Այլազան

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Վարուժան Տէր Թորոսեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Յարութիւն Վարժապետեան (Քանատա) 100.000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Վարուժան Մըխճեան (Քանատա) 100.000 լ. ո.

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Վարուժան Տէր Թորոսեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Սեդրակ Պալեան 100.000 լ. ո. Տիար Վահէ Տէր Թորոսեան 100.000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Հրայր Տէր Թորոսեան 100.000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Վազգէն Մըխճեան 100.000 լ. ո.  

Կեանքը` Բարձունքներուն Վրայ. Լեռներու Ժողովուրդները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք գիտենք, թէ լեռնային շրջաններուն մէջ կեանքը դիւրին չէ` թէ՛ բնութեան, թէ՛ ալ մարդոց համար: Ծանօթանանք կարգ մը ցեղախումբերու, որոնք ստիպուած եղած են յարմարելու բարձունքներուն վրայ կեանքի դժուար պայմաններուն: Անտեան լեռնաշղթային վրայ քեչուաս հնդիկները   Քեչուասները Հարաւային Ամերիկայի հնդիկներէն են. անոնց թիւը կը հասնի տասը միլիոնի: Անոնք կ՛ապրին Անտեան լեռնաշղթայի բոլոր երկիրներուն մէջ եւ կը խօսին քեչուաս...

50 Տարի Առաջ (30 Ապրիլ 1966)

Խմբագրական Ազգային Նախանձախնդրութեամբ (Կանաչ Կիրակիի Հանգանակութեան Առիթով) Համայնական գործերը հաւաքական զոհաբերութեամբ կը յանձանձուին: Որքա՛ն նախանձախնդիր ըլլանք մեր ազգային պարտականութեանց կատարման մէջ, ա՜յնքան աւելի արագօրէն եւ աւելի լայնօրէն կը բարգաւաճին մեր ազգային հաստատութիւնները: Կենսական նշանակութիւն ունի մեզի համար առանձնապէս կրթական գործը: Եթէ ձախողինք այս մարզին մէջ, ձախողութիւնը անխուսափելի է ամէն մարզի մէջ: Ապահովել եւ ամուր հիմերու վրայ դնել մատաղ սերունդներու հայեցի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր բարեկամները ձեզի վերապահած են անակնկալ մը: Միասնաբար պիտի ունենաք հաճելի ժամանց: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հաշուեկշիռ մը պիտի ընէք, որ բաւական դրական արդիւնք մը պիտի տայ: Օրուան անցուդարձերը նկատառելի են` շնորհիւ ձեր խոհեմութեան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հանգիստ եւ ինքնաքննութիւն թոյլ պիտի տան ձեզի` ըլլալու աւելի գործնական եւ ճշգրիտ: Ուրախ օր մը...

50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1966)

Ակնարկ Անաստուած Մը Վատիկանի Մէջ Ութ տարի առաջ, 1958-ին, Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Անտրէ Կրոմիքօ խաղաղութեան կողմնակիցներու իտալական պատուիրակութեան մը առջեւ խօսք առնելով կը յայտարարէր. «Ներկայիս գոյութիւն ունի գետին մը, որուն վրայ շփումներ կրնան հաստատուիլ Խորհրդային Միութեան եւ Վատիկանի միջեւ»: Այդ գետինը, խորհրդային նախարարին մտքին մէջ խաղաղութեան պահպանումն էր: Գոնէ այդպէս կ՛արտայայտուէր: Չորեքշաբթի խաղաղութիւնը եղաւ գլխաւոր նիւթը այն խօսակցութեան,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճիշդ ժամանակին լաւ գործունէութիւն մը պիտի սկսիք: Յաջողութիւնը միշտ ձեզի հետ է, ուրախ մնացէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ամէն ինչ ծուռ ընթանայ աշխատանքի մէջ, անօգուտ է յամառիլ. ձգեցէք` թող անցնի շաբաթավերջը, յառաջիկային աւելի լաւ գործունէութիւն պիտի ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր փափաքը պիտի կարենաք յագեցնել օտար երկիր մը երթալով: Պիտի ունենաք...

Հետաքրքրական.  3 Բան, Որ Պէտք Է Թափել Ըստ Ֆենկ Շուէյի

Հետաքրքրական. 3 Բան, Որ Պէտք Է Թափել Ըստ Ֆենկ Շուէյի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Չինական ֆենկ շուէյ փիլիսոփայութիւնը կը պնդէ, որպէսզի երջանկութիւնն ու  յաջողութիւնը ձեր տունը մուտք գործեն, բաւական է ձերբազատիլ ընդամէնը 3 իրէ: Ճաթած, Ճեղքուած Ապակեղէնէ Ճաթած պնակեղէնը, հին թէ նոր, տան մէջ անյաջողութիւն եւ հիասթափութիւն կը տարածէ: Նոյնիսկ եթէ այդ պնակը կամ գաւաթը շատ կը սիրէք ձերբազատեցէք անկէ եւ նորը գնեցէք, քանի որ ըստ ֆենկ շուէյի, ճեղքուած սպասը նաեւ...

50 Տարի Առաջ (28 Ապրիլ 1966)

Խմբագրական  Հանրային Հետաքրքրութիւն Հաւաքական կեանքի զարգացման գլխաւոր ազդակներէն է հանրային հետաքրքրութիւնը: Այն ժողովուրդին մէջ, ուր անհատը զուրկ է հանրային հետաքրքրութենէ, ընկերային կեանքը, իր զանազան մարզերուն մէջ, դատապարտուած է լճացման ու ամլացման: Հանրային հետաքրքրութիւ՛նն է մղիչ ուժը ազգային կեանքի: Առանց այդ հետաքրքրութեան` նաեւ անհատը կը դադրի հանրարժէք գործօն ըլլալէ եւ կը դառնայ ինք իրմով ապրող եւ ինք իր աշխարհին մէջ մեկուսացած......

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի գտնէք անձ մը ձեր աշխատած վայրին մէջ, որ լաւ խորհուրդ պիտի տայ ձեզի: Ընդունեցէք անոր խօսքերը` իբրեւ անկեղծ արտայայտութիւն եւ գործադրեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի կարենաք սորվիլ զսպել ձեր յուզումները: Այս կեցուածքը իմաստութիւն կ՛ենթադրէ, հետեւաբար պէտք է գործադրէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ գումար մը ձեր ձեռքը պիտի անցնի, ինչ որ...

50 Տարի Առաջ (27 Ապրիլ 1966)

Լիբանանահայութիւնը Համազգային Յարգանքով Ոգեկոչեց Ապրիլեան Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակը «Յիսնամեակի Յուշարձան» Մը Պիտի Կանգնեցուի Պիքֆայայի Մէջ Կիրակի, 24 ապրիլին Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով: Լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, քարոզ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Ամէնուրեք լիբանանահայութիւնը ներկայ գտնուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ: Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք է նախատեսել նախքան հաշուեկշիռ մը կատարելը: Օգտուեցէք ձեր սեփական փորձառութենէն: Խնայասէր եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան խոստում մը արդէն ձեզի երեւակայել պիտի տայ եւ ներշնչէ այն զգացումը, թէ կատարուած ճամբորդութիւն է: Հոգ մի՛ ընէք, անպայման կը հասնիք ձեր նպատակին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լուրերը յոյսով լեցուն, եւ դուք պիտի հաւատաք անոնց:...

50 Տարի Առաջ (Ապրիլ 23 1966)

Խմբագրական ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ապրիլ 24-ի Առիթով) Յիսունմէկ տարի առաջ պատմութեան մէջ իր նախընթացը չունեցող սարսռազդեցիկ Ոճիր մը գործուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ` մարդկային քաղաքակրթութեան, բովանդա՛կ մարդկութեան դէմ: Նախածրագրուած ձեւով եւ պետական կազմակերպեալ միջոցներով անօրինակ բարբարոսութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ա՛զգ մը ամբողջ բնաջնջուեցաւ իր հայրենի հողերուն վրայ, մշակոյթ մը կործանուեցաւ եւ հայրենիք մը ամայացուեցաւ իր բնիկ, շինարար ու ստեղծագործ տարրէն: Առաջին անգամ է,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ոչ մէկ արգելք պիտի ունենաք ձեր որոշած ծրագիրները յաջողցնելու: Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, եւ ձեր բոլոր որոշումները պիտի կատարուին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առիթ մը տուիք ուրիշներու` կատարելու համար լաւագոյնը: Եթէ կացութիւնը յարմար չէ, անիկա ձեր յանցանքն է, ուրիշները մի՛ մեղադրէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխուժութիւնը օրինակելի պիտի ըլլայ ձեր շուրջիններուն...

50 Տարի Առաջ (22 Ապրիլ 1966)

Որպէսզի Հայ Անմահ Ցեղը Ապրի Մեծ եղեռնի 50-ամեակի առթիւ շատ յօդուածներ գրուեցան հայ թերթերու մէջ եւ շատ ճառեր խօսուեցան բեմերէն, մեծ մասը` զգացական յօդուածներ ու ճառեր, դժբախտաբար: Փորձեր, համեմատաբար, քիչ եղան քննելու երեւոյթը, թափանցելու անոր էութեան մէջ, վերլուծելու եւ եզրակացութիւններ հանելու: Աւելի քիչ պատմական այդ երեւոյթէն դասեր առնելու ջանք թափուեցաւ: Որ թուրքի գործածը բարբարոսութիւն էր, «պատմութեան ամենասեւ էջ», ոճրագործութեան ամենավայրենի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դրամական հարցերու վերաբերեալ հաշիւներու ուշադիր եղէք: Ձեր շահածէն աւելի մի՛ ծախսէք: Ձեր հաշիւները ստուգեցէք, որ նեղի չմատնուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ժամադրութիւնները յարգեցէք: Ամէն կողմ նոյն ատեն ներկայ ըլլալու փափաքը մի՛ ունենաք: Երբեմն դժուարութիւն կ՛ունենաք ձեր ծրագիրները դասաւորելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ բազմատեսակ գործեր ունենաք կարգադրելիք, լաւ կազմակերպուեցէք, որպէսզի չձախողիք: Ձեր...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Կիներու Կրկնակի Ցաւը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Կիներու Կրկնակի Ցաւը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քրտական ծագումով թուրք լրագրող Մուգգան Հալիս «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջին վրայ 2014-ին լոյս տեսած յօդուածով մը հետեւեալը գրած է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով կրկնակի տուժած հայ կիներուն մասին: «Ցեղասպանութիւնը հայ կիներուն համար կրկնակի ցաւ էր, քանի որ անոնց համար ատիկա միաժամանակ բռնաբարութիւն, բռնի ամուսնութիւն, ստրկացում կը նշանակէր: Բռնաբարութիւններ 1915 թուին հայ կիները թէ՛ իրենց հայրենիքէն արտաքսուեցան, թէ՛ իրենց ամուսիններն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք ունիք չափաւորութեամբ գործելու, որպէսզի ուրիշներու հետ ձեր յարաբերութիւնները չփճացնէք: Օրը պիտի օգնէ ձեր գործերուն յաջողութեան: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խմբական աշխատանքի մէջ ձեր մեծամտութիւնը կարծր պիտի ըլլայ: Խիստ միջոցներ մի՛ կիրարկէք, որովհետեւ չէք յաջողիր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ է ժամանցի պահեր ունենալ դուրսի կեանքի մէջ: Մաքուր օդ շնչեցէք բացօթեայ վայրերու մէջ,...

50 Տարի Առաջ (20 Ապրիլ 1966)

Խմբագրական Բարերար Կը Փնտռուի... Ազգային ու կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններ ունինք, որոնք հանրային կարեւոր դերի մը կոչուած են, եւ որոնք սակայն չեն կրնար լիովին արժեւորել իրենց ճիգերն ու հնարաւորութիւնները ա՛յն գլխաւոր, եւ յաճախ` միա՛կ պատճառով, որ նիւթական տագնապի մէջ են: Բարգաւաճ հայութիւն` գրեթէ ամէնուրեք եւ ազգային անբարգաւաճ հաստատութիւններ` աստ եւ անդ: Անբնականոն երեւոյթ մը ահա, որ հիմնովին անյարիր է մեր ազգային...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անվախօրէն արտայայտուեցէք: Արցունքները աւելի կ՛արժեն, քան` լռութիւնը: Բնական ընթացքի մէջ մնացէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը շատ յարմար է մանուկներով զբաղելու համար: Ձեր սիրալիր վերաբերումով պատասխանեցէք անոնց հարցումներուն: Անոնք պիտի հետեւին ձեր խօսքերուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մարզանք ըրէք ձեր ֆիզիքական վիճակը լաւ պահելու համար: Մի՛ մոռնաք նոյն ատեն, որ քալելը լաւագոյն մարզանքն...

Page 313 of 361 1 … 312 313 314 … 361

Արխիւներ