ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երկրորդ անձի մը հետ ծրագիր մը մշակելը անկեղծութեան կը կարօտի: Մտածումները եւ առաջարկները առանց յետին նպատակներու պէտք է ըլլան, այլապէս կը ձախողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մեկուսանաք եւ հետաքրքրուեցէք ուրիշներով: Պատահմամբ յառաջացած բարեկամութիւնները յաճախ հետաքրքրական արդիւնքներ կու տան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաջողութեան հասնելու համար աշխատանքի կը կարօտիք: Հետաքրքիր եղէք: Անտարբերութիւնը ո՛չ մէկ տեղ կ՛առաջնորդէ ձեզ: Ցոյց տուէք, որ դուք ալ որոշ կարողութիւններ ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամբողջ տարին լրջօրէն աշխատած էք: Հիմա արձակուրդի շրջան է: Ձեր գործերը մոռցէք եւ հանգիստ ըրէք, որպէսզի յաջորդ տարին արդիւնաբեր ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանիք կազմելը զոհողութիւն կը նշանակէ: Ձեր անձնական հաճոյքները մոռցէք, որպէսզի ձեր կազմելիք ընտանիքը լաւ եւ ամուր հիմերու վրայ դնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անցեալի օրերը շատ փայլուն չեն եղած: Մի՛ յուսահատիք, անակնկալ հանդիպում մը հիմնովին պիտի փոխէ ձեր կեանքը: Լաւատես եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր եկամուտը հաւասարակշռել գիտէք, խոհեմօրէն կը ծախսէք եւ ձեր դրամը անիմաստօրէն չէք վատներ: Մտահոգուելու ոչ մէկ պատճառ ունիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ կը սիրէք ուրիշներով հետաքրքրուիլ եւ մթնոլորտ ստեղծելու կարողութիւնը ունիք: Վիպային արկածախնդրութիւններ պիտի ունենաք, որոնցմէ լաւագոյնը պիտի ընտրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պզտիկ ձախողութիւն մը պիտի ունենաք, որ մտահոգիչ չէ: Ձեր իմաստութեամբ պիտի կարենաք հարցը լուծել: Կեանքի մէջ ելեւէջները անպակաս են:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդի շրջանին համար քանի մը ծրագիրներ ունիք կատարելիք` հաւաքոյթներ, խնճոյքներ եւ հանդիպումներ: Լաւ ժամանցէ մը ետք ուրախութեամբ ձեր գործը պիտի ստանձնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ շատ հմուտ էք եւ միշտ պիտի քաջալերուիք: Եթէ պաշտօնեայ էք, կարեւոր յաւելում մը պիտի ունենաք, իսկ եթէ գործատէր էք, ձեր գործը յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնէք: Ձեր ծրագիրները եւ ձեր տուած խորհուրդները միշտ յաջողութիւն գտած են: Բարձր գնահատանքի պիտի արժանանաք:
