ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մարզասէրներու համար այսօր իտէալ օր մըն է: Պէտք եղածէն աւելի փորձեր պիտի ընէք` դուք ձեզ զուարճացնելով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պէտք է ստեղծել հասարակաց պատմութիւն մը: Ամէն մարդ նոյն պատմութիւնը նոյն ձեւով թող չմեկնաբանէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բոլորին փափաքները միեւնոյն ժամուն չեն ըլլար: Հանգստացէք` փոխանակ աջ ու ձախ վազվզելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեզ բացատրելու լաւագոյն ձեւը գրելն է: Ձեր խօսքերը յստակ պիտի ըլլան եւ պիտի հասկցուին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք յաղթահարել դժուարութիւն մը: Ձեր շուրջինները ձեզի պիտի հետեւին` օրինակ առնելով ձեզմէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մեկուսանաք անկիւն մը` ձեր ջիղերը քանդելով: Դուրս ելէք, որպէսզի հանդիպիք ծանօթներու: Ուրախացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի իրագործէք ծրագիր մը` յաջողութեամբ: Ձեզի պիտի օգնեն շատեր` իրագործելու համար այս ծրագիրը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կարողութիւնը պիտի գնահատուի, եւ դուք աշխատանքի վերաբերեալ առաջարկներ պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պէտք ունիք հոգեկան ներշնչումի. կարեւորութիւն մի՛ տաք վէճերու եւ զուր տեղ ձեր ժամանակը մի՛ սպառէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իրաւունք ունիք լաւատես ըլլալու ապագայի նկատմամբ: Բայց ամէն բանէ առաջ պէտք է ըլլաք յարատեւող:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշը մտիկ ընելը շատ դաստիարակիչ է: Ձեր լսած խրատները պիտի օգտագործէք ի շահ ձեզի: Միշտ նոյնը մնացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարճատեւ ժամանակ մը հանգիստի պէտք ունիք: Դադար տուէք ձեր վազվզուքին, որպէսզի կարենաք վաղը աշխուժ մնալ: