ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ անտրամադիր էք: Չափաւոր մարզանք մը կրնայ ձեր հոգեվիճակը բարելաւել, եւ այսպիսով նոր թափով կրնաք ձեր ծրագիրները իրագործել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր անցեալը պրպտեցէք եւ ինչ որ դրական կը գտնէք, որդեգրեցէք: Անցեալը ներկային կրնայ օգտակար ըլլալ: Լա՛ւ սերտեցէք եւ ըստ այնմ շարժեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարգ մը բարեկամներ ձեզմէ գաղափարներ պիտի ուզեն իրենց աշխատանքները դասաւորելուհամար: Կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ ձեր ջանքերը պիտի պտղաւորուին, եւ ձեր պատասխանատուները մեծ վստահութիւն պիտի ունենան ձեր վրայ եւ ըստ այնմ ձեզ պիտի վարձատրեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է քիչ մը հանգիստ ընէք եւ թեթեւ սննդականոնի հետեւիք, որպէսզի ձեր մէկ նոր ծրագիրը կարենաք լաւ հիմերու վրայ դնել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հետեւեցէք առողջապահական կանոններու: Պզտիկ տուեալներով կարելի է լաւ առողջութիւն եւ բարձր տրամադրութիւն ունենալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեկամներու միջեւ կարելի է կարեւոր բաներու մասին խօսիլ: Եսակեդրոն մի՛ ըլլաք եւ գնահատեցէք ձեզի ներկայացած առիթները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ ինքնավստահ էք եւ գիտէք պարտադրել դուք ձեզ: Ձեր շրջապատը կ՛ընդունի ձեր կարողութիւնը, եւ ձեր խօսքերը միշտ սիրով կը լսուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին պզտիկ նուէրներ պիտի գնէք` ձեր վերադարձին ձեր բարեկամներուն նուիրելու: Այս ալ տարբեր հաճոյք պիտի պատճառէ ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նամակ մը ձեր ապագային վերաբերեալ յոյսեր պիտի ներշնչէ, առիթը օգտագործեցէք եւ անտարբեր մի՛ գտնուիք: Այս առիթը միշտ չի ներկայանար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ առանձնացած էք, սակայն պիտի կարենաք սառոյցը հալեցնել եւ նոր բարեկամներու պիտի հանդիպիք, որոնցմով շատ ուրախ պահեր պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս ամառուան երկար օրերուն միշտ կանուխ կ՛արթննաք եւ ձեր գործերը լաւ տրամադրութեամբ կը կատարէք: Այս ալ առողջութեան մաս կը կազմէ: