ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ձեզ խորհուրդ տուող կամ մտիկ ընող մը չունիք, որեւէ սխալ քայլ մի՛ առնէք. սպասեցէք, որ յարմար մէկը ըլլայ, որուն խորհուրդին կրնաք դիմել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաճելի երեկոյ մը պիտի անցընէք: Մոռցէք ձեր բոլոր մտահոգութիւնները. վաղը` ուրիշ օր մըն է, վաղուան մասին մի՛ մտածէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ ընտրութիւն մը կատարած էք, որ ուժ տուած է ձեզի` ուրիշներուն վրայ հեղինակութիւն բանեցնելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կը զգաք, որ շատ ճնշուած էք եւ ջղային` տան թէ գործին մէջ, քիչ մը դադար առէք դուք ձեզ հանգստացնելու համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի պիտի ներկայացնեն առաջարկ մը, որ հետաքրքրական կը թուի ըլլալ: Մի՛ փորձէք նոյնիսկ վիճիլ այս մասին: Գտէք ուրիշ խօսակից մը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի կ՛ըսեն, որ նոյնիսկ դուք ձեր վրայ վստահութիւն չունիք: Ասիկա հերքելու համար աւելի աշխատեցէք եւ պիտի տեսնէք, որ փոխուած էք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յատուկ կեցուածք մը պիտի ունենաք, նոյն ատեն` անտրամադիր, որպէսզի կարենաք պատասխանել պահանջուած հարցին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ նոյնիսկ անտրամադիր էք, պէտք է տնային պարտականութիւնները եւ գնումները կատարէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ որեւէ գերզգայնութիւն ունիք, միշտ ձեր մօտ ունեցէք այն դեղահատը, որ պէտք է առնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ծնող էք եւ պիտի կարենաք առանձին կարգադրել տնային բոլոր հարցերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր դրամական վիճակը խառն է այս օրերուս: Ծախսի մասին մի՛ մտածէք շատ, որովհետեւ կարողութիւն չունիք հիմա:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք կոկած ու զարդարած էք ձեր տունը, կարծես իշխան մը պիտի հիւրընկալէք: Պրաւօ՛, կոկիկ ըլլալը լաւ բան է: