ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծնողքին դերը դժուար պիտի ըլլայ այսօր, մանաւանդ երբ դուք ձեզ կը բաղդատէք ուրիշներու հետ: Իմաստութեամբ շարժեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բառերը աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլան, քան` ձեւակերպութիւնը: Պէտք է ինքնավստահ ըլլաք` նախքան արտայայտուիլը որեւէ պարագային:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ ծախսերու մէջ մխրճուած էք պէտք է ուշադիր ըլլաք այս պարագային: Ձեր շահածէն աւելի ծախսելը դժուարութեան կը մատնէ ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ վախնաք ձեր ինքնութիւնը արտայայտելէ, պէտք է լաւ գիտնաք ձեզի հետ աշխատողին տրամադրութիւնը` ձեր կարգին բնական տրամադրութիւն մը ցուցաբերելով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրիշներուն խորհուրդները մտիկ չէք ըներ, եւ ինչ որ ձեր մտքին մէջ կայ, անիկա կը կատարէք: Ականջ տուէք ուրիշներուն, որովհետեւ սորվելիք շատ բաներ ունիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պարտաւոր կը զգաք բարեկամի մը օգտակար ըլլալու. ուրեմն, առանց տատամսելու, կապ պահեցէք անոր հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ աշխատանք մը պիտի կատարէք յաջողութեամբ: Ձեր այս վերաբերումէն պիտի օգտուին նաեւ ձեր շուրջինները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կը փափաքիք ճամբորդութիւն մը կատարել, պէտք է քիչ մը եւս սպասել: Եթէ համբերէք, աւելի լաւ առիթներ պիտի դիմադրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր հարազատներէն մէկուն հետ հարց մը պիտի ունենաք, որմէ պիտի ազդուիք: Այսուհանդերձ, ներողամիտ եղէք եւ մոռցէք եղածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կալուածային հարցի մը շուրջ բանակցութիւն պիտի ունենաք` գնելու կամ ծախելու: Այս գործով փորձառութիւն մը պիտի ապրիք եւ պիտի չվնասէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յոգնութիւն եւ ջղային աշխատանք վնասած են ձեր առողջութեան: Հանգստի պէտք ունիք հանդարտելու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարելի չէ յաճախ զուարճանալ: Երբեմն ալ պէտք է գիտնալ մօտէն հետեւիլ օրուան հարցերուն եւ զբաղիլ անոնցմով:
