Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Հինէն մնացած ապրանքներ ու մէջէն պիտի գտնէք առարկաներ, որոնք ձեր տան զարդարանքին կը յարմարին: Ուշադրութեամբ պահեցէք զանոնք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տան մէջ վէճ մը պիտի ստեղծուի: Մեղմացուցէք մթնոլորտը ձեր բարեացակամ տրամադրութեամբ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէններ ուտելը շատ լաւ է: Ջանացէք միշտ այս ձեւով շարունակել` առողջ մնալու համար:...





