Իրի Մը Պատմութիւնը. Չարենցի Վերջին Նուէրը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը պահուող ցուցանմուշներուն մէջ առանձին տեղ կը գրաւեն այն բազմաթիւ իրերը, որոնք բանաստեղծը տարբեր առիթներով նուէր ստացած է իր ընկերներէն եւ մտերիմներէն: Այդ նուէրներու շարքին կայ հատ մը, որ իր մէջ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի: Չինական օճառաքարէ արձանիկը, որ կը ներկայացնէ չին ականաւոր փիլիսոփայ Լաօ Ցզին: Այս քանդակին մեծագոյն գաղտնիքը տեսանելի չէ այցելուներուն համար, քանի...





