ձեզ, բայց դուք արժանի էք անոնց: Ձեր շնորհները պիտի գնահատուին բոլորին կողմէ` հոգեկան գոհունակութիւն պատճառելով ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այցելութիւն մը` դէպի բնութեան վայրերը, պիտի ուրախացնէ քաղաքը բնակողները: Օրը պիտի անցնի հաճելի անակնկալներով` բարեկամներու կողմէ յայտնաբերուած:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեզի հանգիստի ժամ մը տրամադրեցէք, որուն արժանի էք: Աշխատանքը օգտակար է, բայց զայն չարաչար մի՛ օգտագործէք: Առիթներ ստեղծեցէք հաճոյանալու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքին եւ ընտանիքին միջեւ տարբերութիւն մը դրէք: Աշխատանքի մէջ պատահած հարցերը տուն մի՛ բերէք: Ամէն խնդիր կարգադրուելու իր ժամը եւ տեղը ունի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր քաղաքին մէջ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: Պիտի տեսնէք ցարդ ձեր չտեսած վայրերը: Ջանացէք ձեզի հետ ունենալ հաճելի ընկերակից մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շրջապատին մէջ լաւատեսութիւնը բացառիկ է: Ամէն օր նորութիւն մը կայ, պէտք է օգտուիլ այս բացառիկ առիթներէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ժամանակը մի՛ կորսնցնէք` անօգուտ հարցերով վիճելով: Երկխօսութիւնը փոխանակում մըն է կարծիքներու եւ ոչ պայքար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ որ ձեզի սուղ կը թուի ըլլալ, կրնաք կատարել առանձին` յատկացնելով ձեր գիտութենէն բաժին մը: Ջանացէք լաւ ըմբռնել ձեր խօսակիցին տրամադրութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ախոյեանի մը արժէքը ունենալու համար պէտք է կատարէք մարզական լաւ ներկայացում մը: Ձեր փորձերը կրնաք կատարել սրահի մը մէջ կամ բացօթեայ տեղ մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փոքրիկները դժուարութիւն պիտի ունենան ձեզ հասկնալու: Նախընտրելի է, որ դուք հետեւիք իրենց, որպէսզի ներդաշնակութիւն ստեղծուի ձեր միջեւ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանիքով հաճելի ժամեր պիտի ունենաք եւ պիտի ուրախանաք, նոյնպէս ձեր արտաքին յարաբերութիւնը պիտի ընթանայ սիրալիր տրամադրութեամբ:
