Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մօր Ճակատագի՞ր…

Ապրիլ 14, 2016
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Hay-Mayr_41416

Երեք Որդիներն Ալ Զինուոր Են

«Երբ արու զաւակ կ՛ունենաս, աչքալուսանք կու տան` հայրենիքին զինուոր մը եւս ծնաւ:

Հիմա երեք որդիներս ալ հայրենիքի զինուոր են: Իրենց նման հազարաւոր տղաներու հետ կը պահպանեն մեր հողն ու ջուրը:

Դժուար է, շատ դժուար է միաժամանակ երեք զինուոր որդի ունենալ բանակին մէջ, երբ երեքն ալ տարբեր վայրերու մէջ կը ծառայեն…

Կեանքիս մէջ ամէն դժուարութեան դիմացեր եմ, յաղթահարեր եմ, միայն կարօտին է, որ չեմ դիմանար, բայց կը համակերպիմ, կը գիտակցիմ` հիմա հայրենիքը աւելի քան երբեւէ զինուորի կարիք ունի:

Ափսոս, զաւակներուս հայրը չկայ, այլապէս շատ հպարտ պիտի զգար զինուոր որդիներով:

Լոյսը բացուելուն պէս առաջին աղօթքս առ Աստուած մեր զինուոր զաւակներուն համար է` «ամենակարող Տէր, պահպանէ՛ մեր զաւակները, չոր պահէ մայրերուն աչքերը»:

Տղե՛րք ջան, իմ սիրասուն զինուոր զաւակներ, մեր արծիւ զաւակներ, ձեզ ուժ եւ կորով կը մաղթեմ, թող ձեր ձեռքը չդողայ թշնամիին արժանի հարուած տալու ժամանակ: Միասին եղէք, միակամ` իրար սարի պէս թիկունք. թշնամին մեր միասնականութենէն շատ կը վախնայ:

Ձեզ` մեր բանակի բոլոր զինուորներ, խաղաղութիւնը պահող պահպանող տղաք, անփորձանք ծառայութիւն եւ բարի վերադարձ հայրենի օճախներ:

Վերադարձէ՛ք եւ շէնցուցէք ձեր տունն ու հայրենիքը խաղաղութեան մէջ»:

ԱՍՊՐԱՄ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Ձեր Մայրերը Ձեզ Հետ Են

«Հայրենիքէն թանկ ու սուրբ անկիւն չկայ: Այսօր հայրենիքի մէջ հարազատ հողի համար կը ծառայեն իմ երեք որդիներս: Մինչ ծառայութիւն` անոնք Ռուսաստան էին, բայց առանց իսկ մէկ վայրկեան տատամսելու վերադարձան հայրենիք` իրենց պարտքը տալու:

Մայրական սիրտս անհանգիստ է, տագնապներով լեցուն:

Այս աշխարհին երեսին մեզի բաժին մնացած այս բուռ մը հողը դարձեալ վտանգի մէջ է: Սիրտս կը ցաւի ամէն զինուորի համար, զինուորի կեանքէն թանկ կեանք չկայ…

Երբեմն կը զարմանամ` մեր աչքով մեր 18-20 տարեկան զաւակները երեխայ են, իսկ խորքին մէջ անոնք հերոս տղաք են, առիւծ տղաք, անվախ ու քաջ: Շնորհակալ եմ բոլոր զինուոր զաւակներուն, որոնք այս պահուս կանգնած են ճակատին:

Մենք` ձեր մայրերը, ձեզի հետ ենք հոգիով, միտքով, աղօթքներով: Անփորձանք ծառայութիւն ձեզի, մեր զինուորներ, բարի վերադարձ ձեզ, մեր քաջ զաւակներ»:

ԳԱՅԵԱՆԷ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

 

Ուժեղին Է Աշխարհն Ու Իրաւունքը

«Իմ երեք որդիներս կ՛ուսանին Վազգէն Սարգսեանի անուան հիմնարկին մէջ: Ստիպողաբար չեն ընտրած զինուորականի մասնագիտութիւնը, այլ` սիրով, իրենց իսկ փափաքով:

Ճակատագիրը մեզ բարի հարեւաններ չէ շնորհած, հետեւաբար պարտաւոր ենք ուժեղ ու ամուր ըլլալ:

Մենք արմատներով գանձակցի ենք, գիտենք` ի՛նչ կը նշանակէ բռնի տեղահանութիւն, աւեր, ջարդ, գիտենք` ինչ ծանր է տարիներով վաստակած, ստեղծած տուն-տեղը ձգել եւ ամէն ինչ զերոյէն սկսիլը:

Կ՛ըսեն` հայու ամէն մէկ սերունդ իր բաժին պատերազմը ունի, ամէն սերունդ կը ճաշակէ պատերազմին դառնութիւնը:

Հիմա տղաքս ռազմական գործ կ՛ուսանին, որովհետեւ կը գիտակցին, որ մեր թշնամին մէկ լեզու գիտէ, մէկ լեզու կը հասկնայ, ատիկա զէնքի լեզուն է: Այսօր փոխուած են ժամանակները, ուժեղին է աշխարհն ու իրաւունքը»:

ԷԼՄԻՐԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Ժամանակը Չի Մեղմացներ Տառապանքս

«Ես գիտեմ ի՛նչ է պատերազմը, պատերազմին պատճառած դառնութիւնն ու ցաւը: Արցախեան պատերազմի ժամանակ կորսնցուցի 22 տարեկան որդիս:

Տարիներ անցած են, բայց ամենակարող ժամանակը չէ մեղմացուցած իմ տառապանքս, եւ այսօր ալ ամէն զոհուած զինուորի ցաւ իմ սրտիս մէջէն կ՛անցնի:

Կ՛ատեմ պատերազմը եւ բոլոր մայրերուն նման` դէմ եմ ամէն տեսակ բռնութեան, դաժանութեան եւ չարիքի:

Մենք պէտք էր շարունակէինք մեր հերոսներու, իմ որդիիս կիսատ ձգած գործը, պէտք էր թշնամիին լռեցնէինք իր բոյնին մէջ, որ ան իր ամենահեռաւոր երազներուն մէջ իսկ երբեւէ չհամաձարկէր մեր սահմանները ոտք դնելու մասին»:

ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ

  «Ղարաբաղցի Կինը» Քանդակը

sculpture-of-a-woman-from-Karabakh-

Յաճախ Երեւանի մէջ կը հանդիպինք  արձաններու, որոնց մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք: Անոնցմէ մէկը «ղարաբաղցի կինը» արձանն է:

Արձանը կը գտնուի օփերային մօտ` Սայաթ Նովա պողոտայի եւ Տէրեան փողոցի խաչմերուկին վրայ: 3 մեթր բարձրութեամբ պրոնզեայ արձանին հեղինակն է Դաւիթ Երեւանցին. արձանը տեղադրուած է 11 նոյեմբեր 1988-ին:

Քանդակագործը արձանը կերտած է ծնունդով շուշեցի, մենապարուհի եւ երգչուհի Արեւ Պաղտասարեանի կերպարով: Խորհրդային իշխանութիւնները արգիլած էին քանդակը տեղաւորել քաղաքին մէջ. անիկա 2 տարի մնաց ձուլարանին մէջ: Արցախեան շարժումէն ետք միայն արձանը տեղադրուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ:

 

Արցախի Հրաշալիքները

Արցախը միայն Ստեփանակերտն ու Շուշին չեն, վանքերն ու եկեղեցիները չեն: Արցախը նաեւ աննկարագրելի գեղեցկութեամբ բնութիւն է, որ սփռուած է ամէնուրեք:

Տնջրի Ծառը

IMG_2016

Մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 37 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղին մէջ կը գտնուի չինարի հսկայ ծառը, որ ծանօթ է Տնջրի անունով:

Տեղացիներու պնդումով, շուրջ 2003 տարեկան ծառը նախկին Խորհրդային Միութեան ամենատարեց ծառն է:

Տնջրի ծառին բարձրութիւնը 54 մեթր է, իսկ բունին շրջագիծը` 27 մեթր: Ծառ-հսկային փչակին մակերեսը 44 քառ. մեթր է, հոն կրնայ տեղաւորուիլ 100-էն աւելի մարդիկ:

Սխտորաշէնի այս հսկային տակէն կը հոսի Տնջրիի սառնորակ աղբիւրը, որ դարեր շարունակ յագեցուցած է տեղացի շինականին ծարաւը, սնած` հսկայ ծառը եւ շարժած ջաղացքին քարը:

Տնջրի ծառին չափերէն տպաւորուած` այցելուներ յաճախ գրութիւններ կը ձգեն փչակին մէջ, ոմանք ալ մոմ կը վառեն, հակառակ որ այս վերջինը արգիլուած է, քանի որ կը վտանգէ ծառին գոյութիւնը:

Դժուար է ըսել, թէ ինչո՛ւ մարդիկ սրբատեղիի վերածած են հսկայ չինարին, բայց անհերքելի է, որ մէկ անգամ զայն տեսնողը անկարելի է, որ զայն մոռնայ:

 

Հունոտի Կիրճը

Bridje_41416

Հունոտի կիրճը Ղարաբաղի ամենասիրուն վայրերէն մէկն է: Ժայռապատ այս կիրճը ծածկուած է խիտ անտառներով, իսկ անոր խորը կը գտնուի բնական յուշարձան-քարանձաւ մը, ուր կարելի է մտնել միայն ջրվէժի վարագոյրը անցնելով: Հոն պահպանուած են միջնադարեան Հունոտ գիւղի աւերակները, բազմաթիւ ջրաղացներ, երեք քարէ կամուրջ, ինչպէս նաեւ` եկեղեցի եւ պարիսպներ, որոնք մեծ դեր խաղացեր են քաղաքի պաշտպանութեան ժամանակ:

Յարակից գիւղերու բնակիչները տակաւին մինչեւ հիմա կ՛օգտագործեն կամարակապ կամուրջը, որ կառուցուած է 1720 թուականին: Արեւմտեան  զառիթափին կը յայտնուին պաշտպանական կառոյցներու հետքեր եւ հին անձաւներ, որոնք որպէս կացարան ծառայած են նախնադարեան ժամանակաշրջանին:

4605531-IMG_2557_sm

Հունոտի կիրճէն ծնունդ առնող աղբիւրը կը թափի մամռապատ քարի վրայէն` ձեւաւորուելով մշտական  ջրվէժ մը, որ ծանօթ է Հովանոց եւ Զոնտիկ անուններով:

Այս տպաւորիչ, բնական յուշարձանը, որ հովանոցաձեւ քարայրով կ՛ապշեցնէ եւ կը հմայէ այցելուները, կը համարուի կիրճին լաւագոյն գլուխ-գործոցը: Հետեւաբար Հունոտի կիրճը այցելողը անպայմանօրէն պէտք է այցելէ Զոնտիկները, ինչ տարիքի ալ ըլլայ ան:

 

Խոհագիր

Կաղամբով Պասուց Տոլմա

pasuc_41416

Պասուց տոլմա, ա՜խ թանկ տոլմա,
Լաւ ուտեստ է ամանորեայ,
Որ յատուկ է սոսկ հայերին,
Ու կիսով չափ եւ յոյներին:
Խառնիր իրար հաճար, սիսեռ,
Ոսպ ու հաճար, նաեւ ձաւար,
Մի օր եփիր, տասն օր հա կեր:
Շատ համեղ է եւ օգտակար,
Ուրիշ աւել ինչ կայ յարմար:

Պասուց տոլման հայկական տօնական սեղաններու զարդն է, բայց նաեւ շատ յարմար եւ առողջապահական ուտելիք մը` պահքի շրջանին: Պահքն ու տօնը սպասելու կարիք չկայ, առաջին իսկ առիթով պատրաստենք եւ համտեսենք այս շատ համեղ ուտեստը:

Բաղադրութիւն.

– Կէս բաժակ կիսեփ եւ կեղեւը մաքրուած սիսեռ
– Կէս բաժակ կիսեփ կարմիր լուբիա
– Կէս բաժակ կիսեփ ոսպ
– Կէս բաժակ կիսեփ բրինձ
– Կէս բաժակ կիսեփ ձաւար
– Կէս բաժակ կիսեփ հաճար
– Խոշոր կաղամբ մը
– Լոլիկի խիւս
– Երկու հատ մանրուած սոխ
– Կէս բաժակ մանրուած ազատքեղ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– 1/2 բաժակ բուսական իւղ

Պատրաստութիւն

Բուսական իւղի մէջ տապկել սոխը, մինչեւ որ թափանցիկ դառնայ:

Աւելցնել լոլիկի խիւսը եւ բոլոր ընդեղէնները: Շարունակել տապկել 3-5 վայրկեան:

Վերջապէս աւելցնել մանրուած ազատքեղը, աղն ու պղպեղը: Խառնել, եւ ահա լցոնը պատրաստ է:

Կաղամբին տերեւները բաժնել եւ եռացած ջուրի մէջ մէկիկ-մէկիկ խաշել ու քամոցի մէջ փոխադրել:

Կաղամբի տերեւներուն մէջ միջուկ դնել եւ փաթթել եւ կաթսայի մը մէջ քով-քովի խիտ շարել եւ վրան պնակ մը զետեղել:

Աղ-ջուր պատրաստել եւ տոլմաներուն վրայ թափել եւ միջին կրակի վրայ 25-30 վայրկեան եփել:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Երգ Եռաձայն
—————
Առաջին Ձայն

Ախ, իմ հայրենի՜ք

Իմ ամբողջ կեանքում լեզուդ եմ սերտում
Եւ չեմ սովորել անսխալ խօսել,
Անսխալ խօսել քո մասին քեզ հետ.
Շփոթւում եմ միշտ անանց յուզմունքից…

Երբ վաղ գարնանըդ կկուդ է կւուում,
Ինձ ամէն անգամ այնպէս է թւում,
Թէ թարգմանում է իր թլուատ լեզուով
Շնորհաւորման իմ խօսքը կակազ.
Նա քո գարունն է շնորհաւորում
Եւ ի՛մ փոխարէն…

Քո ամառային ստուերներն անգամ
Իրենց լռութեամբ ինձ են թարգմանում`
Երգելով հիմնը արեւիդ լոյսի.
Ելեւէջում են իւրայատկօրէն`
Երկարանալով ու կարճանալով
Սեւ բոցերի պէս:
Աշնան կաթուկը այգիներիդ մէջ
Բերք ու բարիքիդ օրհներգումն է իմ`
Համաշխարհային – մատչելի լեզուով…
Եւ նոյնիսկ այնժամ,
Երբ խօսում եմ ես քո մասին քեզ հետ,
Մինչեւ ի՛սկ այնժամ
Այլ բան չեմ անում,
Քան թէ խօսքերով չափում եմ միայն իմ Լռութիւնը՜,
Որպէսզի կրկի՛ն հասկանամ ցաւո՜վ,
Թէ այդ լռութեան համեմատութեամբ
Խօսքերն այդ որքա՜ն փոքր են ու չնչին…

Ա՛խ, իմ հայրենի՜ք…

Դու`
Հազարամեայ իմ ազգանունը՜,
Ես –
Այնպէ՛ս ապրել կարողանայի,
Որ ինձ ազգանուն բաշխելուդ համար
Դու երբեւիցէ անյարմար չզգաս…

Ապրելու կէսն էլ պատուով մեռնելն է:
Ա՛խ, երանի՜ թէ ես այնպէ՛ս մեռնեմ,
Որ դու… ինձ սգաս:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ 

 

 

Նախորդը

«Զօրակցինք Արցախին»

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ
Կնոջական

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Մայիս 8, 2025
Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով
Կնոջական

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Մայիս 1, 2025
Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով.  Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար
Կնոջական

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Ապրիլ 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?