Խմբագրական
Խորհուրդ
(Յարութեան Տօնին Առիթով)
Գերագոյն զոհաբերութեան մէջ գերագոյն Յոյսն է, որ կու տայ մեզի քրիստոնէութիւնը յարութեան խորհուրդով:
Յարութիւնը պայմանաւոր է գերագոյն զոհաբերութեամբ, որ իբրեւ արգասիքը անվերապահ Նուիրումին` հիմ ունի Սէրը, ամբողջական ու անսասան Հաւատքը:
Սէրն ու Հաւատքը` մարդկային ու աստուածային վսեմական արժէքներուն ու Իտէալին հանդէպ, որ յաւերժութեամբ կնքաւոր գերադրական Կեանքին աննուաճ Տեսիլքն է:
Գերագոյն զոհաբերութիւն, ուրեմն, գերագոյն Նպատակին հասնելու համար, Կեանքի յաւերժութիւնը նուաճելու ի խնդիր:
Զոհաբերել ու զոհաբերիլ, քրիստոնէական առումով, կը նշանակէ հետեւաբար մարդկայնանալ, շաղուիլ ու միաձուլուիլ աստուածային իսկութեան, աճիլ ու զօրանալ հոգեպէս եւ յաղթահարել Մահը` թէ՛ բարոյական, թէ՛ աստուածաբանական իմաստով:
Ահա թէ ինչո՛ւ յարութիւնը Կեանքին յաղթանակն է Մահուան վրայ: Յաղթանակն է Բարիին, Ճշմարտութեան ու Գեղեցիկին:
Յաղթանակը Մարդո՛ւն, ազատագրութիւնը մարդկային Մտքին եւ փարատումը մարդկային Տագնապին:
Առանց յարութեան խորհուրդին` ունայնութիւն է ամէն ինչ: Ունայնութիւն` ո՛չ միայն մեզմէ դուրս, այլեւ այլ մանաւանդ` մեզմէ ներս:
Յարութիւնը յոյսն է կեանքին, յաւերժութեան, որ ոտքի կը պահէ մարդկային հոգին, հոգեկան մեր հաւասարակշռութիւնը, բարոյական ու հոգեմտաւոր աշխարհի ամբողջ կառոյցը:
Որովհետեւ, եթէ յարութիւն չկայ, չկայ նաեւ հաւատք, չկայ նաեւ սէր, ուստի ունայն է ամէն ճիգ, ամէն զոհաբերութիւն, ամէն երազ եւ ամէն նուիրում: Ունայն ու անիմաստ է կեանքը ինք:
Յարութեան խորհուրդն է, որ կը լեցնէ ունայնութեան մահասփիւռ անջրպետը: Խորախորհուրդ ու առինքնող այն ծաղիկն է, որ իր բոյրը կը սփռէ իւրաքանչիւր գերեզմանի սնարին, տիեզերական աննիւթական Լոյսէն կաթիլ մը իբրեւ` շաղ տրուած դէպի մեր ներքին Մութն անդնդախոր:
Ցորենի հատին օրինակով, յարութեան խորհուրդին մէջ է, որ մարդ արարածը կը վերադառնայ, կը փոխակերպուի աստուածային իր իսկութեան:
Ահա թէ ինչո՛ւ մարմնացեալ Յիսուսը, իբրեւ գերադրական հատիկ ցորեանի, գերագոյն զոհաբերութեան ճամբով, իր անձը նուիրաբերեց փրկագործելու համար իր հօտը մարդկային ցեղի, որպէսզի իր մարմնով ու արեամբ իբրեւ աւիշ ծառայէ մեր գերեզմանի սնարին աճելիք յոյսի, Կեանքի, յաւերժութեան սքանչելագործ ծաղիկին:
Ահա թէ ինչո՛ւ զոհաբերել` կը նշանակէ մեծնալ, կը նշանակէ փարատել մեր ներքին մութը եւ իբրեւ լոյս կենաց բաշխուիլ մեր նմաններուն մէջ, բաշխուիլ իբրեւ մաս հաղորդութեան:
Հոս է, այս ճշմարտութեան մէջ է մեծութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան: Հոս, այս ճշմարտութեան մէջ կը կայանայ մարդկային մեծութեան աղբիւրը:
Հաւատալ, սիրել եւ զոհաբերել կեանքին համար, Մարդուն համար: Մեր փրկութիւնը որոնել մեր նմանին փրկութեան մէջ, մեր մեծութիւնը` նո՛յնպէս:
Այսպէս ապրեցաւ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ այսպէս հաւատաց: Հաւատաց յարութեան խորհուրդին եւ զոհաբերեց տեւաբար: Հաւատաց, զոհաբերեց եւ տոկա՛ց:
Տոկաց եւ մեծցա՛ւ: Մեծցաւ եւ յաղթանակե՛ց: Փիւնիկի պէս յարութիւն առաւ աւերակներէն, զորս Չարիքը սփռեց մեր պատմութեան քառուղիին վրայ եւ մեր հոգեկան աշխարհի կառոյցին մէջ:
Քիչ անգամ ժողովուրդի մը կեանքը, անոր հոգեմտաւոր աշխարհի պատմութիւնը այս աստիճան կը նոյնանայ իր Աստծոյն հետ, անոր կեանքին ու ճակատագրին հետ:
Քիչ անգամ հօտ եւ հովիւ այսքան հաշտ ու հաղորդ կ՛ապրին իրենց մարդկային գերազանց ողբերգութեան մէջ:
Եւ բոլոր մեր թշնամիները, իւղաբեր կիներուն օրինակով, բոլո՛ր անոնք, որ մեզ փնտռելու կու գան հո՛ն, ուր մեզ թաղած ըլլալ կը կարծեն, շրջուած տապանաքարին վրայ պիտի կարդան հայոց պատմութեան ճակատագրօրէն անյեղլի պատգամը.
– Չէ աստ, այլ յարեաւ:
Այսպէ՛ս գրեցինք մեր պատմութիւնը: Այսպէ՛ս կերտեցինք մեր դիմագիծը եւ այս ձեւով շինեցինք մեր ճակատագիրը:
Որովհետեւ հաւատացինք, հաւատացինք յարութեան խորհուրդին, մարդկային ու աստուածային գերագոյն արժէքներուն, կեանքին ու հայ հանճարի ստեղծագործ ուժին:
Այս հաւա՛տքն էր, որ ապրեցուց մեզ: Այս նուիրումը, ստեղծագործական աւի՛ւնն էր, որ մեզի բացաւ կեանքի ու յաւերժութեան գաղտնիքը:
Հոգեկան այս լուսեղէն պայծառութեան եւ անսպառ ուժին ի տես է, որ Աստուած իջաւ ի Հայաստան եւ բնակեցաւ ի մե՛զ…