ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արժանի էք այն սիրոյն, որ ձեզի կը տրուի: Թոյլ տուէք, որ այս ընթացքը շարունակուի, իսկ դուք ուշադիր եղէք փոքր հարցերու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան կեանքին մէջ միշտ համաձայնութիւն չ՛ըլլար. կարելի է միշտ երկխօսութիւն կատարել եւ հասկացողութեան գալ իրարու հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շաբաթավերջի պտոյտ մը նախաճաշակ մը պիտի տայ ապագային ձեր կատարելիք ճամբորդութեան համար: Շատ ուրախ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքը լաւ պիտի կատարուի, որովհետեւ իւրաքանչիւրը պիտի աշխատի սրտանց: Բարի տրամադրութեամբ աշխատանքը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեզ հաճոյացուցէք` նախքան ուրիշներուն հաճելի ըլլալը: Ընկերային կեանքին մէջ կարեւոր է փոխադարձ հասկացողութիւնը եւ ներողամտութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մտահոգուիք ձեզի մօտիկ անձի մը համար, ան գիտէ իր ընելիքը: Մնացէք բարեկամական պարզ մթնոլորտի մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի վերագտնէք ձեր բարեկամները, եւ ասիկա մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ բոլորին: Պէտք եղած պարագային իրարու օգտակար եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ստիպուած պիտի ըլլաք ձեր աշխատանքին մէջ նոր ձեւեր որոնելու: Եթէ փոփոխութիւն կ՛ուզէք, պէտք է կատարէք առանց վախի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հին օրերու փափաք մը եւ ճամբորդելու որոշում մը ձեր միտքը կը զբաղեցնեն, մինչեւ իսկ զայն կը տեսնէք ձեր երազին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզի մօտիկ անձ մը ձեզի երջանկութիւն կը մաղթէ եւ ձեզի պիտի օգնէ: Եթէ որեւէ բանի կարիք ունիք, խնդրեցէք այդ անձէն, եւ ան պիտի օգնէ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վիճաբանութեան տեղի մի՛ տաք, քիչ մը դիւանագէտ եղէք: Այսօր առիթներ պիտի ունենաք յիշեալ վերաբերումով խօսակցելու բարեկամներու հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ ձեր սովորական կեանքին մէջ, եւ ասիկա ի նպաստ պիտի ըլլայ ձեր բարի գործունէութեան: